­Լիո­նի ­փո­ղոց­նե­րը (Les Rues de Lyon)

0
32

­Տե­ղա­կան եւ ա­ռա­ջա­դէմ պատ­կե­րա­զարդ ամ­սա­գիր մըն է, ստեղ­ծուած «L’Épicerie Séquentielle» միու­թեան կող­մէ, որ 12 էջ­նոց լրիւ պատ­մուածք­նե­րու ընդ­մէ­ջէն կը պատ­մէ քա­ղա­քին պատ­մու­թիւնն ու զո­ւար­ճա­լի դէպ­քե­րը։ ­Պատ­կե­րա­զար­դո­ւած է տե­ղա­ցի հե­ղի­նակ­նե­րու կող­մէ եւ ծա­խուած մատ­չե­լի գի­նով շրջա­նի գրա­խա­նութ­նե­րուն մէջ։ Այս հրա­տա­րակ­չա­կան նա­խա­գի­ծը, որ մեկ­նար­կած է 2015-ին, կ­‘ար­ժե­ւո­րէ ­Լիո­նի ժա­ռան­գու­թիւ­նը եւ կը նպաս­տէ կարճ շրջան մը՝ վար­ձատ­րե­լով միայն նկա­րիչ­նե­րը, մինչ միւս աշ­խա­տան­քը (խմբագ­րու­թիւն, բաշ­խում) կը կա­տա­րուի կա­մա­ւո­րու­թեամբ։
­Դեկ­տեմ­բեր 2025-ի թի­ւը (132-րդ) յատ­կա­ցո­ւած է ­Լիո­նի հա­յու­թեան։ ­Հա­մայն­քին պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցո­ւած է պարզ, միջ­գոր­ծօն եւ հե­տաքրք­րա­կան ձե­ւով։
­Կարգ մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ ամ­սա­գի­րին մա­սին.-
­Ձե­ւա­չափ. ամ­սա­կան 12 էջ­նոց թերթ, իւ­րա­քան­չիւր հա­մա­րը ինք­նու­րոյն լման պատ­մո­ւածք մըն է։
­Նիւ­թեր. ի­րա­կան պատ­մու­թիւն­ներ, զո­ւար­ճա­լի դէպ­քեր, դի­ման­կար­ներ, տե­ղե­կագ­րու­թիւն­ներ ­Լիո­նի մա­սին (պատ­մու­թիւն, անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, վայ­րեր, ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ)։
Ս­տեղ­ծող­նե­րը. ­Լիո­նի շրջա­նի պատ­կե­րա­զարդ գիր­քե­րու հե­ղի­նակ­ներ։
Ա­ռա­ջա­դէմ սկզ­բունք. միայն հե­ղի­նակ­նե­րը կը վար­ձատ­րո­ւին (1€­ իւ­րա­քան­չիւր ծա­խո­ւած օ­րի­նա­կի հա­մար), խմբագ­րա­կան աշ­խա­տան­քը կը կա­տա­րո­ւի կա­մա­ւո­րու­թեամբ։
­Կարճ շր­ջան. ս­տեղ­ծո­ւած, տպագ­րո­ւած եւ տա­րա­ծո­ւած զուտ ­Լիո­նի եւ ա­նոր շրջա­կայ­քը։
­Վա­ճառ­ման կէ­տեր. գ­րա­խա­նութ­ներ, բա­ժա­նոր­դագ­րու­թիւն­ներ, գոր­ծըն­կե­րա­յին ծախ­ման կէ­տեր։

­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան