Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի եւ «Feelgood» շարժապատկերի ընկերութեան համագործակցութեամբ, Երեքշաբթի՝ 10 Հոկտեմբերին, Աթէնքի «Աթինէոն» սրահին մէջ, առաջին ներկայացումը կատարուեցաւ «Խոստումը» ժապաւէնին։ Յունաստանի տարածքին ներկայացումները կը սկսին այսօր 12 Հոկտեմբերին, աւելի քան 70 սրահներու մէջ։
Ծանօթ բեմադրիչի եւ համբաւաւոր դերասաններու ներկայութեամբ յատկանշուած Հոլիվուտեան այս ֆիլմը սիրային պատմութիւն մըն է, որ միաժամանակ կը բացայայտէ Հայոց Ցեղասպանութեան ամէնէն ողբերգական էջերը, ցոյց տալով հայ ազգին դէմ Թուրքիոյ բնաջնջման նախամտածուած քաղաքականութիւնը։
Կարելի է լաւապէս ըմբռնել, թէ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ժապաւէնի մը նկարահանումը, դիւրին գործ չէ, ո՛չ արտադրիչներու, ո՛չ նկարահանողներու, ո՛չ ալ տարածումի գործով զբաղող մարդոց եւ հաստատութիւններուն համար։
«Խոստումը» ժապաւէնը կարողացաւ յաղթահարել բոլոր այդ դժուարութիւնները եւ իր ներկայացումը պարտադրել շարժապատկերի միջազգային շուկային մէջ։
Աթէնքի մէջ առաջին ներկայացման համար «Աթինէոն» սրահը գտնուեցան Յունահայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ կրօնից դասը, յարանուանութեանց պետերը, Յունաստանի մօտ ՀՀ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան եւ դեսպանութեան անձնակազմը, Յունաստանի մօտ օտար դեսպանութեանց պատասխանատուներ, ազգային-գաղութային եւ կուսակցական կառոյցներու վարչականներ, յոյն հրաւիրեալներ, քաղաքապետներ, դերասաններ ու բեմադրիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ պոնտոսցի բարեկամներ։
Յունաստանի մէջ Հայ Դատի Յանձնախումբի ջանքերով յաջողուած ներկայացման անդրադարձաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Սերգօ Գույումճեան, շնորհակալութիւն յայտնելով «Feelgood» ընկերութեան, իրենց համագործակցութեան համար եւ բացատրելով, թէ նոյն պահուն երկրորդ ներկայացում մը կը կատարուի նոյն շարժապատկերի այլ սրահէ մը ներս, ուր յատկապէս հրաւիրուած են մասնակցելու լրագրողներ եւ մշակութային հարցերու մասնագէտներ։ Ան տեղեկացուց հանդիսատեսներուն, թէ նոյն օրը նաեւ Կիպրոսի մէջ առաջին ներկայացումը կը կատարուի ժապաւէնին։
Յաջորդաբար հանդէս եկաւ «Feelgood» ընկերութեան պատասխանատու տիկ. Իրինի Սուղանիտու բացատրելով, թէ ծախսոտ եւ խնամուած արտադրութիւն մըն է ժապաւէնը, որու Յունաստանի մէջ ներկայացման գործը մեծ պատրաստակամութեամբ ստանձնեց «Feelgood»՝ գիտակցելով, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը պէտք է լուսաբանուի ժողովուրդին մօտ։
Յուզիչ մթնոլորտի մէջ հանդիսատեսները հետեւեցան պաստառին վրայ պարզուող դէպքերուն։
Տպաւորիչ, ուժեղ ու սրտաշարժ էին պատկերները, եւ շատ հարազատ մեզի համար։ Հաճելի էր նաեւ վերջաւորութեան լսել արեւմտահայերէնով հնչած գլխաւոր դերասանի «Կենաց»ը, որ այնքան վաւերական հնչեց մեր ականջներուն։
«Խոստումը» ժապաւէնի գլխաւոր առաւելութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր կողմերու ներկայացում կը կատարուի, առանց աղաւաղելու ժամանակագրութիւնը, դէպքերու աշխարհագրութիւնն ու պատմական իրականութիւնը։ Մարդկային զգայնութիւնը, ցասումը, տառապանքը, զայրոյթը, քաջութիւնը եւ լաւատեսութեամբ պայքարելու մարդու բնազդին հետ կապուած բոլոր դէպքերը՝ տրամաբանական ձեւով կը ներկայացուին պաստառին վրայ։
Արդիական ու մեծագումար այս արտադրութեան մէջ բնաւ չէ զլացուած բարձր որակ պահպանելու ճիգը։
Նկարահանումները կատարուած են Փորթուկալի, Մալթայի եւ Սպանիոյ մէջ։
Ծախսը եղած է 90 միլիոն տոլար։
Հրաւիրեցէ՛ք ձեր յոյն բարեկամները, անպայմանօրէն դիտելու ժապաւէնը։
Որքան արագ, այնքան աւելի՛ լաւ։