Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 110-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս Հ.Կ.­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան Բ. փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ, ­Կի­րա­կի, 4 Մայիս 2025-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս։
­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ներ­կայ ե­ղան Գոքինիոյ ա­կում­բը, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Կ.­­Խա­չի կո­չին:
­­Կա­րե­լի ե­ղաւ 30 հո­գիէ ա­րիւն ստա­նալ, հա­կա­ռակ որ ներ­կա­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լի բարձր էր, սա­կայն տարբեր պատ­ճառ­նե­րով՝ մաս մը մեր­ժո­ւե­ցաւ: Ս­տա­ցո­ւած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի՝ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ա­նու­նին պահք դրո­ւած ա­րեան պա­հես­տա­նո­ցին։
­Ա­րեան նո­ւի­րա­բե­րու­մը թան­կա­գին գոր­ծըն­թաց մըն է, որ Հ.Կ. Խա­չը, գի­տակ­ցե­լով ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, իր մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ծրա­գի­րին մէջ կը նե­րառ­նէ ա­մէն տա­րի:
Այս նախաձեռնութեամբ կարելի կ’ըլլայ օգ­նու­թեան հաս­նիլ արեան կարիք ունեցող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: