Յունահայ մեր երիտասարդներէն` Յարութ Թորոսեան, որ կը զբաղի երաժշտութեամբ, 16 Յունուար 2021-ին «Youtube»-ի վրայ ներկայացուց իր վերջին լսատեսողական երիզը, որ հիմնուած է «System Of A Down»-ի երաժշտական տեսահոլովակին վրայ:
«Protect the land» խորագիրով պատրաստած աշխատանքին միջոցով՝ Յարութ կ՚ուզէ յարգանքի տուրք մատուցանել իր հայրենակիցներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացնել Արցախի ահաւոր պատերազմը՝ զինուորներու, ծնողներու, երեխաներու դէմքերուն վրայ երեւցող ցաւէն, տխրութենէն, քաջութենէն:
Այս աշխատանքը կատարած է իր գործընկերներուն հետ՝ Տիմիթրիս Եորղուսոփուլոս — լուսանկարչութեան տնօրէն, Մարիա Տրաքոփուլու — բեմադրիչի օգնական, Ալեքսանտրոս Միթրոս — երգ — ձայնագրութիւն:
Տեսանիւթի վերջաւորութեան, մէկ վայրկեան լռութիւն կը պահուի՝ ի յիշատակ պատերազմի զոհուած զինուորներուն: Նաեւ, Յարութ Թորոսեան կոչ կ՚ուղղէ նուիրատուութիւն կատարել պատերազմէն տուժածներուն համար «www.armeniafund.org» (Հայաստան համահայկական հիմնադրամ) Ֆոնտին:
Տեսահոլովակը կարելի է դիտել «https://youtu.be/7_36EnYqhlA» յղումով: