Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ու Տիկնանց մարմնոյ կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 7 Դեկտեմբեր 2025-ին, փառաշուք կերպով տօնակատարուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2025-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան օրհնեց տօնի մատաղի աղը։ Ապա Տիկնանց մարմնոյ անդամները, Հայ Կապոյտ Խաչի շրջանի վարչական անդամներ եւ հաւատացեալ տիկիններ լծուեցան մատաղի պատրաստութեան աշխատանքին։
Տօնի նախորդող օրերուն, Տիկնանց մարմինը ձեռնարկեց նաեւ տօնի աւանդական նուիրահաւաքի աշխատանքին։ Մեր եկեղեցւոյ ծխականները, ինչպէս միշտ, կատարեցին սրտաբուխ իրենց նուէրները։
Կիրակի, 7 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9։15-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն։ Իսկ ժամը 10-ին սկսաւ Ս. պատարագը։
Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Սահակ եպս. Եմիշեան, ընդառաջելով Թաղային խորհուրդի հրաւէրին մատուցեց ս. պատարագը։ Արարողութեան քառաձայն երգեցողութիւնը կատարեց մեր եկեղեցւոյ դպրաց դասը, խմբավարութեամբ՝ դպրապետ պրն. Քերոբ Էքիզեանի, իսկ երգեհոնի վրայ տիկ. Լիանա Սարեանի։ Խորանին վրայ սպասարկեցին սարկաւագներ պրնք. Կարապետ Քէօսէեան, Պետրոս Կարապետեան, Յակոբ Էվհան եւ դպիրներ Տիգրան Կարապետեան, Կարէն Էքիզեան, Նարեկ Պէքարեան եւ Կարօ Գասարճեան։
Ընդառաջելով Թաղային խորհուրդի յղած տօնի հրաւէրներուն, Ս. պատարագին ներկայ գտնուեցան Հ.Հ. դեսպան պրն. Տիգրան Մկրտչեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդր. Վարչութեան անդամ տոքթ. Արմէն Տէրեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Նազար Աւագեան, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Աթէնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Նէոս Գոզմոսի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ Թաղային խորհրդոյ ներկայացուցիչները, կառոյցներու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը։ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներ ներկայ գտնուեցան պատուոյ շարքը կազմակերպելու։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը, իր քարոզը սկսաւ «ամէն բան պատրաստ է հրամմեցէք» նշանաբանով։ Ան նախ անդրադարձաւ օրուան աւետարանի հատուածին։ Մեծահարուստ մը կը կազմակերպէ ընթրիք եւ կը հրաւիրէ իր ազգականներն ու բարեկամները։ Երբ անոնք զանազան պատճառներով կը մերժեն ներկայ գտնուիլ, մեծահարուստը կը հրաւիրէ աղքատներն ու կարօտեալները։
Ան ըսաւ, թէ մեր Տէրը Աստուած, մեզ տարբեր ստեղծեց միւսներէն, մեզի ընծայելով յատուկ շնորհք։ Ուստի մարդը եղաւ Աստուծոյ նման եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը։
Տէրն Աստուած, այս աշխարհի վրայ մեզի համար ամէն ինչ պատրաստեց եւ մեզի հրաւիրեց որպէսզի ապրինք ու վայլենք։ Ընթրիքի պատրաստութիւնը ինքնին Տիրոջ ներկայութիւնն ու կապն է մեր հետ։ Առակին հրաւիրեալները մարդիկն են։ Մենք ենք։
Եւ Տէրն Աստուած հրաւիրեց մարդոց, որպէսզի քրիստոնէավայել կեանք մը ապրին։
Հրաւիրեց եւ ոչ թէ պարտադրեց։ Հարցը այն է սակայն, թէ որքա՞ն մարդիկ կ’ընդառաջեն եւ կամ կը մերժեն։ Երբ կը մերժենք հրաւէրը, կը նշանակէ փախուստ կու տանք Աստուծոյ ներկայութենէն եւ օրհնութենէն։
Ան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ միշտ մեր մօտ ներկայ է, մեր կարիքներուն կը հասնի ու մեզ կ’օրհնէ։
Քարոզի աւարտին, պատարագիչ Սրբազան Հայրը գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, Թաղային խորհուրդը, Տիկնանց մարմինն ու Գոքինիոյ ժողովուրդը, մաղթելով անոնց Ս. Յակոբի նման, ընդառաջելու Տիրոջ հրաւէրին եւ հետեւելու անոր օրինակին։
Ետքը տեղի ունեցաւ աւանդական մատաղօրհնութիւնը եւ հոգեհանգիստը։ Այս տարի, նկատի ունենալով 1988-ի Սպիտակի ահաւոր երկրաշարժի թուականի զուգադիպութինը, կատարուեցաւ յատուկ յիշատակութիւն։ Արարողութեան աւարտին երգուեցան «Կիլիկիա» եւ «Մեր հայրենիք» ոգերգները, ապա Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդին ու Տիկնանց մարմնոյ յատուկ շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։ Այդ միջոցին, Տիկնանց մարմինը յատուկ հիւրասիրութեամբ պատուեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հիւրերը։
Ետքը եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդն ու Տիկնանց մարմինը, Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատուեցին պաշտօնական ճաշով մը «Թէսերա Ալֆա» հայկական ճաշարանէն ներս։
Թղթակից










