­Կի­րա­կի, 15 ­Մարտ 2026-­ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1։00-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Մեծ ­Պա­հոց ­Մի­ջին­քի ճաշ­կե­րոյ­թը, ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։
­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ պրն. ­Յով­հան­նէս ­Ման­կո­յեան, ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դամ­ներ, շրջա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի վար­չա­կան ան­դամ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան օրհ­նեց սե­ղա­նը։ Ա­պա ճաշ­կե­րոյ­թի ըն­թաց­քին, ան անդ­րա­դար­ձաւ ­Մի­ջին­քի մա­սին։ ­Մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րա­պետ­նե­րուն կող­մէ ­Մի­ջին­քը կը նշա­նա­կէ ­Մեծ ­Պահ­քի քա­ռաս­նօրեայ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի կէ­սը։ Այդ օ­րը, ինք­նին հարց կու տայ բո­լո­րիս թէ ո՞ւր կը գտնո­ւինք կամ ի՞նչ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւինք մեր քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի, մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­նե­րու եւ երկ­րա­ւոր ա­ռա­քե­լու­թեան ծի­րէն ներս։ ­Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, կը հրա­ւի­րէ կոր­սո­ւած ու մո­լո­րո­ւած քրիս­տո­նեա­նե­րը միա­նա­լու հո­գե­ւոր ու­ղե­ւո­րու­թեան։
Ա­պա քա­հա­նայ հայ­րը մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րը, ո­րոնք ե­կե­ղե­ցին նկա­տած են ի­րենց երկ­րորդ տու­նը եւ ա­մե­նայն բծախնդ­րու­թեամբ մաս­նա­կից կը դառ­նան ա­նոր ա­ռա­քե­լու­թեան։
­Ճաշ­կե­րոյ­թի ժա­մա­նակ, ներ­կա­նե­րը եւս ծա­փա­հա­րու­թեամբ գնա­հա­տե­ցին ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րը եւ մաղ­թե­ցին ա­նոնց յա­ջո­ղու­թիւն ի­րենց ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։
­Հարկ է նշել թէ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, յա­նուն Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց տիկ. ­Կա­րի­նէ Մ­խի­թա­րեա­նին եւ տիկ. Ան­նա Ա­րա­պեա­նին, ո­րոնք ճաշ­կե­րոյ­թին նո­ւի­րած էին ու­տես­տե­ղէ­նի տե­սակ­ներ։

ԹՂԹԱԿԻՑ