Կիրակի 18, Յունուար 2026-ին, Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:
Ուրբաթ, 16 Յունուարի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի պատրաստութիւն, որով թաղականութեան անդամուհիները եւ հաւատացեալ տիկիններ սկսան պատրաստել մատաղը մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը։
ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴՊՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ
Նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Սրբազան հայրը կատարեց դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, որուն ներկայ էին բազմաթիւ հայորդիներ, հիւրեր եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետը: Դպրութեան աստիճան ստացան Եորղոս Մամաջանեան, Դաւիթ Պետրոսեան եւ Գոռ Սողոմոնեան, իսկ կիսասարկաւագութեան կարգ ստացան Դանիէլ Թադէոսեան եւ Թադէոս Թադէոսեան:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ԱՆԹԻՄՈՅԻՆ
17 Յունուար 2026-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի, թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեանի եւ անդամ Կարէն Մելիքսէթեանի այցելութիւն կատարեցին տեղւոյն Մետրոպոլիտ Անթիմոսին։ Յոյն բարձրաստիճան կրօնաւորը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան հօր եւ շնորհաւորեց Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի տօներուն առիթով: Իր կարգին, Սրբազան հայրը խնդակցութիւն յայտնեց հիւրընկալութեան համար, ապա իր ցաւակցութիւնները յայտնեց քանի մը օր առաջ անակընկալ մրրիկի պատճառած վնասներուն համար: Սրբազան Հայրը Արցախի Գանձասար եկեղեցւոյ պատկերուած գորգ մը նուիրեց Մետրոպոլիտին, յիշեցնելով մեր ժառանգութիւններու պահպանման եւ անոնց մասին բարձրաձայնելու կարեւորութիւնը: Նաեւ, Առաջնորդ սրբազանը Մետրոպոլիտ Անթիմոյին հրաւիրեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Կիրակի օրուան անուանակոչութեան տօնին, որուն ընթացքին պիտի կատարուի աւանդական ջրօրհնէքը:
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՏԱՐՕՆԵԱՆ ՄԻՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
17 Յունուար 2026-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընկերակցութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ քհնյ. Գալօղլեանի եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարդգէս Մարուքեանի, այցելեց Հ.Գ.Խաչի Ալեքսանտրուպոլսոյ «Տարօնեան» միօրեայ վարժարանը:
Դպրոցի սաները աղ եւ հացով դիմաւորեցին Սրբազան հայրը, ապա բանաստեղծութիւններով եւ երգերով ներկայացուցին կոկիկ յատագիր մը:
Սրբազան հայրը գնահատեց տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը իրենց ժրաջան եւ նուիրուած աշխատանքին համար, ի նպաստ հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանման:
Ս. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԼԷՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 18 Յունուար 2026-ին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, նշուեցաւ Ալեքսանտրուպոլսոյ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ տօնը: Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան: Իր քարոզին մէջ Սրբազան հայրը շեշտեց Աստուծմով վերանորոգուելու կարեւորութիւնը եւ հրամայականը: Պատարագին ներկայ էին Ալեքսանտրուպոլսոյ Մետրոպոլիտը, քաղաքապետը, երեսփոխաններ, զինուորական բարձրաստիճան սպաներ եւ այլ հիւրեր:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները, Թրակիոյ շրջանի երգչախումբը խմբավարութեամբ Տ. Դանիէլի եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ նորակազմ պարախումբը:
Աւարտին, թաղային խորհուրդը պատուեց Դանիէլ Թադէոսեանը, երկար տարիներու ծառայութեան եւ նուիրումին համար: Իր փակման խոսքին մէջ Սրբազան հայրը շեշտեց եւ յորդորեց ըլլալ համայնքին ներկան որպէսզի համայնքը ըլլայ գալիք սերունդներուն ապագան:
ԹՂԹԱԿԻՑ










