«­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր­նե­րուն միտ­քէն իսկ ար­դեօք ան­ցա՞ծ էր, թէ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի ա­նու­նով կո­չո­ւած մեր սի­րե­լի վար­ժա­րա­նը պի­տի գո­յա­տե­ւէ 90 եր­կար տա­րի­ներ՝ յաղ­թա­հա­րե­լով բո­լոր ար­գելք­նե­րը. տնտե­սա­կան տագ­նապ­ներ, պա­տե­րազմ­ներ, ազ­գայ­նա­մոլ վար­չա­կարգ­ներ…։ ­Սե­րունդ­ներ եւ սե­րունդ­ներ դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցան «Աշ­խար­հիկ ­Սուրբ»ին շուն­չով, գա­ղա­փա­րով, հա­ւատ­քով եւ ա­հա՛ 90ա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ար­դա­րա­ցուց զա­նոնք. հաս­տա­տեց ա­նոնց կամքն ու հա­ւատ­քը։
­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 17 ­Հոկ­տեմ­բեր 2018ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի պատ­շա­ճօ­րէն կա­հա­ւո­րո­ւած մար­զա­դաշ­տին մէջ, տօ­նա­կա­տա­րո­ւե­ցաւ մեր դպրո­ցին գոր­ծու­նէու­թեան 90ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նը։
­Ներ­կայ էին յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան, կրօ­նի եւ հե­տա­զօ­տու­թեան նա­խա­րար պրն. ­Կոս­տան­դի­նոս ­Ղաւ­րօղ­լու, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեան, ­Նի­քէա­յի քա­ղա­քա­պետ պրն. Ղ. Իոա­քի­մի­տիս, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն.­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Կ.Կ.­ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պրն.­Քե­րոբ Է­քի­զեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տի­կին ­Լի­զէթ ­Շան­կա­յեան-­Գի­րա­զեան, Ու­սում­նա­կան ­Խուր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն.­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, հայ կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նորդ ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեան, Ատ­տի­կէի հա­յոց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ «­Հա­մազ­գա­յին»ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն­նե­րու եւ «­Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կան ­Հիմ­նադ­րա­մի յանձ­նա­խում­բին, ­Բի­րէա­յի դպրոց­նե­րու գոր­ծա­դիր տնօ­րէն պր.­Լէո­նի­տաս ­Նի­քաս, ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի շա­ռա­ւիղ­ներ, վար­ժա­րա­նիս բա­րե­րար­ներ, ­Նի­քէա­յի Ու­սու­ցիչ­նե­րու ­Միա­ցեալ ­Կազ­մի ա­տե­նա­պետ պրն. Ղ. ­Տի­միդ­րա­քո­փու­լոս, շրջա­նի դպրոց­նե­րու խորհր­դա­տու­ներ եւ գոր­ծըն­կեր­ներ, հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ ան­դամ­ներ, վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան վար­չու­թեան կազ­մը, շուրջ 400 կրթա­սէր հայ­րե­նա­կից­ներ եւ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­ներ։
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը՝ դպրո­ցի ու­սու­ցիչ Ա­պա­րեան ­Խա­չիկ, բաց­ման խօս­քին մէջ, ի մի­ջի այ­լոց՝ ը­սաւ նաեւ.- «..Կր­թա­կան հաս­տա­տու­թեան մը 90ա­մեա­կին նշու­մը ար­դէն ինք­նին կա­րե­ւոր ե­ղե­լու­թիւն մըն է, մա­նա­ւանդ երբ գա­ղու­թի մը ի­րա­գոր­ծումն է… ­Մեր դպրո­ցը ե­թէ ոչ ա­մե­նա­հի­նը, ­Նի­քէա­յի ա­ռա­ջին դպրոց­նե­րէն ե­ղաւ։ …Ծ­նաւ դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ, սա­կայն մին­չեւ այ­սօր կը գոր­ծէ, ա­ռաջ­նա­հերթ է իր ար­դի ման­կա­վար­ժու­թեամբ… եւ այս բո­լո­րը կա­րե­լի պի­տի չըլ­լար ա­ռանց գա­ղու­թի կա­ռոյց­նե­րուն՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան, Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան…»։
­Յա­ջոր­դեց ցու­ցադ­րու­թիւ­նը վար­ժա­րա­նի 90 տա­րո­ւան ու­ղե­ւո­րու­թեան տե­սե­րի­զին, որ կ­՛ընդգր­կէր նաեւ երկ­լե­զու բա­նա­ւոր յի­շա­տակ­ներ ու սրտի խօս­քեր նախ­կին ու ներ­կայ տնօ­րէն­նե­րէն՝ Մկր­տի­չեան ­Կի­րա­կոս, ­Մի­նա­սեան ­Հայ­կա­նուշ, նախ­կին ու ներ­կայ ու­սու­ցիչ­նե­րէն՝ Էլ­մա­սեան ­Շա­քէ, ­Մի­նա­սեան ­Քո­ւին, Ա­պա­րեան ­Խա­չիկ եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն՝ ­Ֆա­րա­ճեան ­Շա­հան եւ Ա­ւա­գեան ­Յա­կոբ։
Ա­պա տնօ­րէ­նու­հին՝ ­Մի­նա­սեան ­Հայ­կա­նուշ բա­րի գա­լուս­տի խօս­քին մէջ, մէջ­բե­րաւ նաեւ դպրո­ցին ա­նո­ւա­նու­մը՝ «­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան».- «…ին­չո՞ւ մեր հիմ­նա­դիր­նե­րը ա­նոր ա­նու­նը տո­ւին, ո՞վ էր ան, ի՞նչ էր ա­նոր տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ ­Պա­տաս­խա­նը պի­տի տայ պրն. Ա­պա­րեան ­Խա­չի­կը. ան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեան մարդն ու գոր­ծի­չը»։ ­Միա­ժա­մա­նակ՝ բե­մի պաս­տա­ռին վրայ ե­րեւ­ցաւ 6րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն գծագ­րու­թիւ­նը (պատ­րաս­տե­ցին հե­տե­ւե­լով նկա­րիչ ­Լութ­ֆիկ ­Զա­տի­կեա­նի ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն), հիմ­նո­ւած ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի մա­սին հե­տե­ւեալ գրու­թեան վրայ. բնագ­րէն փոքր բա­ժին մը ար­տա­սա­նեց տնօ­րէ­նու­հին, իսկ յու­նա­րէ­նի թարգ­մա­նու­թիւ­նը կ­՛ե­րե­ւէր գե­ղան­կար­չու­թեան հետ զու­գա­հեռ.- «­Տե­սու­չը կ­՛անց­նէր գիւ­ղե­րէն, ձեռ­քը հո­վո­ւա­կան գա­ւա­զան մը։ ­Հա­գած էր պար­զուկ ու անխ­նամ։ Ու­սէն կա­խուած էր կա­շիէ պա­յու­սակ մը, ուր զե­տե­ղո­ւած էին իր տետ­րե­րը եւ կտոր մը հաց։ Ա­լե­խառն մօ­րուքն ու մա­զե­րը հո­վին տո­ւած՝ կ­՛անց­նէր ծաղ­կած ան­դաս­տան­նե­րէն…։ … Ան տաք ու հա­մա­տա­րած շուն­չի մը պէս կը բա­ցո­ւէր իր շրջա­պա­տին վրայ, կ­՛ընդգրկէր հայ հողն ու գիւ­ղա­ցին, մարդն ու բնու­թիւ­նը։ Ա­նոր տես­քէն կ­՛ար­տա­ցո­լար հա­մակ նո­ւի­րում մը. կար­ծես, թէ լեռ­նե­րէն նոր ի­ջած հի­նա­ւուրց ճգնա­ւոր մըն էր, ո­րու լռու­թե­նէն ի­մաս­տու­թիւնն ու բա­րու­թիւ­նը կը կաթկ­թէին…»։
Ա­պա­րեան ­Խա­չիկ յու­նա­րէն լե­զո­ւով ներ­կա­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուց ­Սի­մոն ­Զա­ւա­րեա­նի կեն­սագ­րա­կա­նը։ ­Տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ ա­նոր մա­սին. գա­ղա­փա­րա­խօս մար­դը, հա­յու­թեան խիղ­ճը, յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի­չը։
­Յայ­տա­գի­րը մէջ ընդ մէջ կը բո­վան­դա­կէր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան միջ­նա­րար­ներ։ Այս­պէս, դպրո­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն՝ ­Մի­նա­սեան Ա­զատ եւ ­Խա­չատ­րեան ­Մա­րիան­նա մե­ներ­գե­ցին «­Հին­կա­լա» եր­գը։ Ի­րենց ըն­կե­րակ­ցե­ցան 6րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Է­քի­զեան ­Նա­թա­լի՝ թաւ-ջու­թա­կով եւ ­Մար­տի­կեան ­Մա­րիա՝ դաշ­նա­կով։
­Սի­րե­լի հան­դի­սա­վա­րը բեմ հրա­ւի­րեց, ի­րենց ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը ար­տա­սա­նե­լու հա­մար, յա­ջոր­դա­բար Ու­սում­նա­կան ­Խուր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը, Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ.Վրչ. ա­տե­նա­պե­տու­հին, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Հ.Հ.­պա­րոն դես­պա­նը, ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րը եւ ­Գե­րաշնորհ Ա­ռաջ­նոր­դը։ ­Հարկ է նշել, թէ կրթու­թեան նա­խա­րա­րը, շնոր­հա­ւո­րե­լէ ետք դպրո­ցը, ան­գամ մը եւս շեշ­տեց ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թիւ­նը. հո­գա­տար ըլ­լալ մեր դպրոց­նե­րու յոյն եւ հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն նկատ­մամբ.-«…­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը չ­՛օգ­ներ, այլ՝ պար­տա­ւո­րու­թիւնն է օ­ժան­դա­կե­լու եւ ա­մէն գնով բաց պա­հե­լու դպրոց­նե­րը…»: ­Նաեւ՝ յայտ­նեց նա­խա­րա­րու­թեան ցան­կու­թիւ­նը եւ բաղ­ձան­քը հա­յա­գի­տու­թեան ամ­պիոն հիմ­նե­լու Ք­սա­թիի ­Տի­մոք­րի­թիօ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:
Այ­նու­հե­տեւ բա­ցա­ռիկ կա­տա­րու­մով հան­դէս ե­կաւ հան­րա­ճա­նաչ կի­թա­ռիստ ­Յա­կոբ (Եա­քո­վոս) ­Գո­լա­նեան։ ­Սի­րե­լի շրջա­նա­ւար­տը նո­ւա­գած կտո­րը ձօ­նեց վաս­տա­կա­ւոր ու­սուց­չու­հի Աւ­շա­րեան ­Գե­ղա­նոյ­շի յի­շա­տա­կին։ Ա­պա օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը՝ վար­ժա­րա­նիս վաս­տա­կա­ւոր տնօ­րէն Մկր­տի­չեան ­Կի­րա­կոս, փո­խան­ցեց օ­րո­ւան պատ­գա­մը (­Խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին)։
­Նա­խակր­թա­րա­նիս ա­շա­կերտ­նե­րը եր­գե­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան եր­կու եր­գեր։ Դպ­րո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րը եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը յա­ջոր­դա­բար պա­րե­ցին հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին պա­րեր, խան­դա­վա­ռե­լով ներ­կա­նե­րը:
­Պա­րոն հան­դի­սա­վա­րը, փակ­ման խօս­քէն ա­ռաջ, ներ­կա­յա­ցուց 90ա­մեա­կին առ­թիւ հրա­տա­րա­կուած 128 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած երկ­լե­զու գու­նա­ւոր յու­շա­մա­տեա­նը, որ բա­ցի շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն եւ դպրո­ցի 90 տա­րո­ւան ա­ռօ­րեա­յէն առ­նո­ւած նկար­նե­րէն, կը ներ­փա­կէ ­Մեծն ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փա­ռին եւ յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր Օրհ­նու­թեան ­Գի­րե­րը, Կր­թու­թեան ­Նա­խա­րա­րին ու Հ.Կ.­Խա­չին Շրջ.Վրչ. շնոր­հա­ւո­րա­գիր­նե­րը եւ 90 տա­րի­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ու­ղե­ւո­րու­թեան հա­կիրճ պատ­մա­կան անդ­րա­դարձ մը։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց «մեծ ու պզտիկ» մե­կե­նաս­նե­րուն ու բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի 90ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նը յա­ջո­ղի։ Ի մաս­նա­ւո­րի՝ վար­ժա­րա­նիս 70ա­մեա­կին առ­թիւ հրա­տա­րա­կո­ւած ա­ռա­ջին յու­շա­մա­տեա­նի մե­կե­նա­սին՝ Աւ­շա­րեան ­Գե­ղա­նոյ­շին, վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ յատ­կա­պէս տնօ­րէ­նու­հիին, որ հա­ւա­տաց, կառ­չած մնաց ու ճիգ չխնա­յեց այս ձեռ­նար­կու­թեանց ի­րա­կա­նաց­ման ու յա­ջո­ղու­թեան հա­մար: Հ.Կ. ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հիին՝ Ե­զե­կիէ­լեան ­Նո­յե­մի, ան­դա­մու­հի ­Գէոր­գեան ­Մա­րի­ռոզ եւ ան­դամ­նե­րուն, «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի ­Խոր­հուր­դին, դպրո­ցի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հիին՝ ­Մա­նի­կեան-­Չա­լեան Էլ­վա­նիկ եւ ան­դա­մու­հի­նե­րուն, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Պա­րի ­Միա­ւո­րին, յատ­կա­պէս պա­րու­սոյց­նե­րուն՝ Է­կեան Էտ­կար, ­Պօ­ղո­սեան Ան­նա, ­Մար­տի­րո­սեան ­Ռո­զա:
­Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ազ­գա­յին ո­գերգ­նե­րով փա­կո­ւե­ցաւ Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին 90ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին նո­ւի­րուած տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը։
­Շա­բաթ՝ 20 ­Հոկ­տեմ­բեր 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9:30էն ետք, «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան – ­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հա­մախմբ­ման — Reunion Party — պար-հա­ւա­քոյ­թը: ­Ձեռ­նար­կին հա­սոյ­թը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն կրթա­թո­շա­կին: Այս ուղ­ղու­թեամբ մեր շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք հե­տե­ւեալ­նե­րուն՝ օր. Ե­զե­կիէ­լեան ­Լու­սի, պա­րոն­ներ Ե­ղի­շէ­յեան ­Սեր­ճօ, ­Սե­րո­բեան ­Յա­րութ, ­Տէօք­մէ­ճեան ­Սեր­գօ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Գո­քի­նիոյ «­Փո­թո­րիկ» խում­բի վար­չու­թեան ըն­կեր­նե­րուն, վար­ժա­րա­նի Շր­ջա­նա­ւարտ­նե­րու ­Միու­թեան վե­րա­կազ­մուած յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն՝ Սլտ­րեան ­Նո­րա, ­Չեր­չեան Ար­միկ, Ա­ճէ­մեան Ար­մէն ­Հայ­կի, Ա­ճէ­մեան Ար­մէն ­Յա­րու­թիւ­նի, Ե­զե­կիէ­լեան ­Վի­գէն, ­Սա­վու­լեան ­Վազ­գէն ու բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լե­րե­ցին ու սա­տա­րե­ցին հա­ւա­քոյ­թի նպա­տա­կին յա­ջո­ղու­թեան:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին՝
Տ­նօ­րէ­նու­թիւն՝ Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի