Մեծ զարմանքով կարդացինք Հայաստանեան մամուլին մէջ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Վահագն Մելիքեանի հետ հանդիպման մասին հրապարակումը։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի խնդրանքով եւ պրն. Մելիքեան ընդառաջեց դիմումին, հակառակ իր այցելութեան բազմազբաղ ծրագրին։

Յունահայ համայնքին մէջ լուսանցքային դեր ունեցող շրջանակ մը, հանդիպման բնոյթը անտեսելով, առիթը կ՚օգտագործէ մեր գաղութը պառակտելու եւ Հ.Հ. իշխանութեանց հետ սնոտի բաժանարար գիծեր ստեղծելու համար։

Նման փորձեր, առաջին անգամ չէ որ կը կատարուին, խոր զայրոյթ եւ ափսոսանք ստեղծելով՝ հայրենասիրական ճշմարիտ զգացումներով առաջնորդուող մեր հայրենակիցներուն մօտ։

Կտրուկ կը մերժենք եւ կը դատապարտենք նման կեցուածքներ։

Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէ