­Կի­րա­կի, 1 ­Փետ­րո­ւար 2026-ի օ­րը ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թեան ա­ռիթ մը ե­ղաւ յու­նա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­մա­նո­րեան ճաշ­կե­րոյ­թին ա­ռի­թով։ Ե­լոյ­թը կը վա­յե­լէր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
Ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ հա­ւա­քոյ­թը յատ­կան­շե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, Հ.Հ. դես­պան պ. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, հո­գե­ւոր դա­սը, Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, նաեւ նախ­կին ա­տե­նա­պե­տեր ու ան­դամ­ներ, Ազ­գա­յին ­Կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ պ. Ար­մէն ­Տէ­րեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, նաեւ շրջան­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­ներն ու ­Տիկ­նանց մար­մին­նե­րը։ ­Յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու բազ­մա­մարդ ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րոնք խուռ­նե­րամ քա­ջա­լե­րե­ցին ճաշ­կե­րոյ­թը եւ սա­տա­րե­ցին ե­լոյ­թի յա­ջո­ղու­թեան։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վարն էր պ. ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, որ հա­կիրճ բա­ցատ­րեց տա­րե­մու­տի ձեռ­նար­կին նպա­տա­կը, ա­պա Ա­մա­նո­րի ա­ռի­թով մաղ­թանք­ներ յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն։
­Ճաշ­կե­րոյ­թը հա­րուստ էր իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րի բազ­մա­զա­նու­թեամբ։ ­Բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ծա­նօթ ա­րո­ւես­տա­գէտ ­Սա­րօ ­Տէ­միր­ճեան, որ հայ­կա­կան ճոխ եր­գա­ցան­կով խան­դա­վա­ռեց ներ­կա­նե­րը։ ­Հայ­կա­կան ա­շու­ղա­կան, ժո­ղովր­դա­յին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րը մէջ ընդ մէջ լսո­ւե­ցան եր­գի­չին ու նո­ւա­գող խում­բին կող­մէ, ո­գե­ւո­րու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րին։
­Շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ժո­ղո­վուր­դը իր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը յայտ­նեց սի­րո­ւած ա­րո­ւես­տա­գէ­տին ու գնա­հա­տեց ա­նոր տա­ղան­դը։
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Նա­զար Ա­ւա­գեան իր ու­ղեր­ձին մէջ նշեց նո­րա­կազմ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ցարդ կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րը. յա­ջոր­դա­բար անդ­րա­դար­ձաւ ար­դէն իսկ ի­րա­գործ­ման ճամ­բուն մէջ մտած ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին, ո­րոնց հա­մար շեշ­տեց նաեւ յու­նա­հայ հա­մայն­քի ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, նե­ցուկ կանգ­նե­լով ազ­գա­յին եւ կրթա­կան կեան­քի ծաղ­կաց­ման։
Ա­պա, հրա­ւի­րեց Ազ­գա­յին վար­չու­թեան նախ­կին ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նը, ստա­նա­լու հա­մար պա­տո­ւոյ յու­շա­տախ­տակ, առ ի գնա­հա­տանք իր բազ­մա­մեայ եւ ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց ո­լոր­տէն ներս, որ­պէս ա­տե­նա­պետ եւ ան­դամ։
Սր­բա­զան հօր ձե­ռամբ կա­տա­րո­ւե­ցաւ յու­շա­նո­ւէ­րի տու­չու­թիւ­նը, որ­մէ ետք յու­զո­ւած՝ պ. ­Յո­վա­կի­մեան իր ան­հուն շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ընդգ­ծե­լով, թէ հա­մեստ ծա­ռա­յու­թեան գնա­հա­տանքն ու յու­շա­նո­ւէ­րը կը բաժ­նեկ­ցի Ազ­գա­յին վար­չու­թեան մէջ գոր­ծած ան­ձե­րուն հետ, ո­րոնք՝ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կար­գին, ծա­ռա­յած են յու­նա­հայ հա­մայն­քի բա­րօ­րու­թեան հա­մար։
­Հուսկ, խօսք ա­ռաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ ­Նոր ­Տա­րո­ւան եւ Ս. Ծ­նուն­դի բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լով, ող­ջու­նեց Հ.Հ. դես­պա­նի, հիւ­րե­րու եւ յու­նա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը ե­լոյ­թին։ ­Մաս­նա­ւո­րե­լով իր խօս­քը, ան ար­ժե­ւո­րեց ազ­գա­յին ու թե­մա­կան կեան­քի ի­րա­գոր­ծում­նե­րը, շեշ­տը դնե­լով հա­ւա­քա­կան մաս­նակ­ցու­թեան, ժո­ղո­վուր­դի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րաւ­ման, հո­գե­ւոր կեան­քի ծաղ­կաց­ման, կրթա­կան նո­ւա­ճում­նե­րուն եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան ու­ժե­ղաց­ման վրայ։
Սր­բա­զան հայ­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին կող­մէ 2026-ը հռչա­կե­լու «­Հո­գե­ւոր կեան­քի վե­րա­նո­րոգ­ման» տա­րիին, մատ­նա­շեց նա­՛եւ յու­նա­հայ հա­մայն­քէն ներս հո­գե­ւոր կեան­քը վե­րար­ժե­ւո­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նը, ու­րո­ւագ­ծե­լով եւս ա­նոր շուրջ կազ­մո­ւող ծրա­գիր­ներն ու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։
Ա­պա, Սր­բա­զան հայ­րը օրհ­նեց ա­մա­նո­րեան կար­կան­դա­կը, իսկ օ­րո­ւան բախ­տա­ւոր հայ­րե­նա­կի­ցը ստա­ցաւ ըմ­պե­լի­նե­րով զար­դա­րուն սա­կար մը, սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րո­ւած պ. ­Տա­նիէլ Ա­բի­կեա­նին կող­մէ։
­Ճաշ­կե­րոյ­թը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ ուշ ե­րե­կոյ, կեդ­րո­նի նո­ւա­գա­խում­բի ճոխ եր­գա­ցան­կով եւ ժո­ղո­վուր­դի խան­դա­վառ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ Ո­գե­ւո­րու­թեան մթնո­լոր­տի ըն­թաց­քին, տե­ղի ու­նե­ցան ինք­նա­բուխ նուի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցան ներ­կա­նե­րու բարձր գնա­հա­տան­քին։
Ակն­յայտ էր ժո­ղո­վուր­դի գո­հու­նա­կու­թիւ­նը, որ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ քա­ջա­լե­րան­քի սրտա­բուխ խօս­քե­րով ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։