Գերմանական «Süddeutsche Zeitung» ազդեցիկ թերթը ամբողջ էջ մը կը տրամադրէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ «Ս. Սոֆիա» տաճարը մզկիթի վերածելու որոշումին մասին։ Թերթին կողմէ ներկայացուած նիւթը կը կրէ «Հաւատքի խնդիր» խորագիրը, նշելով թէ մինչ կը սպասուի դատարանի համապատասխան որոշումը, արդէն այս հարցը երկիրը երկուքի բաժնած է։ «Ս. Սոֆիա տաճարի՝ թանգարանէ մզկիթի վերածումը յառաջ կու գայ ներքին քաղաքական հաշիւներէ։ Նախագահ Էրտողան ճնշումի տակ կը գտնուի եւ օրէ օր կը կորսնցնէ քաղաքացիներու զօրակցութիւնը, տնտեսութիւնը անկումի մէջ է, իսկ օտար զբօսաշրջիկները հեռու կը մնան թագավարակի պատճառով։ Այս օրերուն, դատարկ չէ միայն «Ս. Սոֆիա»ն, այլեւ՝ Թուրքիոյ ծովափնեայ բոլոր հիւրանոցները եւ զբօսաշրջական վայրերը։ Սակայն, արդէն 20 տարի իշխանութեան վրայ գտնուելով, Էրտողան գիտէ թէ ինչպէս պիտի ներգրաւէ, պիտի շրջապատէ եւ պիտի համոզէ իրեն քուէարկողները։ «Այիա Սոֆիա»ն՝ օսմանեան թուրքերուն կողմէ քրիստոնէական Կոստանտնուպոլսոյ գրաւման խորհրդանիշը, մէջտեղ կը բերէ հին թրքական զգացումները։ Էրտողանէն առաջ, այլ ղեկավարներ եւս սիրաբանեցան տաճարը մզկիթի վերածելու գաղափարով, սակայն ոեւէ մէկը յանդգնութիւնը չունեցաւ այդ քայլը առնելու»։
«Աթաթիւրքի ժառանգութիւնը…»
Գերմանական թերթը կը նշէ, թէ հարցը կապ ունի Աթաթիւրքի թողած ժառանգութեան հետ։ Ան էր, որ 1935ին, 500 տարի որպէս մզկիթ գործածուող տաճարը վերածեց թանգարանի։ Այդ քայլը, մաս կը կազմէր իր ամբողջական քաղաքականութեան՝ նոր ազատական Թուրքիան վերածել աշխարհիկ պետութեան։ Սակայն, այս պահուն, երբ քաղաքական ճնշումները Էրտողանին վրայ աւելի քան ցայտուն դարձած են, մինչեւ վերջերս անհաւատալի թուացող այս քայլը կրնայ իրականութեան վերածուիլ եւ տապալել Աթաթիւրքի արմատական որոշումը։
«S.Z.» թերթը կը մատնանշէ, թէ այս հարցը կը պառակտէ այսօրուան Թուրքիան։ «Մէկ կողմէն Էրտողանի աջակիցները եւ քուէարկող խաւը, միւս կողմէն՝ իր հակառակորդները։ Մէկ կողմը կը հմայուի իսլամական երանգաւորումով պատուած խնդիրներէն, միւս կողմը՝ ոչ։ Այս է պատճառը, որ «Այիա Սոֆիա»ի մզկիթի վերածումը դժգոհութիւն կը պատճառէ աշխարհիկ պետութեան կողմնակիցներուն, քեմալականներուն եւ Էրտողանի մնացեալ հակառակորդներուն, ապա անոնցմէ կը խլէ «մաս մը հայրենիքէն»։ Հետեւաբար, չենք խօսիր միայն 3000 ուղղափառ քրիստոնեաներու մասին (կ՚ակնարկէ յունական համայնքին – Խմբ.), այլեւ … կէս Թուրքիոյ մասին», կ՚եզրակացնէ թերթը։ Նշենք, որ «Ս. Սոֆիա»ի հարցին մասին, Թուրքիոյ դատաւորներուն կողմէ որոշումը պիտի կայացուի 2 Յուլիսին։