Հեղինակաւոր National Geographic ամսագիրը հրապարակած է համեղ սնունդ ունեցող, սակայն այդ տեսանկիւնէն քիչերուն յայտնի քաղաքներուն ցանկը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Երեւանը:
NTի լրագրող Նենսի Գափթոնի Երեւանի մէջ այցելած է կեդրոնի շրջանէն ներս գտնուող շարք մը յայտնի ճաշարաններ ու սրճարաններ, ուր համտեսած է տարբեր կերակրատեսակներ` առանձնակի ուշադրութիւն դարձնելով աւանդական տոլմային եւ, ի հարկէ, խորովածին։ Այս մասին կը փոխանցէ Tert.am:
Նշենք, որ Գափթոնի Երեւանի մէջ յատկապէս սիրած է Քասքատը` իր բազմաթիւ հիւրընկալ սրճարաններով:
Յայտնի է, որ Երեւանէն զատ` 6 հորիզոնականէ բաղկացած ցանկին մէջ ներառուած են նաեւ Պուտափեշտը (Հունգարիա), Տիթրոյտը (Ա.Մ.Ն.), Սանթեակոն (Չիլի), Տաքարը (Սենեկալ) եւ Վելինկթընը (Նոր Զելանտիա):
National Geographic
National Geographic Երեւանը դասած է համեղ սնունդ ունեցող 6 քաղաքներու շարքին