­Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ռազ­մա­կան ար­դի­նա­բե­րու­թեան եւ բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ցու­ցադ­րու­թեան (DEFEA2025) ա­ռի­թով, Ա­թէնք այ­ցե­լեց ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սու­րէն ­Պա­պի­կեան։ Իր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով, հայ նա­խա­րա­րը Ե­րեք­շաբ­թի, 6 ­Մա­յի­սին հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի իր պաշ­տօ­նա­կից ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի հետ: ­Հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցած է նաեւ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան:
Եր­կու պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննար­կո­ւե­ցան պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան գոր­ծակ­ցու­թեան հետ առնչուող հար­ցեր: ­Կող­մե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան ներ­կայ բարձր մա­կար­դա­կի առն­չու­թեամբ` ընդգ­ծե­լով ռազ­մա­կան կրթու­թեան, տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով փոր­ձա­ռու­թեան փո­խա­նակ­ման եւ այլ ո­լորտ­նե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի զար­գաց­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը:
Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ու մի­ջազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան հետ առն­չո­ւող հար­ցե­րուն:
Ն­շենք, որ Ա­թէն­քի ցու­ցա­հան­դէ­սին կը մաս­նակ­ցին հայ­կա­կան ռազ­մաար­դիւ­նա­բե­րա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ ո­րոնք կը ցու­ցադ­րեն բարձր ար­հես­տա­գի­տու­թեան սար­քեր եւ ար­ժա­նա­ցած են այ­ցե­լու­նե­րու ու­շադ­րու­թեան: