23 Օ­գոս­տո­սին, ­Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան հռչա­կա­գի­րի 35-ա­մեա­կին ա­ռի­թով, վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան հրա­պա­րա­կեց ու­ղերձ մը, ուր կրկին փոր­ձեց վե­րա­շա­րադ­րել եւ այ­լա­բա­նա­կան շեր­տե­րով խե­ղա­թիւ­րել ար­ցա­խեան շար­ժու­մի պատ­մու­թիւ­նը։ Ա­նոր խօս­քը միայն պատ­մա­կան վե­րա­շա­րադ­րում չէր, այլ յստակ քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գիծ, փորձ՝ մո­ռա­ցու­թեան տա­լու կամ ի­մաս­տա­զուրկ դարձնե­լու հիմ­նա­հարց մը, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ե­ղած է հայ­կա­կան ազ­գա­յին-պե­տա­կան օ­րա­կար­գի ա­ռանց­քը։
­Փա­շի­նեա­նի նոր ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը ընդվզու­մի եւ հա­կազ­դե­ցու­թեան ա­լիք յա­ռա­ջա­ցու­ցին քա­ղա­քա­կան դաշ­տէն ներս, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կու­թեան տար­բեր խա­ւե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս այն պա­րա­գա­յին, երբ վար­չա­պե­տը փոր­ձեց հա­մո­զել, թէ ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մը իբ­րեւ թէ խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան ար­գա­սիքն էր եւ իր խոր­քին մէջ չէր ծա­ռա­յեր ­Հա­յաս­տա­նի «ի­րա­կան» ան­կա­խու­թեան։ ­Փա­շի­նեան իր ու­ղեր­ձին մէջ նշեց, թէ ­Խորհր­դա­յին ­Միու­թիւ­նը կա­թիլ-կա­թիլ սեր­մա­նած էր հայ­րե­նա­սի­րու­թեան ար­հես­տա­ծին կերպ մը, որ ըստ իր ձե­ւա­կեր­պու­մին, ա­ւար­տե­ցաւ ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մով, եւ թէ այդ շար­ժու­մը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ թու­լա­ցուց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Նաեւ շեշ­տեց, որ ար­ցա­խեան պայ­քա­րի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը կը նշա­նա­կէ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­ցում։
­Հայ­րե­նի քա­ղա­քա­կան եւ փոր­ձա­գի­տա­կան միտ­քը յստակ մատ­նան­շեց ­Փա­շի­նեա­նի ու­ղեր­ձին հա­կա­սու­թիւն­նե­րը։ Ե­թէ շար­ժու­մը խորհր­դա­յին նա­խա­գիծ էր, ինչ­պէ՞ս բա­ցատ­րել, որ նոյն խորհրդա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մեր­ժե­ցին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­յե­րու բազ­մա­թիւ դի­մում­նե­րը՝ միա­նա­լու այդ օ­րե­րու ­Հա­յաս­տա­նի ­Սո­վե­տա­կան ­Հան­րա­պե­տու­թեան։
Ընդ­դի­մու­թիւ­նը բնո­րո­շեց ­Փա­շի­նեա­նի ե­լոյ­թը որ­պէս «պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թե­նէն խու­սա­փե­լու փորձ»։ ­Վար­չա­պե­տը ի­րա­րա­մերժ բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով կը ձգտի ա­զա­տիլ այն բե­ռէն, որ պար­տադրա­բար պէտք է կրէ՝ իբ­րեւ պե­տու­թեան ղե­կա­վար եւ ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի պար­տու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տու։ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի օ­րե­րուն ­Փա­շի­նեան կը յայ­տա­րա­րէր, թէ եր­կընտ­րան­քը պարզ էր՝ կամ հրա­ժա­րիլ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րէն, կամ դի­մագ­րա­ւել պա­տե­րազ­մը։ Իսկ այ­սօր, ող­բեր­գա­կան օ­րե­րէն հինգ տա­րի ետք, ան կը պնդէ, թէ «զի­ջում­նե­րու չգնա­լը» միակ ձեւն էր ան­կա­խու­թիւ­նը պա­հե­լու հա­մար, ա­ռանց բա­ցատ­րե­լու, թէ ո­րոնք էին այն զի­ջում­նե­րը, ո­րոնց մա­սին կ­՚ակ­նար­կէ։ ­Միւս կող­մէն, ժո­ղո­վուր­դի յի­շո­ղու­թիւ­նը ձեռ­նա­վա­րե­լով, կը յայտ­նէ, թէ հա­սած է «ա­նե­րեր հա­մոզ­ման, որ մենք չպէտք է շա­րու­նա­կենք ­Ղա­րա­բա­ղեան շար­ժու­մը, քան­զի դա նշա­նա­կում է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան վե­րա­ցում»։ Այս հա­կա­սու­թիւն­նե­րը ոչ միայն ցոյց կու տան վար­չա­պե­տի՝ իշ­խա­նու­թեան գլու­խը գա­լէն ետք դրսե­ւո­րած պե­տա­կան ղե­կա­վա­րի մը հա­մար քա­ղա­քա­կան վտան­գա­ւոր ան­կա­յու­նու­թիւ­նը, այլ նաեւ ան­գամ մը եւս բա­ցա­յայտ կը դարձ­նեն իշ­խա­նա­ւոր խում­բի՝ պե­տու­թիւ­նը կա­ռա­վա­րե­լու ան­կա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­ւե­լին՝ վեր­ջին հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին պա­տու­հա­սած ող­բեր­գու­թեան հա­մար պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իր բա­ժի­նը ստանձ­նե­լու վար­չա­պե­տի շա­րու­նա­կա­կան մեր­ժու­մը, պէտք է հա­մա­րել նոյ­նինքն խորհր­դա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան ժա­ռան­գու­թիւն, ո­րուն ազ­դե­ցու­թե­նէն չէ կա­րո­ղա­ցած ձեր­բա­զա­տիլ այ­սօ­րո­ւան իշ­խա­նա­կան խա­ւը:
­Խորհր­դա­յին օ­րե­րու պատ­մա­շի­նու­թեան ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լով, ­Փա­շի­նեան կը փոր­ձէ պատ­մու­թիւ­նը վե­րա­շա­րադ­րել ի շահ իր քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին, ան­տե­սե­լով պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը։
Այ­սօր, երբ Ար­ցա­խի բո­վան­դակ հայ բնակ­չու­թիւ­նը բռնի կեր­պով տե­ղա­հա­նուած է եւ զո­հո­ւած հա­զա­րա­ւոր հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հո­գի­նե­րը կը փնտռեն կոր­սո­ւած ար­դա­րու­թիւ­նը, վար­չա­պե­տին փոր­ձե­րը՝ շար­ժու­մը ներ­կա­յաց­նե­լու որ­պէս «խորհր­դա­յին ձե­ւա­կերպ­ման» հե­տե­ւանք, ջուր կը թա­փեն ­Պա­քո­ւի եւ Ան­գա­րա­յի ջա­ղաց­քին։ Ա­նոնց ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը պար­տադ­րո­ւի ­Հա­յաս­տա­նի վրայ, սուղ գին վճա­րած ըլ­լա­լով Ար­ցա­խի հա­յա­թա­փու­մով, ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան գե­րի­նե­րու ող­բեր­գու­թեամբ, ­Սիւ­նի­քի մի­ջանց­քի զի­ջում­նե­րով, սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րու ա­մէն տե­սա­կի ար­տա­քին պար­տադ­րանք­նե­րով, ո­րոնք նաեւ կը հա­մընկ­նին ներ­կայ իշ­խա­նու­թեան քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գին հետ։
­Վար­չա­պե­տը իր ձա­խող ե­լոյ­թով կը փոր­ձէ ստեղ­ծել նոր «պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն» մը, ուր Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը եւ ա­նոր պատ­մա­կան ի­րա­ւա­ցիու­թիւ­նը տեղ չու­նին հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին կտա­կին մէջ։
Այ­լեւս, նոր մար­տահ­րա­ւէր մը կը դրո­ւի հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քին առ­ջեւ, ո­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնն է տե­ւա­բար իր պա­տո­ւան­դա­նին վրայ պա­հել այն ար­դար ի­րո­ղու­թիւ­նը, թէ ար­ցա­խեան շար­ժու­մը ոչ մէկ ա­տեն ծնունդ ա­ռաւ որ­պէս խորհրդա­յին ձեռ­նարկ, այլ իբ­րեւ ժո­ղո­վուր­դի ճշմա­րիտ ձգտում՝ ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ ապ­րե­լու հա­մար սե­փա­կան հո­ղին վրայ։ ­Պատ­մա­կան ա­նա­րար­կե­լի շար­ժու­մի ար­մատ­նե­րը խո­րա­պէս ազ­գա­յին էին. ան ոչ միայն կեր­տեց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հիմ­քե­րը, այլ նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ ար­մա­տա­ւո­րեց ինք­նու­թեան նոր վստա­հու­թիւն մը։
Ար­ցա­խեան շար­ժու­մը հայ ժո­ղո­վուր­դի գի­տակ­ցու­թեան մէջ կը մնայ որ­պէս հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին է­ջե­րէն մէ­կը։ ­Քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի եւ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը կը դառ­նայ՝ մշտա­պէս պաշտ­պա­նել ճշմար­տու­թիւնն ու հա­յոց ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւունք­նե­րը, որ­պէս­զի ոչ մէկ գնա­յուն ձա­խող իշ­խա­նու­թիւն կա­րե­նայ զա­նոնք խե­ղա­թիւ­րել։
­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գան կա­խո­ւած է այս յանձ­նա­ռու­թե­նէն։