«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

­Ցե­ղաս­պա­նա­գէտ փրոֆ. Եա­յիր Օ­րո­նի «Israel et le Genocide des Armeniens» («Իս­րա­յէլ եւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը») խո­րագ­րեալ վեր­ջին հա­տո­րը լոյս տե­սած է «Sigest» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն, 2017ին: Այս ա­ռի­թով՝ «­Չօ­պա­նեան» ­Հիմ­նար­կին եւ ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ հե­ղի­նա­կը Ֆ­րան­սա հրա­ւի­րո­ւած է զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ (­Փա­րիզ, ­Տե­սին, ­Մար­սէյլ եւ ­Լիվ­րի-­Կար­կան) դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու շարք մը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար, ո­րոնց­մէ ա­ռա­ջի­նը կա­յա­ցաւ մայ­րա­քա­ղա­քի 3րդ ­թա­ղա­մա­սը գտնո­ւող «Cercle Bernard Lazare» հրէա­կան կեդ­րո­նին մէջ, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 16 ­Նո­յեմ­բե­րին: ­Հոս, յի­շե­ցու­մի հա­մար, փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով՝ ը­սենք, թէ վե­րոն­շեալ հրէա­կան կեդ­րո­նը ստեղ­ծո­ւած է ձա­խա­կող­մեան մտայ­նու­թեան տէր խումբ մը հրեա­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք «­Մե­րեց» կու­սակ­ցու­թեան կողմ­նա­կից­ներ են:
­Պեր­նար ­Լա­զար 19րդ ­դա­րու վեր­ջը եւ 20րդ ­դա­րու սկիզ­բը (1865-1903) ապ­րած հրեայ ա­նիշ­խա­նա­կան (anarchiste) մտա­ւո­րա­կան մըն է, ո­րուն պատ­րաս­տած նիւ­թե­րուն հի­ման վրայ Է­միլ ­Զո­լա հրա­տա­րա­կած է նշա­նա­ւոր «J՛accuse…!»ը («­Կը դա­տա­պար­տեմ»), որ ինչ­պէս ծա­նօթ է՝ Տ­րէյ­ֆիւս ա­նու­նով սպա­յի ան­պարտ ար­ձակ­ման հա­մար ցե­ղա­պաշ­տու­թեան դէմ գրո­ւած կա­րե­ւո­րա­գոյն յօ­դո­ւածն էր: ­Պէտք է ը­սել, թէ ­Լա­զար հա­յե­րու ջար­դե­րուն ա­ռի­թով նաեւ սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք ու­նե­ցած է եւ 1902ին «Pro Armenia»ի (Հ.Յ.Դ. ար­տա­քին-քա­րոզ­չու­թեան հան­դէս) մէջ քննա­դա­տած է ­Պա­զէ­լի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած սիո­նա­կան­նե­րու հա­մա­գու­մա­րը, ո­րու ըն­թաց­քին սիո­նա­կան շար­ժու­մը ող­ջու­նած էր Ապ­տիւլ ­Հա­միտ Բ.ը: ­Լա­զար հարց կու տար.- «Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է հա­լա­ծո­ւած հին ժո­ղո­վուրդ մը սպան­նո­ղը եւ ա­նոր ա­րիւ­նով գրո­ւած պատ­մու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւին բա­րե­ւել ու ող­ջու­նել: ­Դուք ի­րա­ւունք չու­նիք ան­պա­տո­ւե­լու ժո­ղո­վուր­դի մը գո­յա­տե­ւու­մը»:
Ե­րե­կոյ­թին ներ­կայ էին վե­րոն­շեալ կեդ­րո­նի ան­դամ­նե­րը եւ խումբ մը փա­րի­զա­հա­յեր: ­Դա­սա­խօ­սու­թեան հա­մար այս կեդ­րո­նին ընտ­րու­թիւ­նը հե­տաքրք­րա­կան էր, ո­րով­հե­տեւ ա­տով հայ-հրէա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու քննարկ­ման նոր դաշտ մը կը բա­ցո­ւէր:
Ե. Օ­րոն կը բնա­կի հրէա­կան գիւ­ղի մը մէջ, ուր կը գո­յակ­ցին հրեա­ներ եւ ա­րաբ­ներ: Naveh Shalomը Իս­րա­յէ­լի միա՛կ հա­մայնքն է, ուր այս եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը քով-քո­վի հա­մե­րաշխ կ­՛ապ­րին. ա­պա­ցոյց մը՝ հա­մա­կե­ցու­թեան կի­րար­կե­լիու­թեան:
Փ­րոֆ. Օ­րոն ­Թել-Ա­ւի­վի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս է, միա­ժա­մա­նակ հե­ղի­նակ՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին բազ­մա­թիւ գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու: Ըստ ա­նոր՝ հա­յե­րու ջար­դը որ­քան կը հե­տաքրք­րէ հա­յե­րը, նո՛յն­քան ալ՝ հրեա­նե­րը: Ան կ­՛ը­սէ, թէ հրէա­կան ոչ-կա­ռա­վա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներն ու մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան զգա­լի մա­սը յա­ճախ կը քննա­դա­տեն Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը պաշ­տօ­նա­պէս չճանչ­նա­լու կե­ցո­ւած­քը:
­Դա­սա­խօ­սու­թեան ըն­թաց­քին յար­գե­լի փրո­ֆե­սո­րը դառ­նու­թեամբ նշեց, թէ Իս­րա­յէ­լի մէջ միա՛յն ­Շօան է, որ իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն կը ճանչ­ցո­ւի: Ըստ ա­նոր՝ մտա­ւոր յե­ղա­փո­խու­թիւն մըն է հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէջ դա­սա­ւան­դել եւ ու­սու­ցա­նել բո­լոր ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րուն պատ­մու­թիւն­նե­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Իս­րա­յէ­լի պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թեան մէջ միւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը իբ­րեւ այդ­պի­սին նկա­տի չեն առ­նո­ւիր: Եր­կար տա­րի­ներ դա­սա­ւան­դե­լէ ետք ­Շօա­յի մա­սին, ան ո­րո­շած է հաս­տա­տել դա­սըն­թացք մը, որ կը կո­չո­ւի «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու պատ­մու­թեան ու­սու­ցում»: Այս կէ­տը Ե. Օ­րո­նի դա­սա­խօ­սու­թեան կա­րե­ւոր գլուխ­նե­րէն մէկն էր: Ան ը­սաւ, թէ Իս­րա­յէ­լի նման կազ­մա­կեր­պո­ւած, զօ­րա­ւոր, ան­կախ ու ժո­ղովր­դա­վար եր­կիր մը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ պէտք է ղե­կա­վար դեր ստանձ­նէ միւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ:
­Դա­սա­խօ­սը ակ­նար­կեց նաեւ Եատ ­Վա­շե­մի նման կեդ­րո­նի մը կե­ցո­ւած­քին, որ կա­ռա­վա­րա­կան հաս­տա­տու­թիւն մը չէ, այլ՝ ան­կախ հաս­տա­տու­թիւն մը. ա­նի­կա նոյն­պէս չի ճանչ­նար այլ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը։ Օ­րոն նշեց, թէ Ե­րե­ւա­նի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­սում­նա­սի­րու­թեան կեդ­րո­նին եւ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի թան­գա­րա­նին մէջ քով-քո­վի կը ցու­ցադ­րո­ւին հայ­կա­կան եւ հրէա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեանց վե­րա­բե­րող նիւ­թեր եւ փաս­տագ­րու­թիւն­ներ: ­Սա­կայն ո՛չ՝ Եատ ­Վա­շե­մի մէջ: Ան յի­շեց նաեւ ­Թութ­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ո­րուն ճա­նա­չու­մը նո՛յն­քան կա­րե­ւոր եւ հրա­տապ հարց մըն է: Փ­րոֆ. Օ­րոն ան­դա­դար շեշ­տեց Իս­րա­յէ­լի պե­տու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու կո­րուս­տը:
­Դա­սա­խօ­սը մէկ առ մէկ քննար­կեց այն բո­լոր ա­ռար­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք իր երկ­րի պե­տա­կան մար­դոց կող­մէ կը պատ­ճա­ռա­բա­նո­ւին՝ մեր­ժե­լու հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: ­Հե­տաքրք­րա­կան է, որ մեր­ժո­ղա­կան գլխա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը պատ­կա­նի նախ­կին նա­խա­գահ ­Շի­մոն ­Փե­րե­զի, ո­րուն կար­ծի­քով՝ հա­յե­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան չեն են­թար­կո­ւած, եւ հրէա­կա­նին կու տայ ե­զա­կիի ար­ժէք: ­Կան նաեւ այլ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ, ո­րոնց­մէ են՝ ­Թուր­քիոյ հետ ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թեան պատ­րո­ւա­կը, որ կ­՛ընդգր­կէ ­Թուր­քիոյ հետ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի հետ կնքո­ւած մի­լիա­ռա­ւոր տո­լար­նե­րու զէն­քի վա­ճառ­քի պայ­մա­նա­գիր­նե­րը…։ ­Պատ­մա­կա­նօ­րէն, օս­մա­նեան շրջա­նին, սպա­նա­կան հա­լա­ծանք­նե­րու են­թար­կո­ւած հրեայ գաղ­թա­կան­նե­րու հիւ­րըն­կա­լու­մը Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան մէջ միշտ դրա­կա­նօ­րէն գնա­հա­տո­ւած է հրեա­նե­րուն կող­մէ:
Փ­րոֆ. Օ­րոն խօ­սե­ցաւ նաեւ Է­լի ­Վի­զե­լի մա­սին, որ 70ա­կան­նե­րուն Եատ ­Վա­շե­մի մէջ փոր­ձած է կազ­մա­կեր­պել ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ գի­տա­ժո­ղով մը, սա­կայն վեր­ջին պա­հուն ջնջած է զայն՝ թրքա­կան պե­տու­թեան ճնշում­նե­րուն են­թար­կո­ւե­լով: ­Վի­զել իր այս քայ­լը պատ­ճա­ռա­բա­նած է՝ ը­սե­լով, թէ ­Թուր­քիոյ մէջ հրեայ կա­րե­ւոր հա­մայնք մը կ­՛ապ­րի, որ կրնայ մեծ վնաս­ներ կրել եւ ինք չ­՛ու­զեր պատ­ճառ դառ­նալ, որ ոե­ւէ հրեա­յի ա­րիւն հո­սի…։
­Պէտք չէ մոռ­նալ, որ Էր­տո­ղա­նի վար­չա­պետ ընտ­րո­ւե­լէն ետք, ­Թուր­քիա թշնա­մա­կան դիրք որ­դեգ­րած է Իս­րա­յէ­լի դէմ, որ հան­րա­յին մեծ ար­տա­յայ­տու­թիւն գտաւ ­Տա­ւո­սի մէջ, «­Մա­ւի-­Մար­մա­րա» նա­ւու դէպ­քէն եւ ա­նոր յա­ջոր­դած զար­գա­ցում­նե­րէն ետք, ո­րոնք յան­գե­ցան եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խզու­մին: ­Բայց այս ա­մէ­նով հան­դերձ՝ հրէա­կան պե­տու­թիւ­նը միշտ ալ մեր­ժած է ո­րե­ւէ քայլ առ­նել ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ուղ­ղու­թեամբ՝ վախ­նա­լով ­Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող հրեայ հա­մայն­քի գլխուն կա­խո­ւած փոր­ձանք­նե­րէն…։
­Դա­սա­խօու­թեան ա­ւար­տին հե­տաքրք­րա­կան էր հայ ունկն­դիր­նե­րէն մէ­կուն դի­պուկ յի­շե­ցու­մը, որ Ե­րե­ւա­նի մէջ զե­տե­ղո­ւած է Հ­րէից ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձան մը, ո­րուն վրա­յի եբ­րա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը կը նշէ միայն Հ­րեա­նե­րու ­Շօան, իսկ հա­յե­րէ­նով՝ յի­շա­տա­կո­ւած է եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեանց փաս­տը: