Ե­րեք­շաբ­թի, 22 ­Յու­լիս 2025-ին, «Ա­զատ Օր»-ի խմբագ­րա­տան մէջ ա­ռի­թը ու­նե­ցանք հիւ­րըն­կա­լե­լու ­Լի­բա­նա­նէն ընկ. Ե­ղիա ­Թաշ­ճեան, որ ­Յու­նաս­տան կը գտնո­ւէր գի­տա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վի մը ա­ռի­թով։
­Հայ մա­մու­լին մէջ իր վեր­լու­ծա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան ո­լոր­տէն ներս ծա­նօթ ա­նուն մըն է ընկ. ­Թաշ­ճեան, որ ­Յու­նաս­տան գտնո­ւե­ցաւ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար «Է­լիա­մեբ» ռազ­մա­վա­րա­կան-վեր­լու­ծա­կան կեդ­րո­նի եւ ամերիկեան գոլեճի համակազմակերպած գի­տա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ներ­կա­յաց­նե­լով ­Լի­բա­նա­նը։ ­Հա­մախմ­բու­մը նիւթ ու­նէր «­Ղե­կա­վա­րու­թիւն սահ­ման­նե­րէն ան­դին. պատ­րաս­տե­լով ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­պա­գայ ղե­կա­վար­նե­րը», ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան մօտ 30 մաս­նա­գէտ­ներ՝ 14-19 ­Յու­լի­սին, Ո­ղիմ­պիա­յի հնա­մեայ կեդ­րո­նի Ո­ղոմ­պիա­կան մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նին մէջ։ ­Գի­տա­ժո­ղո­վը կը հո­վա­նա­ւո­րէր Եւ­րո­պա­կան միու­թիւ­նը եւ իր ռազ­մա­վա­րա­կան նիւ­թե­րու բազ­մա­զա­նու­թեամբ յա­տուկ հե­տաքրքրու­թիւն եւ նշա­նա­կու­թիւն ար­ձա­նագ­րեց։
Ըն­կեր Ե­ղիա ­Թաշ­ճեան հա­կիրճ անդ­րա­դար­ձաւ գի­տա­ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին, յատ­կա­պէս նշե­լով բա­նակ­ցու­թիւն վա­րե­լու ձե­ւա­չա­փե­րը եւ կեն­սո­լոր­տա­յին խնդիր­նե­րը։ ­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, ան նշեց ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ա­րե­ւե­լեան տա­րա­ծաշր­ջա­նի տագ­նապ­ներն ու մար­տահրա­ւէր­նե­րը, ­Յու­նաս­տան-­Թուր­քիա ընդ­հա­նուր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ դի­մագ­րա­ւած խնդիր­նե­րը, ­Սու­րիոյ եւ ընդ­հան­րա­պէս ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տագ­նա­պը, ու­ժա­նիւ­թա­յին խնդիր­նե­րը եւ եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ շարք մը հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մը։ Իւ­րա­քան­չիւր մաս­նակ­ցող զե­կու­ցա­կան ներ­կա­յա­ցում մը կա­տա­րեց, իսկ աշ­խա­տան­քա­յին խում­բե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու անձ­նա­կան եւ հա­ւա­քա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու եւ մի­ջազ­գա­յին խնդիր­նե­րու մա­սին տե­սա­կէտ ար­տա­յայ­տե­լու առն­չու­թեամբ։
­Մեր հե­տաքրք­րա­շարժ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին, ըն­կե­րը կա­րե­ւո­րեց գի­տա­ժո­ղո­վի մթնո­լոր­տը, նշե­լով մաս­նա­կից­նե­րու գի­տա­կան մա­կար­դա­կը եւ ա­ռա­ջար­կո­ւած տե­սա­կէտ­նե­րու ամ­բող­ջու­թիւ­նը։ Ան նաեւ յոյս յայտ­նեց, թէ ա­պա­գա­յին տե­ղա­կան հայ գի­տաշ­խա­տող­ներ եւ հե­տա­զօ­տող­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու նման գի­տա­կան հա­ւաք­նե­րու։
­Մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը եւս շօ­շա­փեց ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ներ­կայ հրա­տապ խնդիր­նե­րուն եւ հա­յա­գա­ղութ­նե­րու վի­ճա­կը, ո­րոնք կա­պո­ւած են աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն հետ եւ խոր ազ­դե­ցու­թիւն կ­՚ու­նե­նան հայ կեան­քին ու հա­մայնք­նե­րուն վրայ։
Անդ­րա­դարձ ե­ղաւ հայ­րե­նի ներ­կայ քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կա­ցու­թեան մա­սին, նշե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վտանգ­նե­րը, թուրք-ա­զե­րիա­կան ճնշում­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին ազ­դե­ցու­թիւ­նը տա­րա­ծաշրջա­նէն ներս մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ՝ ի­րենց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն վա­րե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ընկ. Ե­ղիա ­Թաշ­ճեան «Ի­սամ ­Ֆա­րես» հիմ­նար­կի շրջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րու վեր­լու­ծա­բան է, միա­ժա­մա­նակ քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւն կը դա­սա­ւան­դէ ­Պէյ­րու­թի ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։ Ու­սա­նած է ­Պէյ­րու­թի «­Հայ­կա­զեան» հա­մալ­սա­րա­նը, իսկ ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նէն ստա­ցած է ­Մա­գիստ­րո­սի վկա­յա­կան, նաեւ ու­սա­նած է ­Շո­ւե­տա­կան ­Պաշտ­պա­նու­թեան ուս­մանց հա­մալ­սա­րա­նէն ներս։
Իր հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը կ­՚ընդգր­կեն աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան եւ ու­ժա­նիւ­թա­յին հար­ցեր, վեր­լու­ծե­լով յատ­կա­պէս ­Կով­կա­սի ու մի­ջի­նա­րե­ւե­լեան խնդիր­նե­րը, նաեւ մեծ ու­ժե­րու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս։ Ե­ղիա ­Թաշ­ճեան միա­ժա­մա­նակ հայ մա­մու­լի աշ­խա­տա­կից է ու հան­դէս ե­կած է վեր­լու­ծա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով։