Միացեալ Թագաւորութեան ընդդիմադրութեան ներկայացուցիչները յորդորած են վարչապետ Թերեզա Մէյը՝ հետաքննութեան սկսելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դրամի լուացման գործին շուրջ եւ ատոր մէջ բրիտանական ընկերութիւններու ունեցած ներգրաւուածութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ բրիտանական հեղինակաւոր The Guardian թերթը:
Ի պատասխան ընդդիմադրութեան ներկայացուցիչներու պահանջին` Մէյի խօսնակը յայտնած է, որ «յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւն»ը պիտի ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները: «Գրասենեակը պիտի ուսումնասիրէ` արդեօք կարիք կա՞յ հետաքննութեան սկսելու»,- ըսած է խօսնակը:
«Ժամանակն է հրապարակայնօրէն լուալու աղտոտ սպիտակեղէնը եւ յստակ պարզելու, թէ ո՛վ վճարած է եւ ինչո՛ւ: Մենք ամբողջական հետաքննութեան կարիք ունինք` համոզուելու, որ աղտոտ դրամները չեն օգտագործուած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ազդեցութիւն գնելու նպատակով»,- ըսած է ազատական-ժողովրդավարներու նախկին առաջնորդ Թիմ Ֆարոն:
Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Մարգարիտ Հոտճ ընդգծած է, թէ այնքան ատեն որ իրենք դեռ չեն գիտեր, թէ որո՛նք տնօրինած են իրենց երկրին մէջ անօրինական գործունէութիւն ծաւալած չորս ընկերութիւնները, նման անընդունելի փորձառութիւն մը կրնայ կրկնուիլ:
Աշխատաւորական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փիթըր Տոուտ նշած է, որ դրամի լուացումը մեծապէս կը վնասէ Միացեալ Թագաւորութեան տնտեսութեան եւ կ՛ապականէ հասարակութիւնը:
«Անգլօ-Ատրպէյճանական հանրութեան» անդամ Ճովտաթ Կուլիեւ, որ եղած է անօրինական գումարային փոխանցումներու շահառուներէն մէկը, այդ մասին բացայայտումէն վայրկեաններ անց՝ հրաժարական տուած է: Ան ստացած է շուրջ 400 հազար սթերլին գումար: British Petroliumի նախկին աշխատակիցը կ՛աշխատի Ատրպէյճանի պետական քարիւղային ընկերութեան համար:
«Անգլօ-Ատրպէյճանական հանրութեան» համանախագահ, ազատական-ժողովրդավար Լորտ Գերման նշած է, որ Կուլիեւ հեռացած է The Guardianի մէջ հրատարակուած յօդուածէն 9 վայրկեան ետք: Ան ընդգծած է, որ Կուլիեւին կատարուած վճարումներէն ոչ մէկ գումար փոխանցուած է «հանրութեան»:
Գերմանի ուղղուած ելեկտրոնային իր նամակին մէջ՝ Կուլիեւ չէ բացայայտած, թէ ուրկէ՛ ստացած է գումարը, սակայն ըսած է, որ անիկա օրինական է եւ «անձնական օգտագործման համար է»:
Ուշագրաւ է, որ պաշտօնական Պաքուն Ալիեւներու ընտանիքի հերթական ապօրինի գործունէութեան բացայայտման արձագանգած է շատ բուռն` անմիջապէս մեղադրանքներ յղելով The Guardianին, նաեւ ու մանաւանդ հայկական սփիւռքի հասցէին: Առաջին պաշտօնական արձագանգին հեղինակը` Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով, յայտարարած է, թէ Ալիեւներու վարչակարգը դարձած է «բրիտանական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած աղմկայարոյց արշաւի մը զոհը»: «Ե՞րբ The Guardian Ատրպէյճանի մասին ճշմարտութիւնը գրած է: Այս թերթը տասնեակ տարիներ յայտնի է հակա-ատրպէյճանական իր բնոյթով»,- նշած է Հասանով` հրապարակուած զեկոյցը «կողմնակալ, անհիմն ու սադրիչ» անուանելով:
Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի նախագահի մամուլի ծառայութենէն յայտարարած են, թէ բացայայտումներու ետին կանգնած են ամերիկացի յայտնի ներդրող եւ միլիառատէր Ճորճ Սորոս եւ անոր հետ համագործակցող հայկական լոպպիստական ընկերութիւնները: «Այն փաստը, որ The Guardianի մէջ հրապարակուած յօդուածին հեղինակներէն մէկը հայ Թինա Նահապետեանն է, ցոյց կու տայ, թէ այդ մեղադրանքներուն ետին հայկական լոպպին է»,- կ՛ըսուի նախագահականի յայտարարութեան մէջ:
Ալիեւներու կողմէ դրամի լուացման մասին նոր բացայայտումէն անմիջապէս ետք, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգելափակած են երկրին մէջ «կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման յայտագիր»ին (Organized Crime and Corruption Reporting Project) կայքը: Նոյն այս աղբիւրն էր, որ հրապարակած էր այսպէս կոչուած «ատրպէյճանական լուացքատուն» անունը ստացած գործին մանրամասնութիւնները:
«Ատրպէյճանական լուացքատուն»ը գործած է երկու տարի` մինչեւ 2014: «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման յայտագիր»ի զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ թէեւ գումարին աղբիւրը յայտնի չէ եղած, սակայն կան «բաւարար ապացոյցներ նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին հետ կապ ունենալուն վերաբերեալ»:
Կը նշուի, որ գումարին մեծ մասը վճարուած է լոպպիստներու, լրագրողներու, քաղաքական գործիչներու ու գործարարներու: Վճարման ծրագիրը յատկապէս յաջող անցած է Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին մէջ, 2013ին, Ատրպէյճանի համար խիստ կարեւոր զեկոյցի մը քուէարկութեան ժամանակ: Այդ քուէարկութիւնը, որ կապուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հետ, այժմ հետաքննութեան տակ է, ատոր հետ կապուած զեկոյցը պատրաստ պիտի ըլլայ 2017ի վերջերուն:
Ստուերային գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւնները, որոնց միջոցով գումարները վճարուած են, գործած են Միացեալ Թագաւորութեան մէջ` երկուքը Անգլիա, երկուքը` Սքոթլանտ: Ատոնք այժմ լուծարուած են: Եւրոպական յայտնի դրամատուներէն մէկը` դանիական Danske Bankը, այդ ընկերութիւններուն վճարումներ ըրած է Էսթոնիոյ իր մասնաճիւղին միջոցով:
The Guardian
Բրիտանիոյ մէջ կը պահանջեն հետաքննութեան սկսիլ՝ Ատրպէյճանի կողմէ դրամի լուացման գործին շուրջ. Պաքու կրկին կը մեղադրէ հայերը