2026-ի երկրորդ ամիսը յատկանշուեցաւ ժրաջան գործունէութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յունաստանի ընտանիքին համար: Սկաուտներն ու մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ տուին ամսուան իրագործումներու կշռոյթը։
Գոքինիոյ մասնաճիւղի յաջողութիւններ վոլէյ պոլի դաշտերուն վրայ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի K21 (Պատանեկան) խումբը տիրացաւ պրոնզեայ մետալի՝ ΕΣΠΕΔΑ-ի ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրէն նըերս: Յատկանշական եղաւ մեր մարզիկ Քրիս Մուշոյեանի յաջողութիւնը, որ ընտրուեցաւ որպէս մրցաշարքի լաւագոյն «գնդակ հրամցնող» մարզիկը:
Միաժամանակ, մեր բոլոր կազմերը (Այրերու, Կիներու, Ք18, Ք17, Ք20, Ք16) կը շարունակեն իրենց մրցումները, իսկ «փոքրիկներու» խումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ զանազան մրցաշարքերու:
Կողովագնդակի գործունէութիւն
Աթէնքի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի կազմերը կը շարունակեն իրենց մրցումները Այրերու եւ Կրտսեր պատանիներու ախոյեանութեան դասակարգէն մէջ: Նոյնպէս, իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողովագնդակի խումբը:
Ճատրակի մրցաշարք
Մեր ճատրակի խումբը, շաբաթական հաւաքներու կողքին, արդէն կը մասնակցի ախոյեանութեան, լաւագոյնս ներկայացնելով մեր միութիւնը:
Լող եւ թենիս
• Լող: Լուղորդական խումբը բազմաթիւ մետալներ նուաճեց Փանաթինայիքոսին կողմէ կազմակերպուած մրցումներուն OAKA-ի մէջ:
• Թենիս: Մարզումները կը շարունակուին կանոնաւոր կերպով:
Սկաուտական կեանք
Աթէնքի, Գոքինիոյ, Գարէայի եւ Թեսաղոնիկէի մեր սկաուտները շարունակեցին իրենց շաբաթական հաւաքները եւ մեծ խանդավառութեամբ տօնեցին Բարեկենդանը:
• Միջազգային մասնակցութիւն: Մեր խմբապետուհիներէն Մարիա Թութուշեան մասնակցեցաւ Մարսէյի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կողմէ կազմակերպուած վարժողական սեմինարին:
• Յարաբերութիւններ: Սկաուտութեան ընդհանուր խմբապետուհի քոյր Սիլվա Եզեկիէլեան եւ Շրջանային վարչութեան անդամ եղբ. Յակոբ Չաղանեան ներկայ գտնուեցան Յունաստանի Սկաուտական Միութեան (ΣΕΠ) կարկանդակի հատման արարողութեան:
• Մեր աստիճանաւորները այս ամիս եւս շարունակեցին մասնակցիլ Յունական սկաուտական խնամակալութեան դպրոց-սեմինարներուն։
Կը շարունակենք միշտ եռանդուն եւ ստեղծագործ:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ










