­Մեր պա­տա­նի բա­նա­կող­նե­րուն, վա­րիչ­նե­րուն եւ ծնող­նե­րուն հաս­տա­տու­մով, այս տա­րի եւս Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան 45-րդ ­բա­նա­կու­մը հան­դի­սա­ցաւ այն մի­ջա­վայ­րը, ուր տաս­նօ­րեայ տե­ւո­ղու­թեամբ մեր պա­տա­նի սե­րուն­դի հա­յոր­դի­նե­րը ապ­րե­ցան ա­ռանձ­նա­յա­տուկ պա­հեր՝ մշա­կե­լով եւ ա­ւե­լի ամ­րապն­դե­լով բա­րե­կա­մու­թիւն­ներ ու ըն­կե­րա­յին կա­պեր։ ­Բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րը միաս­նա­բար վա­յե­լե­ցին հա­յա­բոյր մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, ուր, բա­ցի հա­ճե­լի ըն­կե­րա­յին ժա­ման­ցէն, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մշա­կոյ­թը, գի­րը եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան պա­հե­րը ապ­րում­նե­րու շա­րան մը դար­ձան պա­տա­նի­նե­րու ա­ռօ­րեայ կեան­քին ըն­թաց­քին։ Այս մթնո­լոր­տին վրայ պէտք է ա­ւելց­նել նաեւ ­Քե­րա­թէա­յի բա­նա­կա­վայ­րի գե­ղա­տե­սիլ ու յար­մա­րա­ւէտ մի­ջա­վայ­րը, որ ներշն­չեց պա­տա­նի­ներն ու վա­րիչ­նե­րը՝ անգ­նա­հա­տե­լի հա­մայ­նա­կան կեան­քին տա­լով յա­տուկ ե­րան­գա­ւո­րում մը։
Այս տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով եւ զգա­ցում­նե­րով բա­նա­կա­վայ­րը իր դռնե­րը բա­ցաւ Ուր­բաթ, 4 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ի ե­րե­կո­յեան՝ ըն­դու­նե­լու հա­մար պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րեր, ծնող­ներ եւ հայ­րե­նա­կից­ներ, ու միաս­նա­բար վա­յե­լե­լու հա­ճե­լի պա­հեր։
­Բա­նա­կա­վայ­րի հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղան թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Նա­զար Ա­ւա­գեան եւ ան­դամ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան եւ ան­դամ­նե­րը, ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Յու­լիա­նա ­Մա­նու­կեան, Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վար­չա­կան­ներ։
Ո­րո­շեալ ժա­մուն կա­տա­րո­ւե­ցաւ դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ա­պա ներ­կա­նե­րը ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան բա­նա­կա­վայ­րի բա­ցօ­դեայ հան­դի­սա­վայ­րը, ուր ծայր ա­ռաւ պա­տա­նի­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած յայ­տա­գի­րը։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մարմ­նոյ պա­տաս­խա­նա­տու ընկ. ­Ժան­նա ­Յով­սէ­փեան, որ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց 45 եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին բա­նա­կում­նե­րու ան­խա­փան կազ­մա­կերպ­ման՝ որ­պէս հայ ինք­նու­թեան ամ­րապնդ­ման կա­րե­ւոր ազ­դակ։ ­Շա­րու­նա­կե­լով իր խօս­քը՝ ան յայտ­նեց.
«­Ժա­մա­նակ­նե­րը կը փո­խո­ւին, եւ մենք ալ պէտք է յար­մա­րո­ւինք՝ հասկ­նա­լով նոր սե­րուն­դին մտա­ծե­լա­կեր­պը, հե­տաքրք­րու­թիւն­ներն ու կա­րիք­նե­րը։ ­Բայց այդ փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն մէջ պէտք չէ կորսնց­նենք այն հիմ­նա­կան ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք այս գոր­ծին ի­մաստ տո­ւած են այս­քան տա­րի՝ մեր լե­զուն, մեր մշա­կոյ­թը, մեր պատ­մու­թիւ­նը եւ մեր միու­թե­նա­կան ո­գին։ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան աշ­խա­տան­քը եր­բեք միայն ժո­ղով­ներ կամ ար­շաւ­ներ ը­նե­լը չէ ե­ղած։ Ա­սոնք մի­ջոց­ներ են՝ հաս­նե­լու հա­մար ա­ւե­լի մեծ նպա­տա­կի մը։ ­Կը փոր­ձենք պա­տա­նի­նե­րուն մէջ արթնց­նել հայ­կա­կան ո­գին, ստեղ­ծել մի­ջա­վայր մը, ուր ա­նոնք կը խօ­սին հա­յե­րէն, կ­՚եր­գեն մեր եր­գե­րը, ի­րա­րու հետ կը կա­պո­ւին եւ կը հասկ­նան, որ մաս կը կազ­մեն հա­մայն­քի մը եւ պատ­մու­թեան մը, որ ի­րենց­մէ ա­ռաջ սկսած է»։
­Խօ­սո­ղը յա­տուկ շեշ­տա­ւո­րում կա­տա­րեց այն շա­րու­նա­կա­կան շղթա­յին մա­սին, ուր այ­սօ­րո­ւան վա­րիչ­նե­րը ե­րէ­կո­ւան մաս­նակ­ցող պա­տա­նի­ներ ե­ղած են, իսկ վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, թէ ներ­կայ բա­նա­կող­նե­րէն յա­ռաջ պի­տի գան ա­պա­գա­յի վա­րիչ­նե­րը, ո­րոնք պի­տի կանգ­նին նոյն պա­տաս­խա­նա­տու դիր­քե­րուն վրայ՝ սա­տա­րե­լով ա­պա­գայ պա­տա­նի­նե­րու ըն­կե­րա­յին ու մտա­ւոր կազ­մա­ւոր­ման։
­Յա­ջոր­դա­բար ըն­թացք ա­ռաւ պա­տա­նի­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած յայ­տա­գի­րը, որ եր­գի, պա­րի ու խօս­քի տպա­ւո­րիչ ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն էր։ Ի­րար յա­ջոր­դող հա­մար­նե­րով մեր պա­տա­նի­նե­րու երգ­չա­խում­բը հրամ­ցուց հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին եր­գեր, խումբ մը պա­տա­նի­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցին կարճ թա­տե­րա­կան ամ­բող­ջու­թիւն մը՝ առ­նո­ւած բա­նա­կու­մի կեան­քէն, ուր զա­ւեշ­տա­խառն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով տո­ւին նաեւ բա­նա­կու­մի ըն­կե­րա­յին ու դաս­տիա­րակ­չա­կան ո­գին։ ­Հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին պա­րե­րու տե­սա­րան­նե­րը խան­դա­վա­ռու­թեան ա­լիք­ներ ստեղ­ծե­ցին ներ­կա­նե­րուն մօտ, ո­րոնք շա­րու­նա­կա­կան ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին մեր տղոց աշ­խա­տան­քը, ա­նոնց սա­հուն հա­յե­րէ­նով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու ո­ճը, հայ եր­գին ու մշա­կոյ­թին հան­դէպ սէ­րը եւ պա­տա­նի­նե­րուն մէջ ծիլ նե­տող ազ­գա­յին ո­գիի զգա­ցում­նե­րը։
­Մեծ տա­րի­քի պա­տա­նի­նե­րու խում­բին ա­նու­նով հան­դէս ե­կան ընկ. ­Վա­նա ­Պար­ղու­տեան եւ ընկ. ­Փոլ Ա­ւա­գեան, ո­րոնք հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զո­ւով յայտ­նե­ցին ի­րենց զգա­ցում­նե­րը ­Միու­թեան մէջ վա­յե­լած տա­րի­նե­րուն հա­մար։ Ա­նոնք յու­զու­մով վեր­յի­շե­ցին յա­ջոր­դա­կան բա­նա­կում­նե­րը, ա­պա հաս­տա­տա­կամ այ­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց եւ տա­րե­կից­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կու­թիւ­նը Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան շար­քե­րէն ներս։
Ս­տեղ­ծո­ւած մթնո­լոր­տի հա­րա­զատ ար­տա­յայ­տի­չը ե­ղաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, որ դրո­ւա­տեց կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը եւ գնա­հա­տեց բա­նա­կու­մի հա­մընդ­հա­նուր կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը։
«45 տա­րի­ներ շա­րու­նակ բա­նա­կու­մի ո­գին եւ էու­թիւ­նը կը մնան ան­փո­փոխ։ ­Կը պատ­կե­րաց­նեմ այս բա­նա­կում­նե­րը որ­պէս փոքր պատ­կե­րը յու­նա­հայ գա­ղու­թին՝ պահ­պա­նե­լով հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը նոյ­նիսկ բա­նա­կու­մին մէջ։ ­Յոյ­սով եմ, որ մեր գա­ղու­թի ըն­տա­նիք­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն ո­գե­ւո­րո­ւիլ եւ ի­րենց զա­ւակ­նե­րը ղրկել այս կա­րե­ւոր բա­նա­կու­մին։ ­Կա­րե­ւոր կը նկա­տենք զայն ոչ որ­պէս սոսկ միու­թե­նա­կան ձեռ­նարկ մը, այլ ո­րով­հե­տեւ ա­նոր մէջ կը տես­նենք մեր ա­պա­գան։ ­Կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ այս բա­նա­կու­մի վա­րի­չը վա­ղը պի­տի դառ­նայ գա­ղու­թա­յին մեր կեան­քի պա­տաս­խա­նա­տուն։ Կ­՚ող­ջու­նեմ պա­տա­նի­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը այս բա­նա­կու­մին եւ ա­նոնց մէջ ստեղ­ծո­ւող տե­սիլ­քը՝ ա­պա­գայ մեր կեան­քին հա­մար», պատ­գա­մեց Սր­բա­զան հայ­րը իր ո­գեշն­չող խօս­քին մէջ։
­Բա­նա­կու­մի ե­րե­կո­յի յայ­տա­գի­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ խրախ­ճան­քով մը, ուր խան­դա­վառ ո­գին տի­րա­պե­տեց սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ ­Մեր պա­տա­նի­նե­րը յա­ջոր­դա­բար հիւ­րա­սի­րե­ցին սե­ղան­նե­րը եւ հայ­կա­կան պա­րե­րով ստեղ­ծե­ցին ջերմ ու հա­յա­բոյր մթնո­լորտ մը՝ ար­ժա­նա­նա­լով բո­լոր ներ­կա­նե­րու ան­վե­րա­պահ քա­ջա­լե­րան­քին ու գնա­հա­տան­քին։
­Ժո­ղո­վուր­դին եւ յու­նա­հայ կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ կա­տա­րո­ւած սրտա­բուխ նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը քա­ջա­լե­րան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն մը ե­ղան՝ սա­տար հան­դի­սա­նա­լով կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քին եւ ա­նոր յա­ջո­ղու­թեան։ ­Նաեւ հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ ե­ղած նո­ւէր­նե­րով ու գո­հա­րե­ղէն­նե­րով ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։
Ե­րե­կոն իր ա­ւար­տին հա­սաւ ուշ գի­շեր։ Դ­ժո­ւար էր բա­նա­կու­մէն ներ­կա­նե­րուն մեկ­նու­մը, ո­րով­հե­տեւ ստեղ­ծո­ւած մթնո­լոր­տը եւ խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը շա­րու­նա­կե­ցին հա­մա­կել ժո­ղո­վուր­դը։
­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ­Վա­րիչ մար­մի­նը եւ ա­նոր ե­տին՝ ար­թուն պա­հա­կի պէս կանգ­նած պա­տաս­խա­նա­տու մեր մար­մին­նե­րը, ո­րոնք 45 եր­կար տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ­Պա­տա­նե­կա­նի բա­նա­կու­մի ի­րա­գործ­ման մէջ կը տես­նեն գա­ղու­թի եւ հա­յու­թեան նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը հա­յօ­րէն կազ­մա­ւո­րե­լու տե­սիլքն ու ան­փո­խա­րի­նե­լի նպա­տա­կը։