«Արմսես» գիտակրթական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան եւ Երեւանի Պետական Համալսարանի ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի միացեալ ջանքերով գործարկուած է «Ապրիլեան պատերազմ 2016» կայքը www.april2016.am:
«Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամ»էն News.amին յայտնած են, որ կայքը նուիրուած է 2016 Ապրիլեան պատերազմին, տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն, զոհուած հերոսներու կեանքի ու սխրանքի պատմութեան, հայ-ատրպէյճանական պատերազմի ներկայ փուլին: Կայքին մէջ, ընթերցողին հետ հարց ու պատասխանի ձեւաչափով լուսաբանուած են պատերազմի ներկայ փուլի ընթացքը, անոր դրդապատճառներն ու յաղթահարման հնարաւոր տարբերակները, առաջնագիծի վրայ զինծառայողներու հերոսութեան ներկայացման համաշարին վրայ պարզաբանուած է պատերազմական պայմաններուն մէջ թիկունքի եւ առհասարակ քաղաքացիական բնակչութեան դերակատարութիւնը:
«Ապրիլեան պատերազմ 2016» կայքին մէջ ներկայացուած են վերլուծական բնոյթի նիւթ-տեղեկագիրներ` յօդուածներ, հարցազրոյցներ, ժամանակագրութիւն, որոնք լոյս կը սփռեն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան եւ Հայաստանի ռազմավարական մտահոգութիւններուն վրայ եւ կրնան օգտակար ըլլալ թէ՛ հայկական, թէ՛ օտարերկրեայ լսարանի համար:
Կայքը ունի նաեւ ատրպէյճաներէն էջ, ուր ներկայացուած են հակառակորդին լսարանը հետաքրքրող այն հարցերուն պատասխանները, որոնք ատրպէյճանցի աշխոյժ օգտատէրները յաճախ կը փորձեն ստանալ ուղղակի հայկական կողմէն: Կայքը չծանրաբեռնելու համար այդ էջը հասանելի է միայն ատրպէյճանցի օգտատէրներուն:
www.april2016.am
Գործարկուած է «Ապրիլեան պատերազմ 2016» կայքը