«­Լու­սան­կար­ներ, ո­րոնք ցոյց կու տան ա­ռա­ջին կին կռո­ւող­նե­րը՝ քա­նի մը տաս­նա­մեա­կի պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին»: Ըստ Panorma.amի՝ այս­պէս վեր­նագ­րո­ւած է Washington Postի հայ­կա­կան բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող աղ­ջիկ­նե­րուն ու ե­րի­տա­սարդ կի­նե­րուն մա­սին հրա­պա­րա­կու­մը:
«­Տաս­նեակ տա­րի­ներ տե­ւող հա­կա­մար­տու­թեան ըն­թաց­քին, ան­ցեալ տա­րի ­Կով­կա­սի մէջ, Ատր­պէյ­ճա­նի ու հա­յե­րու զի­նո­ւած ու­ժե­րուն մի­ջեւ քա­նի մը բա­խում­ներ պատ­ճառ դար­ձան, որ շատ ե­րի­տա­սարդ կի­ներ ու աղ­ջիկ­ներ վի­ճար­կեն ա­ւան­դա­կան ի­րենց դե­րը ու զէնք վերց­նեն: Ա­նոնք ա­ռա­ջա­մար­տիկ­ներ են, ո­րոնք կը դի­մադ­րեն շատ պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ո­րո­շած են աս­պա­րէզ ու­նե­նալ այն­տեղ, ուր կի­նե­րը դեռ մուտք չեն գոր­ծած»,- կը գրէ թեր­թը:
Աղ­բիւ­րը կը նշէ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղաք Ե­րե­ւա­նի մէջ 23 աղ­ջիկ ա­ռա­ջին ան­գամ ռազ­մա­կան ու­սում­նա­րան ըն­դու­նո­ւե­ցաւ 2014ին, իսկ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ` ան­ցեալ տա­րի:
­Լու­սան­կա­րի­չը այ­ցե­լած է Ե­րե­ւա­նի ու Ս­տե­փա­նա­կեր­տի ռազ­մա­կան բարձ­րա­գոյն հաս­տա­տու­թիւն­ներ: Ան նշած է, որ չնա­յած շատ ըն­տա­նիք­ներ ու­նին բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յող­ներ, բայց կի­նե­րու ծա­ռա­յե­լուն դէմ են:
«­Կա­նայք պէտք չէ բա­նա­կի մէջ ըլ­լան, ա­տի­կա ա­նոնց տե­ղը չէ: Ա­նոնք ուղ­ղա­կի նման չեն տղա­մար­դոց»,- ը­սած է Ե­րե­ւա­նի ռազ­մա­կան ու­սում­նա­րա­նի հրա­մա­նա­տար­նե­րէն մէ­կը:
Չ­նա­յած բազ­մա­թիւ խո­չըն­դոտ­նե­րուն` աղ­ջիկ­ներն ու ե­րի­տա­սարդ կի­նե­րը ի­րա­րու հետ ստեղ­ծած են ա­մուր կա­պեր:
«­Սո­վո­րա­բար, ե­րի­տա­սարդ կի­նը չի լքեր ծնող­նե­րուն տու­նը, քա­նի դեռ ա­մուս­նա­ցած չէ: Ա­մուս­նա­նա­լէն ետք ան կ­՝ապ­րի ա­մու­սի­նի ըն­տա­նի­քին հետ: ­Կը կար­ծեմ, որ նաեւ այս պատ­ճա­ռով է, որ կի­նե­րը կը ստեղ­ծեն ա­մուր ըն­կե­րու­թիւն, ա­նոնք ա­ւե­լին են, քան դա­սըն­կեր­նե­րը, նման են ըն­տա­նի­քի»,- նշած է լու­սան­կա­րի­չը։