Գեր­մա­նիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն գոր­ծե­լաո­ճը նա­ցի­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հետ հա­մե­մա­տած ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­չեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի խօս­քե­րուն մէջ իւ­րա­յա­տուկ ան­պար­կեշ­տու­թիւն կայ,- բրի­տա­նա­կան «­Տը Ին­տի­փեն­տընթ» (The Independent) թեր­թին մէջ գրած է ­Ռա­պըրթ ­Ֆիսք:
Էր­տո­ղան վեր­ջերս յայ­տա­րա­րեց, որ այն օ­րո­ւը­նէ, երբ ­Պեր­լի­նը ար­գի­լեց երկ­րի տա­րած­քին թրքա­կան քա­ղա­քա­կան հան­րա­հա­ւաք­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը, ­Գեր­մա­նիան նա­ցիա­կան գոր­ծե­լաոճ կը վա­րէ, բան մը, որ Էր­տո­ղան պար­բե­րա­բար կ­՛ը­նէ իր երկ­րին մէջ՝ ար­գի­լե­լով հան­րա­հա­ւաք­նե­րը: ­Հար­ցը այն չէ, որ ­Գեր­մա­նիան ա­մէն օր ցա­ւակ­ցու­թիւն կը յայտ­նէ Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին Եւ­րո­պա­յի հրեա­նե­րու ոչն­չաց­ման առն­չու­թեամբ, ոչ ալ այն, որ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն փախս­տա­կան­նե­րը իր եր­կի­րին մէջ պա­հե­լու ­Մեր­քէ­լի քա­ղա­քա­կա­նօ­րէն խո­ցե­լի ո­րո­շու­մը՝ ­Հիթ­լե­րի յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ա­պաշ­խա­րան­քի ա­մե­նա­մեծ քայլն էր, այլ այն, որ Էր­տո­ղա­նի սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը չէ­զոք մնա­ցած է Երկ­րորդ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին:
­Նա­ցի­նե­րը, ո­րոնց Էր­տո­ղան կը ձե­ւաց­նէ, թէ այդ­քան կ­՛ա­տէ, բա­ւա­կան կը սի­րէին ­Թուր­քիան: Ոչ միայն ­Թուր­քիան չէ­զոք դեր պահ­պա­նեց պա­տե­րազ­մին մէջ, այլ նա­ցիա­կան թեր­թե­րը 1930ա­կան­նե­րու սկիզ­բէն ի վեր պար­բե­րա­բար կը գո­վա­բա­նէին «թրքա­ցո­ւած» պե­տու­թիւ­նը, որ յա­ռա­ջա­ցած էր Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ա­ւե­րակ­նե­րէն: ­Սա նուրբ յղում էր 1915 թո­ւա­կա­նին իր քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նու­թեան մէ­կու­կէս մի­լիոն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ «ցե­ղա­յին մաք­րու­թեան», հո­լո­քոսթ՝ որ խո­րա­պէս ազ­դած է ­Հիթ­լե­րի վրայ Եւ­րո­պա­յի հրեա­նե­րը ոչն­չաց­նե­լու ո­րո­շու­մը կա­յաց­նե­լու ա­տեն: ­Պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ թեր­թե­րուն տո­ւած քա­նի մը հար­ցազ­րոյց­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Հիթ­լեր անդ­րա­դար­ձած է հայ­կա­կան կո­տո­րած­նե­րուն մա­սին՝ Եւ­րո­պա­յի սե­փա­կան մո­ռա­ցու­թեան: Ան նոյ­նիսկ հար­ցու­ցած է.- «Ո՞վ այժմ կը յի­շէ զա­նոնք», 1939ին, նախ­քան ­Լե­հաս­տան ներ­խու­ժե­լը՝ որ­պէս հրեա­նե­րը սպան­նե­լու բաց հրա­ւէր:
Եւ երբ ­Մեր­քէ­լի ­Գեր­մա­նիան մշտա­պէս զղջում կը յայտ­նէ հրեա­նե­րու հո­լո­քոս­թին հա­մար, Էր­տո­ղան նոյ­նիսկ չ­՛ըն­դու­նիր 1915 թո­ւա­կա­նին իր հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու նկատ­մամբ ­Թուր­քիոյ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած հո­լո­քոս­թը: ­Ժա­մա­նա­կա­կից թուր­քե­րը, ո­րոնք խօ­սած են ցե­ղաս­պա­նու­թեան այս սար­սա­փե­լի նա­խա­դէ­պին մա­սին, յայտ­նո­ւած են ա­զա­տազր­կո­ւե­լու սպառ­նա­լի­քին տակ: ­Նոյ­նիսկ այ­սօր ­Կա­զիան­թե­փի հայ­կա­կան մայր տա­ճա­րը կը գոր­ծէ որ­պէս մզկիթ, մինչ­դեռ ­Մեր­քէ­լի ­Գեր­մա­նիան վե­րա­կանգ­նած է հրէա­կան սի­նա­կոկ­նե­րը, զորս նա­ցի­նե­րը ոչն­չա­ցու­ցած էին 1938ի ­Նո­յեմ­բե­րին:
«­Բո­լո­րո­վին պա­տա­հա­կան կեր­պով, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ այս ամ­րան ու­շագ­րաւ գիրք մը տպագ­րո­ւած է թրքա­կան բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յած ե­րի­տա­սարդ հա­յու մը՝ մին­չեւ հի­մա չլսո­ւած պատ­մու­թեան մա­սին. ան ծա­ռա­յած է բա­նա­կի շար­քե­րուն մէջ այն ժա­մա­նակ, երբ այդ բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րը կը սպան­նէին իր սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս իր ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րը: Ա­նի­կա կը ներ­կա­յաց­նէ Ե­րո­ւանդ Ա­լեք­սա­նեա­նի անձ­նա­կան պատ­մու­թիւ­նը՝ բա­ւա­կան ա­ռատ քա­նա­կու­թեամբ ա­նա­ռար­կե­լի փաս­տե­րով, ո­րոնք թոյլ չեն տար թուրք «ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հեր­քող­նե­րուն» գիր­քը կեղ­ծիք ա­նո­ւա­նե­լու: ­Գիր­քին նա­խա­բա­նը գրած է Իս­րա­յէ­լի գլխա­ւոր ցե­ղաս­պա­նա­գէտ Իս­րա­յէլ ­Չար­նի, իսկ զայն խմբագ­րած է Ե­րո­ւան­դի դուստ­րը՝ Ատ­րիան Ա­լեք­սա­նեան»,- կը գրէ հե­ղի­նա­կը:
«Ա­նի­կա պատ­մու­թիւն մըն է, զոր Էր­տո­ղան պէտք է կար­դայ եւ բարձ­րա­ձայ­նէ ու տա­րա­ծէ, քա­նի որ ա­նի­կա կը նե­րա­ռէ շատ ա­ւե­լի «նա­ցիա­կան գոր­ծե­լա­կերպ», քան ­Պոլ­սոյ նոր սուլ­թա­նը եր­բե­ւէ կը ցան­կար ըն­դու­նիլ»,- կը գրէ հե­ղի­նա­կը: Ե­րո­ւան­դը, որ ողջ մնա­ցած է եւ ար­տա­գաղ­թած ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, շարք մը նա­մակ­ներ յղած է ա­մե­րի­կա­ցի քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու իր ժո­ղո­վուր­դի սպա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լէ հրա­ժա­րող ­Թուր­քիոյ կե­ցո­ւած­քին մա­սին: ­Հայ­կա­կան ­Հո­լո­քոս­թի մա­սին ա­նոր պատ­մու­թիւնն է, որ­մէ պէտք է ամչ­նայ սուլ­թան Էր­տո­ղան,- կ­՛եզ­րա­փա­կէ ­Ռա­պըրթ ­Ֆիսք: