Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րը, ձա­խէն աջ՝ ­Ռու­բէն Ա­ւա­գեան, ­Լի­տա Սմ­բա­տեան, Ի­զա­պէլ ­Ճէ­լա­լեան, Ս­թե­ֆա­նիա Ք­սե­քա­լա­քի, ­Սո­ֆիա ­Ղա­լա­նո­փու­լու, Ա­րե­նի ­Պար­սա­մեան, ­Սա­մո­ւէլ ­Սի­մո­նեան

­Սի­րե­լի ներ­կա­ներ,
­Բա­րի ե­կաք բո­լորդ, ու­րախ ենք ձեր ներ­կա­յու­թեան հա­մար եւ կը յու­սանք, որ վա­յե­լե­ցիք մեր հան­դէ­սը: ­Շատ պի­տի չխօ­սիմ: Ան­շուշտ ով որ այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը կ­՚ը­սէ, միշտ շատ կը խօ­սի: ­Բայց ո՛չ, մեր ա­շա­կերտ­նե­րը խօ­սե­ցան եւ ը­սին ինչ որ պէտք էր ի­րենց ա­նու­շիկ ձայ­նե­րով:
Այս տա­րի դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղե­րով, եր­գե­րով, ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­ներ պատ­րաս­տե­լով, մար­զանք ը­նե­լով, թա­տե­րա­կան խա­ղե­րու մաս­նակ­ցե­լով եւ տար­բեր վայ­րեր այ­ցե­լե­լով (Μουσείο Συναισθημάτων, Ίδρυμα Σταύρος Νιάρχος, Βοτανικός κήπος, Αισθητικό Δάσος Υμηττού, Ιστορικό Αρχείο Εθνικής Τράπεζας), խօ­սե­ցանք եւ սոր­վե­ցանք մեր զգա­ցուն­նե­րուն, ի­րա­ւունք­նե­րուն, մեր շրջա­կայ աշ­խար­հին – ­մի­ջա­վայ­րին եւ վե­րամ­շակ­ման մա­սին:
­Մարտ ամ­սուն մաս­նակ­ցե­ցանք «Το Δ των Δικαιωμάτων» գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին եւ շատ դրա­կան գնա­հա­տան­քի խօս­քեր լսե­ցինք մեր աշ­խա­տան­քին հա­մար: ­Հի­մա մեր այս տա­րո­ւան դա­սե­րէն եր­կու դրո­ւակ կ­՚ու­զեմ պատ­մել:
­Մենք կա­նոն­ներ ստեղ­ծած ենք մեր դա­սա­րա­նին հա­մար եւ այդ կա­նոն­նե­րուն մէջ կան եր­կու կա­նոն­ներ, ո­րոնց­մէ մէ­կը ես խախ­տե­ցի եւ մէկն ալ ա­նոնք: Ա­ռա­ջին կա­նոնն էր «Ա­նուշ լե­զո­ւով կը խօ­սինք», ո­րը ես խախ­տե­ցի եւ «կը բաժ­նեկ­ցինք», որ ա­նոնք խախ­տե­ցին:
Ա­նուն­ներ պի­տի չգոր­ծա­ծեմ:
Ու­րեմն, օր մը դաս կ­՚ը­նէինք, ե­թէ չեմ սխա­լիր «զ» գի­րը. ­Քա­նի մը ան­գամ ա­նոնց ցոյց տո­ւի եւ պահ մը ե­կաւ ձայնս բարձ­րա­ցու­ցի՝ «ո՛չ այս­պէս, քա­նի ան­գամ ը­սինք գծի­կէն վար կը գրենք»:
«Ա­նուշ լե­զո­ւով չես խօ­սիր, տիկ. ­Սո­նա»:
Այդ վայր­կեա­նին ի՞նչ ը­սես: Ու­զե­ցի այս­պէս գրկեմ ա­մուր:
Չգր­կե­ցի: ­Բայց ը­սի ի­րա­ւունք ու­նիք:
«Էլ ի՞նչ մոռ­ցար ը­սե­լու»:
«­Կը նե­րէք»:
Իսկ միւ­սը՝ ան­տա­ռի մը մէջ պտոյ­տի ա­տէն: ­Տի­կին մը ա­նոնց քար­տէզ մը տուաւ եւ խնդրեց, որ բաժ­նեկ­ցին: ­Զոյգ-զոյգ միա­սին աշ­խա­տին: ­Քա­լե­լու ա­տեն մէ­կը քա­շեց, միւ­սը լա­ցաւ, միւ­սը գան­գա­տե­ցաւ: ­Հա­սանք դպրոց: ­Ժա­մա­նակն էր, որ խօ­սինք, թէ ինչ ը­րինք, ինչ սոր­վե­ցանք: Ինչ կրնա­յինք ա­ւե­լի լաւ ը­նել:
Եւ պահ մը ե­կաւ որ ը­սի, նե­ղա­ցու­ցիք քա­նի մը հո­գի: Ոչ բո­լո­րը ի­հար­կէ: ­Բայց այ­սօր կա­նոն մը խախ­տե­ցիք: Երբ որ պա­հը ե­կաւ քար­տէ­զը միա­սին գոր­ծա­ծե­ցի՞ք: Ը­սին՝ ոչ: Լ­ռու­թիւն տի­րեց: ­Ձեռքս պար­զե­ցի գիրք մը առ­նե­լու հա­մար, որ­պէս­զի միա­սին կար­դանք: ­Յան­կարծ, ձայն մը լսո­ւե­ցաւ: «­Նե­րո­ղու­թիւն»՝ ա­նուն մըն ալ գոր­ծա­ծեց:
­Ճիշդն ը­սեմ՝ յու­զո­ւե­ցայ եւ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րա­խա­ցայ այդ պա­հուն: Ա­մէ­նէն յատ­կան­շա­կա­նը այն էր, որ «նե­րո­ղու­թեան» տո­մի­նօ մը սկսաւ ա­նոնց կող­մէ, որ չէին բաժ­նեկ­ցած:
Ինչ ը­սել կ­՚ու­զեմ: Ա­նոնց պէս ըլ­լանք: ­Կը մեծ­նանք եւ շատ ան­գամ կա­նոն­ներ կը խախ­տենք ու դժո­ւա­րու­թեամբ նե­րո­ղու­թիւն կը խնդրենք:
Ինչ­պէս ի­րենց սոր­ված եր­գին բա­ռե­րը կ­՚ը­սեն: «­Բա­րեւ ձեզ, ցտե­սու­թիւն, կը խնդրեմ, շնոր­հա­կա­լու­թիւն, նե­րո­ղու­թիւն բա­ռերն մեզ կ­՚օգ­նեն ողջ կեան­քում»:
­Մին­չեւ ա­նոնց բեմ հրա­ւի­րե­լը կ­՚ու­զեմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել ա­նոնց, ո­րոնք ամ­բողջ տա­րի մեր քովն էին, օգ­տա­կար ե­ղան մե­զի եւ ա­շա­կերտ­նե­րուն:
­Հեր­թա­կա­նու­թիւ­նը կա­րե­ւոր չէ՝ տի­կիննր ­Վի­քի, ­Նա­զիկ, Ա­նի, ­Լու­սի, ­Վեր­ժին, Իոան­նա. պա­րոն­ներ ­Տի­միթ­րիս, ­Յո­վիկ. Ծ­նո­ղաց մար­մին եւ սի­րե­լի ծնող­ներ, եւ ա­նոնց, ո­րոնք օգ­նե­ցին այս հան­դէ­սը ի­րա­կա­նա­նայ՝ ­Նի­քո­լաոս Ա­լեք­սո­փու­լոս, վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեան, պրն. Եան­նիս եւ բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, թէ՛ միջ­նա­կար­գի եւ թէ՛ նա­խակր­թա­րա­նի, ո­րոնք դի­մա­ցան մեր փոր­ձե­րուն եւ մեզ դպրո­ցէն չվրնտե­ցին:

***

2024-2025 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րե­լով, մեր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, ու­սում­նա­կան, տնտե­սա­կան ու կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն նաեւ, մեր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան, հայ եւ յոյն պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն եւ անձ­նա­կազ­մին, գոր­ծա­կից տի­կին ­Մա­րիա ­Տի­մա­քիի եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը ըն­ծա­յե­ցին մեր ճի­գե­րուն ար­դիւ­նա­ւոր­ման հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն մեր վար­ժա­րա­նի ծնո­ղա­կան միու­թեան, որ ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մեր կող­քին էր ու ա­մէն ջանք թա­փեց մեր կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու, ինչ­պէս նաեւ ման­կա­պար­տէ­զի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն յանձ­նո­ւած նո­ւէր­նե­րուն հա­մար:
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ ձե­զի՝ սի­րե­լի ծնող­ներ, որ վստա­հե­ցաք ձեր զա­ւակ­նե­րը հայ­կա­կան մեր այս վար­ժա­րա­նին: