«Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս-­Տէ­տէա­ղաճ հայ­կա­կան գա­ղու­թի հետ­քե­րով (1875-2025)», հե­ղի­նակ ­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեան, հրա­տա­րա­կու­թիւն «Ար­մե­նի­քա», Ա­թէնք 2025

«Επί τα ίχνη της αρμενικής κοινότητας της Αλεξανδρούπολης-Δεδέαγατς (1875-2025), Λεωνίδας-Λεβόν Ντιλσιζιάν, έκδοση περιοδικού «Αρμενικά», Αθήνα 2025

 

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

­Մեր նա­խորդ գրա­խօ­սա­կա­նին մէջ մատ­նան­շած էինք, թէ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­մու­թեան ա­կունք­նե­րը տա­կա­ւին չեն ար­ժա­նա­նա­ցած խո­րազ­նին եւ հա­մա­պար­փակ վեր­լուծ­ման։ ­Վեր­ջերս, շնոր­հիւ կարգ մը նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու, սկսած է լոյս տես­նել պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու շարք մը, ո­րոնք յու­նա­րէն լե­զո­ւով մատ­չե­լի կը դառ­նան տար­բեր հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու, տա­լով ո­րոշ ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ներ­կա­յա­ցում­ներն ու պատ­մա­գի­տա­կան վեր­լու­ծու­թիւն­նե­րը։
­Հայ գա­ղու­թի եւ յու­նա­կան պե­տու­թեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին ան­ցեալ տարի հրա­տա­րա­կած իր ստուար աշ­խա­տու­թե­նէն ետք, քա­ղա­քա­կան գի­տու­թիւ­ննե­րու տոք­թո­րա­կան աս­տի­ճա­նին ար­ժա­նա­ցած եւ պատ­մու­թեան հե­տա­զօ­տող ­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեան կու գայ երկ­րորդ հա­տո­րով մը ներ­կա­յաց­նե­լու Թ­րա­կիոյ Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս-­Տէ­տէա­ղաճ քա­ղա­քի հայ գա­ղու­թը, լու­սար­ձա­կի տակ առ­նե­լով վեր­ջին 150 տա­րի­նե­րու (1875-2025) ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը։
­Պատ­մա­կան գրա­ռում­նե­րուն մեկ­նար­կը նկա­տի առ­նո­ւած է հայ հա­մայն­քի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռուց­ման տա­րիէն, ներշն­չո­ւած ըլ­լա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի կա­րե­ւո­րա­գոյն սրբա­տե­ղի­նե­րէն՝ Մ­շոյ Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գեդ­րոշմ խորհուրդէն իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հա­մար։ ­Ծա­նօթ է, թէ այդ տա­րի­նե­րուն Թ­րա­կիան տա­կա­ւին կը գտնո­ւէր Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան տակ, իսկ հա­յե­րու տե­ղա­շար­ժը կը նկա­տո­ւէր բնակ­չու­թիւն­նե­րու ներ­քին փո­փո­խու­թիւն, որ­պէս օ­րուան ապ­րուս­տը եւ կեան­քի ա­ւե­լի բա­րեն­պաստ պայ­ման­ներ ո­րո­նե­լու մղում։
­Գիր­քի հե­ղի­նա­կը կա­րո­ղա­ցաւ ու­սում­նա­սի­րել տե­ղա­կան հա­մայն­քի իս­կա­պէս հա­րուստ ար­խի­ւա­յին հա­ւա­քա­ծոն, ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար կա­րե­ւոր դէպ­քեր եւ ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ներ­կա­յաց­նե­լով հա­մայն­քին վրայ ի­րենց դրոշ­մը թո­ղած դէմ­քե­րը եւ լոյս սփռե­լով պատ­մա­կան տար­բեր շրջան­նե­րու հո­լո­վոյթ­նե­րուն վրայ։ Ա­ռա­ւել, ան ու­սում­նա­սի­րեց Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի, տե­ղա­կան պե­տա­կան ար­խիւ­նե­րու, վա­ղա­մե­րիկ ­Ճե­նի ­Գա­սա­պեա­նի եւ «Ար­մե­նի­քա»-ի հա­ւա­քա­ծո­նե­րը, ո­րոնք հա­րուստ են տո­ւեալ­նե­րով եւ ա­տաղ­ձը կը կազ­մեն պատ­մու­թեան ման­րա­մասն նկա­րագ­րու­թեան։
­Հա­տո­րի ա­ռա­ջին մա­սին մէջ գրի առ­նո­ւած է յիս­նա­մեայ նախ­նա­կան շրջա­նը, ուր խօսք կ­՚ըլ­լայ ­Մու­շէն տե­ղա­փո­խո­ւած հա­յե­րու ա­ռա­ջին կո­րի­զին մա­սին, ո­րուն յա­ջոր­դեց Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռու­ցու­մը եւ «­Տա­րօ­նեան» վար­ժա­րա­նի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, մինչ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը յատ­կան­շո­ւե­ցաւ թրքա­կան, ռու­սա­կան եւ պուլ­կա­րա­կան ի­րե­րա­յա­ջորդ գրա­ւում­նե­րով։
Երկ­րորդ մա­սի նկա­րագ­րա­կա­նը կը յատ­կան­շո­ւի ­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք գաղ­թա­կա­նա­կան մեծ հո­սանք­նե­րու ե­րե­ւու­մով, երբ այ­լեւս կը նշմա­րո­ւի հայ հա­մայն­քի դի­մա­գի­ծի այ­լա­փո­խում մը, միա­ժա­մա­նակ յայտ­նի կը դառ­նան տե­ւա­կան տե­ղա­շար­ժե­րը, ո­րոնք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին յան­գե­ցան հա­յու­թեան նոր պատ­կե­րի ստեղծ­ման։ Իւ­րա­յա­տուկ եւ վեր­լուծ­ման ար­ժա­նի շրջան մըն է, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն հե­ղի­նա­կը մէկ կող­մէն կը փոր­ձէ ներ­կա­յաց­նել քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը, իսկ միւս կող­մէն ցոյց կու տայ հա­մայն­քի մշա­կու­թա­յին, ըն­կե­րա­յին եւ կրթա­կան կեան­քի յա­ռաջ­խա­ղացքն ու նշա­նա­կա­լի զար­գա­ցու­մը։
­Յա­ջոր­դա­բար, յա­տուկ բա­ժին կ­՚ըն­ծա­յո­ւի պա­տե­րազ­մեան շրջա­նին եւ հա­յե­րու մաս­նակ­ցու­թեան ի­տա­լա­կան ու գեր­մա­նա­կան զօր­քե­րու դի­մագ­րաւ­ման։ ­Միա­ժա­մա­նակ, շրջա­նը կ­՚անց­նի պուլ­կա­րա­կան տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ազ­դե­լով քա­ղա­քի ու հե­տե­ւա­բար հա­յու­թեան կեան­քի բո­լոր ծալ­քե­րուն վրայ։ ­Հոս եւս, ­Լե­ւոն ­Տիլզ­սի­զեան ըն­թեր­ցո­ղի ու­շադ­րու­թեան կը բե­րէ բազ­մա­թիւ փաս­տա­թուղ­թեր եւ պատ­մա­կան հա­րուստ տո­ւեալ­ներ։
­Վեր­ջին մա­սը, իր հե­տաքրք­րա­կան եւ ըն­դար­ձակ ծա­ւա­լով, կը նկա­րագ­րէ յետ­պա­տե­րազ­մեան վե­րա­կանգ­նու­մի ջան­քե­րը, նշե­լով նաեւ դէ­պի ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու ան­կէ ետք տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ հայ կեան­քի ե­լե­ւէջ­ներն ու տար­բեր հանգրուան­նե­րը։ Բ­նա­կա­նա­բար, խօսք կ­՚ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մէն ետք հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու տե­ղա­փոխ­ման ու հաս­տատ­ման շրջա­նէն ներս, ա­պա ա­նոնց նե­րարկ­ման տե­ղա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։
­Գիր­քի վեր­ջին մա­սը հա­րուստ է պատ­մա­կան լու­սան­կար­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեամբ, ո­րոնք ցոյց կու տան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու հայ­կա­կան կեան­քը, ո­րուն ըն­թաց­քին զար­գա­ցաւ կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին, հո­գե­ւոր եւ բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, իր ե­տին թո­ղե­լով հա­րուստ տո­ւեալ­նե­րու գան­ձա­րան մը։ Ն­շենք, որ իւ­րա­քան­չիւր գլու­խի ներ­կա­յաց­ման մէջ եւս առ­կայ են լու­սանկար­ներ եւ փաս­տա­թուղ­թեր, ո­րոնք վեր­լու­ծում­նե­րու կող­քին, կու գան ամ­բող­ջաց­նե­լու ըն­թեր­ցող­նե­րու ստա­ցած գի­տե­լիք­նե­րը։
­Հա­տո­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը իս­կա­պէս գո­վե­լի աշ­խա­տանք մըն է։ ­Պատ­մա­գէտ ­Լե­ւոն ­Տիլ­սի­զեա­նի խո­րազ­նին աշ­խա­տան­քը ար­ժա­նա­ցած է գե­ղա­տիպ ու հիա­նա­լի տպագ­րու­թեան. կող­քը, է­ջադրու­մը, նիւ­թե­րու եւ նկար­նե­րու զե­տե­ղու­մը կա­տա­րո­ւած է ար­հես­տա­վարժ մաս­նա­գի­տու­թեամբ ու տպագ­րա­կան ա­մէ­նէն ար­դի մի­ջոց­նե­րով։
Գիր­քի բո­վան­դակ պատ­րաս­տու­թիւ­նը նա­խան­ձե­լի ար­դիւն­քի մը հաս­նե­լով, յա­տուկ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նախ տե­ղա­ցի հայ հա­մայն­քի պատ­մու­թեան հան­րա­յայտ­ման հա­մար, ա­պա նաեւ իւ­րա­քան­չիւր հայ­րե­նա­կի­ցի հա­մար, ո­րուն պատ­մու­թեան մէկ մաս­նի­կը կը կազ­մէ հե­ռա­ւոր այդ շրջա­նի հա­մայ­նա­կան կեան­քին զար­գա­ցու­մը։
­Հոս պարտք կը զգանք գնա­հա­տել ­Լե­ւոն ­Տիլ­զի­զեա­նի տքնա­ջան աշ­խա­տան­քը, որ եր­կու տա­րո­ւան եր­կա­րա­շունչ ու­սում­նա­սի­րու­թե­նէ ետք, կա­րո­ղա­ցաւ ստեղ­ծել հա­մա­պար­փակ եւ ամ­բող­ջա­կան աշ­խա­տու­թիւն մը, որ կ­՚ար­ժէ կար­դալ եւ ու­սում­նա­սի­րել, ստա­նա­լով հայ եւ յոյն ըն­թեր­ցող­նե­րու ան­վե­րա­պահ գնա­հա­տան­քը։