Անցան մեր կեանքի օրերը ջահել…
ՄԻՆՍԱՐ
— Սա կռնակդ շիտակցո՛ւր, վերջաւորութեան կուզ պիտի մնաս: Հանդիմանողը տղաս է:
Կը ջանամ կրցածիս չափ կռնակս շիտակցնել:
Գիտեմ, որ աւելի վերջ ինքնաբերաբար դա՛րձեալ կուզ պիտի ըլլայ:
— Հայրիկ, քիչ մը արագ քալէ, հանրակառքը պիտի կորսնցնենք:
Այս անգամ հանդիմանողը աղջիկս է:
Կը ջանամ ոտքերուս ուժ տալ, որ մէկ աւելի արագ շարժին:
Ապարդիւն… անպիտաններուն ինադը բռնած է եւ իրենց գիտցածէն վազ չեն անցնիր:
Սակայն… մի՞թէ իրենց ըրածը ո՛չ թէ յամառութիւն, այլ՝ բոլո՛րովին տարբե՞ր բան մըն է…:
Մի՞թէ այս կռնակիս քիչ մը կորութիւնը, ինչպէս նաեւ ոտքերուս դանդաղութիւնը, հետեւանք են… իրենց վրայ կռող քանի մը տասնեակ տարիներուն ծանրութեան…:
Հիմա այս մէկը ինչպէ՞ս բացատրեմ զաւակներուս…:
Կը տեսնէք իրենք տակաւին այնքա՜ն երիտասարդ են…:
Կը նախընտրեմ չպատասխանել ու կը լռեմ…:
* * *
Չեմ գիտեր ո՞վ է այդ «գիտունը» որ ըսեր է, թէ…
«Մարդու մը տարիքը կարեւորութիւն չունի»…:
«Տարիները պա՜րզ թուանշաններ են»…:
«Կարեւորը երիտասարդ զգալն է»…:
«Եթէ հոգիդ երիտասարդ է, ուրեմն մարմինդ ալ երիտասարդ է»…:
Համաձայն յագելի գիտուն, սակայն՝ կրնա՞մ ձեզի հարցում մը ընել…
Դուք երբե՛ք փորձա՞ծ էք ձեր ալեւոր ոտքերուն փոխարէն, հանրակառքին հասնիլ ձեր երիտասարդ հոգիով…:
Մեղքս ի՞նչ պահեմ, շիտակը ես քանի անգամ ալ, որ փորձած եմ, դրական արդիւնքի մը չե՛մ կրցած հասնիլ…:
Հոգիս թէեւ յաջողած է հանրակառք բարձրանալ, բայց դժբախտաբար… մնացեալ բոլո՛ր մարմինս կայան մնացած է, սպասելով… յաջորդ հանրակառքին…:
Չեմ գիտեր թէ ձեր ամէն մէկուն պարագային ի՞նչ կրնայ պատահած ըլլալ, սակայն ես այլեւս իմ «մեծցած» ըլլալս հասկցայ, երբ կէսօր մը հանրակառքին մէջ կանգնած, Աթէնքէն տուն կը վերադառնայի:
— Խնդրեմ պապիկ, նստեցէք…:
Կարեւորութիւն չտուի, որովհետեւ մտքէս անգամ չանցուցի, որ այդ «հրաւէրը» կրնար ինծի ուղղուած ըլլալ:
— Ձեզի կ՚ըսեմ պապիկ, խնդրեմ տեղս նստեցէք, — ըսաւ դարձեալ այդ անծանօթ ձայնը, սակայն այս անգամ, թեթեւ մը ուսիս ալ դպնալով:
Դարձայ եւ տեսայ բաւական համակրելի երիտասարդ մը, որ ետեւս կանգնած՝ իր նստարանը ինծի կը հրամցնէր…:
Լման աշխարհս փլաւ… ուրեմն «պապիկը» ե՞ս էի… այսինքն ես իր աչքերուն պապի՞կ կ՚երեւէի…: Ամբողջովին բողոքեցի… սակայն մէջէս: Բայց ես տակաւին երիտասա՛րդ եմ սիրելիս… չե՞ս տեսներ… երիտասա՛րդ եմ…: Աւելի ճիշդ… տակաւին ես ինծի… հոգիով երիտասա՛րդ կը զգամ…: Իրեն չվիրաւորելու համար, շնորհակալութիւն յայտնեցի եւ իր տեղը նստայ…:
Մինչեւ տուն վերադառնալս, հազարումէկ տեսակ «սեւ» մտածումներ անցան մտքէս…:
Սկսայ մտաբերել անցեալի տարիներս… երբ ո՛չ միայն հոգուով, այլ՝ ամէնէ՛ն կարեւորը… երիտասարդ էի նա՛եւ մարմնով…:
Մտածեցի անցած եւ… գալի՞ք… տարիներուս մասին…:
Շիտակը մեզմէ ո՞վ գիտէ, թէ երբ պիտի վերջանան մեր «գալիք» տարիները…:
Անցեալներս՝ պարբերաթերթի մը մէջ կարդացի, որ մենք՝ մարդիկս, աշխարհի ամէնէ՛ն դժբախտ արարածներն ենք եղեր, ան ալ՝ որովհետեւ միայն մե՛նք գիտենք, որ օրին մէկը… այլեւս «գալիք» տարիներ պիտի չունենանք…:
Ուզենք թէ չուզենք, կեանքի օրէնքը այս է…:
Կ՚ըսենք, որ՝ «Խօսքը առանց գործի մեռեալ է»…:
Կարծեմ թէ այս պարագային պէտք է ըսենք՝
«Ջահել հոգին առանց ջահել մարմնին մեռեալ է»…:
minsar55@gmail.com










