­Շա­բաթ, 6 եւ ­Կի­րա­կի, 7 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մա­կան ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վը, մաս­նակ­ցու­թեամբ 40 հո­գե­ւոր եւ աշ­խար­հա­կան պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու։ ­Ժո­ղո­վը իր աշ­խա­տանք­նե­րու ծի­րէն ներս, քննեց շրջա­նա­ւարտ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, ա­պա ո­րո­շում­ներ մշա­կեց յա­ջորդ եր­կա­մեա­կի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ա­ւար­տին ընտ­րո­ւե­ցան նոր Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վը եր­կու տա­րո­ւան հա­մար։