­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի, 2 ­Սեպ­տեմ­բեր 2026-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան նախ­կին ման­կա­պար­տէ­զի սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ գիր­քի շա­հե­կան ներ­կա­յա­ցում մը։
­Հա­տո­րին տիտ­ղոսն էր «­Հա­յաս­տան՝ քրիս­տո­նեայ եր­կիր, ե­րէկ եւ այ­սօր», իսկ ա­նոր հե­ղի­նակն է վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Ռը­նէ ­Լե­ւո­նեան։
­Հո­գե­ւոր սպա­սա­ւո­րի Ա­թէնք ժա­մա­նա­կա­ւոր կե­ցու­թեան ա­ռի­թով, գիր­քի ներ­կա­յա­ցու­մը պա­տե­հու­թիւ­նը ստեղ­ծեց որ­պէս­զի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ծա­նօ­թա­նան հե­տաքրք­րա­կան հրա­տա­րա­կու­թեան մը։ ­Գիր­քի նիւ­թե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են ֆրան­սե­րէն լե­զո­ւով, որ­պէս­զի օ­տար ըն­թեր­ցո­ղը ծա­նօ­թա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան, ա­նոր հա­ւատ­քի զօ­րու­թեան, պատ­մա­կան կա­րե­ւոր ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք ծայր ա­ռին եր­կար դա­րե­րուն ըն­թաց­քին։
Ե­լոյ­թը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. ­Սա­հակ եպս. Ե­մի­շեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Մի­քա­յէլ վրդ. ­Պա­սա­լէ, Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ եւ կո­կիկ թի­ւով հա­սա­րա­կու­թիւն մը։
­Բա­ցու­մը կա­տա­րեց վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ող­ջու­նե­լով Սր­բա­զան հայ­րը եւ կղե­րա­կան դա­սը, ինչ­պէս նաեւ յու­նա­հայ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ ներ­կայ հայ­րե­նա­կից­նե­րը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, անդ­րա­դար­ձաւ հիւր դա­սա­խօ­սի հո­գե­ւոր գոր­ծու­նէու­թեան, ա­պա հա­կիրճ նշում մը կա­տա­րեց ա­նոր հե­ղի­նա­կած գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան մա­սին։
­Վեր. ­Դոկտ. ­Ռը­նէ ­Լե­ւո­նեան աս­տո­ւա­ծա­բան, հո­վիւ եւ հա­սա­րա­կա­կան-հո­գե­ւոր գոր­ծիչ է, որ ներ­կա­յիս կը վա­րէ Եւ­րա­սիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան նա­խա­գա­հի եւ ­Լիո­նի կա­թո­ղի­կէ հա­մալ­սա­րա­նի (UCLy) հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիո­նի վա­րի­չի պաշ­տօն­նե­րը։
Ու­նե­նա­լով բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին գի­տու­թիւն­նե­րու մէջ՝ ան ծա­ւա­լած է հա­րուստ ա­կա­դե­մա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն: 17 տա­րի ծա­ռա­յած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ուր հիմ­նած է Ա­ւե­տա­րա­նա­կան աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ա­կա­դե­միան, ինչ­պէս նաեւ ե­ղած է Հ.Հ. նա­խա­գա­հի խորհր­դա­տու: Իր եր­կա­րա­մեայ եւ բե­ղուն ծա­ռա­յու­թեան հա­մար ար­ժա­նա­ցած է Ֆ­րան­սա­յի բարձ­րա­գոյն՝ «­Պա­տո­ւոյ ­Լե­գէոն» շքան­շա­նին:
­Յա­ջոր­դա­բար, վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Լե­ւո­նեան սա­հիկ­նե­րու գոր­ծա­ծու­թեամբ կա­տա­րեց իր հե­ղի­նա­կած գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը։
Ան պատ­մա­կան եր­կար ան­կարկ մը ը­րաւ հա­յոց պատ­մու­թեան հնա­դա­րեան եւ քրիս­տո­նէա­կան տա­րի­նե­րուն մա­սին, տա­լով իւ­րա­քան­չիւր պատ­մա­կան շրջա­նի քա­ղա­քա­կան եւ հո­գե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ամ­փո­փու­մը։ ­Յատ­կան­շա­կան էր ա­նոր անդ­րա­դար­ձը քրիս­տո­նէա­կան ըն­դուն­ման բո­լոր հո­լո­վոյթ­նե­րուն մա­սին, հաս­նե­լով մին­չեւ միջ­նա­դար, ա­պա վեր­լու­ծե­լով այդ ժա­մա­նակ­նե­րու Ա­րեւմ­տեան աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ Ա­րե­ւել­քէն հաս­նող ներ­խու­ժող ցե­ղե­րուն մա­սին, ո­րոնց մի­ջեւ ­Հա­յաս­տան աշ­խար­հը, իր աշ­խար­հագ­րա­կան դիր­քով, կռո­ւախն­ձոր մը դար­ձաւ։
­Յար­գե­լի դա­սա­խօ­սը յա­տուկ ծան­րու­թիւն տո­ւաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան վրայ, ծան­րու­թիւն տա­լով Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­պա­տու­մին եւ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին, հաս­նե­լով մին­չեւ մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի հա­յա­թա­փու­մը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած նո­րա­գոյն ա­ղէ­տը։
Իր ներ­կա­յաց­ման ըն­թաց­քին, ան մշտա­բար շեշ­տը դրաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին ու ան­կէ բխած մշա­կու­թա­յին գան­ձա­րան­նե­րուն վրայ, հան­դի­սա­տես­նե­րուն առ­ջեւ բա­նա­լով հա­ւատ­քի խոր հա­մո­զու­մը, որ յատ­կան­շեց հայ ազ­գի դա­րա­ւոր եր­թը։
­Ներ­կա­յաց­ման տե­ւո­ղու­թեան, յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւեց քար­տէս­նե­րու այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, ա­ւե­լի հա­րա­զատ եւ ցայ­տուն դարձ­նե­լով պատ­մա­կան հանգ­րո­ւան­նե­րու վեր­լու­ծու­մը։
­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Ռը­նէ ­Լե­ւո­նեա­նի գիր­քը, թէեւ գրո­ւած է ոչ հայ ըն­թեր­ցո­ղին հա­ղորդ դարձ­նե­լու հա­մար հայ ազ­գի պատ­մու­թիւ­նը, լա­ւա­պէս պատ­րաս­տո­ւած եւ խնա­մո­ւած աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն մըն է, որ կա­տա­րո­ւած է բծախնդ­րու­թեամբ եւ պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յաց­նե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։ Հ­րա­տա­րա­կու­թիւն մը, որ իր ար­ժա­նի տե­ղը ու­նի հայ մա­տե­նագ­րու­թեան մէջ, իսկ ա­նոր թարգ­մա­նու­թիւ­նը այլ լե­զու­նե­րու՝ օ­տար ըն­թեր­ցող­նե­րու ա­ւե­լի լայն շրջա­նակ մը ստեղ­ծե­լու ա­ռիթ մը կրնայ դառ­նալ։