Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հրա­ւէ­րին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ պրն. ­Լե­ւոն ­Չէր­չեան եւ ­Գար­լօ ­Գու­յում­ճեան Ե­րեք­շաբ­թի, 28 ­Հոկ­տեմ­բեր 2025­ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան «Օ­սիա Ք­սէ­նի» հրա­պա­րա­կը, ուր յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, օ­րո­ւան պատ­գա­մի փո­խան­ցու­մը, ա­պա դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մը։
­Յա­նուն Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ, պրն. ­Գար­լօ ­Գու­յում­ճեան զե­տե­ղեց դափ­նեպ­սա­կը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան եւ սկաու­տա­կան տո­ղանց­քը, ո­րուն մաս կազ­մեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի սկաու­տա­կան խում­բը։
Ա­ւար­տին, հո­գե­ւոր հո­վիւն ու ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դա­մները մեկ­նե­ցան «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ սկաուտ­նե­րու դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Տ. ­Պա­րէտ քա­հա­նայ հայ­րը, խօսք առ­նե­լով շնոր­հա­ւո­րեց ազ­գա­յին տօ­նին առ­թիւ սկաու­տա­կան կազ­մի պա­տո­ւա­բեր տո­ղանց­քը եւ ա­նոնց մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն ու յա­ջո­ղու­թիւն։

Թղ­թա­կից