Հայաստանի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Երեքշաբթի, 22 Յուլիս 2025-ին, հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի իր պաշտօնակից Լինա Մենտոնիի հետ։ Աթէնքի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք ստորագրուեցան մշակոյթի ոլորտի յուշագրեր։
Երկու կողմերը ընդգծեցին Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները, որպէս առիթ գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու համար՝ յատկապէս մշակոյթի ոլորտէն ներս:
Քննարկուած են մշակոյթի ծիրին մէջ փոխանակման ծրագիրներու, միջթանգարանային գործակցութեան, երկու երկիրներէն ներս մշակոյթի օրերու կազմակերպման, միացեալ ցուցահանդէսներու եւ ֆիլմի արտադրութեան նախագիծերու, մշակութային ժառանգութեան պահպանման հետ վերաբերեալ հարցեր:
Երկկողմանի խօսակցութիւններուն յաջորդեց մշակոյթի մասին գործակցութեան հետ առնչուող փաստաթուղթերու ստորագրումը: Մասնաւորապէս` ստորագրուած են մշակութային արժէքներու ապօրինի շրջանառութեան կանխարգիլման մասին համաձայնագիր, Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի եւ Թեսաղոնիկէի համերգասրահին միջեւ փոխգործակցութեան յուշագիր, Հայաստանի շարժանկարի հիմնադրամի եւ Յունաստանի համապատասխան կեդրոնի միջեւ գործակցութեան յուշագիր:
Յաջորդեց պաշտօնական ընթրիք, ապա երկու նախարարները միասնաբար ներկայ եղան Հայաստանի «Տաղարան» համոյթի տպաւորիչ համերգին, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի երաժշտանոցի համերգասրահին մէջ, ներկայութեամբ Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան ատենապետին, յոյն պաշտօնատարներու եւ երաժշտասէր հանրութեան։ Գեղարուեստական ղեկավար եւ մաէսթրօ Սեդրակ Երկանեանի ճպոտին տակ, համոյթը յաջողապէս ներկայացուց հայկական աւանդական ու դասական երգեր, հմայելով հանդիսատեսները։
Աթէնք այցելութեան առիթով, նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ իր շքախումբը այցելեցին Պենաքի թանգարանը, ուր ծանօթացան հայկական մշակոյթի նմուշներու բաժինը։ Նաեւ, անոնք այցելեցին Աքրոփոլիսի եւ Աթէնքի հնագիտական թանգարանը, «Քափոտիսթրիաքօ» համալսարանը եւ այլ կարեւոր մշակութային կեդրոններ։
Հանդիպում Յունաստանի կրթութեան
նախարարին հետ
Իր պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Ժաննա Անդրէասեան նաեւ տեսակցութիւն ունեցաւ Յունաստանի կրթութեան նախարար Սոֆիա Զախարաքիի հետ։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման գործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Կարեւորուած է նաեւ գործընկերային կապերու զարգացումը Եւրոպական Միութեան «Էրազմուս+» ծրագիրի, մասնաւորապէս՝ ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման ծրագիրներու եւ միացեալ այլ նախաձեռնութիւններու իրականացումով։ Հանդիպումին խօսակցութեան նիւթ եղած են բարձրագոյն մասնագիտական ուսման եւ փորձառութեան փոխանակման ծրագիրներ։









