Հ.Կ.Խաչի Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գումարէ անդամական ընդհանուր ժողով Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբէն ներս:
Ժողովի Օրակարգ՝
1. Առաջարկներ Հ.Օ.Մ.-ի 73-րդ Համահայկական ժողովին համար:
2.Պատգամաւորներու ընտրութիւն Հ.Կ.Խաչի 83-րդ Բացառիկ Պատգամաւորական ժողովին համար։
Կը հրաւիրուին մասնաճիւղի անդամուհիները եւ Շրջանային վարչութիւնը։
Բոլոր ընկերուհիներու մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է։
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ