Եր­կու­շաբ­թի, 22 ­Սեպ­տեմ­բեր 2025-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլսոյ «Սուրբ ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թիւն, ո­րուն ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Մաղ­թանք եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շի օրհ­նու­թիւն՝ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 34-րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով։  Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան հայ­րե­նի­քէն ժա­մա­նած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Զի­նո­ւած ու­ժե­րու հինգ ե­րի­տա­սարդ­ներ, ներ­կայ էին շրջա­նի յու­նա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ Ա­լեք­սանտրու­պոլ­սոյ հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը։ ­ Ժա­մեր­գու­թեան ա­ւար­տին, հա­մայն­քի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում եւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։ Ա­պա, կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ընթ­րիք «­Խո­վո­լի» ճա­շա­րա­նին մէջ, ջերմ մթնո­լոր­տի ստեղ­ծու­մով։