Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ զերծ մնալու ցուցարարներու դէմ բռնի ուժի գործադրումէն:
Փաստելով, որ վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ոստիկանութիւնը Երեւանի մէջ բազմիցս բռնի ուժ գործադրած է՝ յատկապէս խաղաղ հանրահաւաքները ցրելու համար, հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կառոյցը կ’ընդգծէ՝ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է պաշտպանեն իրենց քաղաքացիներու՝ խաղաղ հաւաքներ իրականացնելու իրաւունքը, կը հաղորդէ Azatutyun.amը։
«Ոստիկանութեան ցանկացած արձագանգ պէտք է ըլլայ համաչափ եւ համապատասխանէ Մ.Ա.Կ.ի չափանիշներուն»,- կը յայտարարէ Human Rights Watchը, աւելցնելով.- «Հայաստանի ոստիկանութեան համար երբեք ուշ չէ՝ հրաժարիլ անհամաչափ ուժ կիրառելու՝ իրենց աւանդական վատ գործելաոճէն»: Գերմանական «Տոյչէ Վելլէ»ն կը յիշեցնէ՝ Սերժ Սարգսեանը իշխանութեան եկաւ 2008 թուականին՝ յաղթելով նախագահական ընտրութիւններուն, որոնք զանգուածային բողոքի ցոյցերու եւ սպանութիւններով ուղեկցուած բախումներու պատճառ դարձան: Փորձագէտները կը նշեն, որ նախագահութենէն ետք վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու՝ անոր քայլը ծանօթ փորձ է ու յաճախ կիրառուած է նախկին Խ.Ս.Հ.Մ. երկիրներուն մէջ: «Ատիկա յայտնի մարտավարութիւն է յետ-խորհրդային տարածքին, ուր առաջնորդները անվերջ կը փոփոխեն Սահմանադրութիւնը՝ իրենց իշխանութիւնը յաւերժացնելու համար»,- ըսած է «Քարնեգի Եւրոպա» փորձագիտական կեդրոնի առաջատար փորձագէտ Թոմաս տէ Վաալը: Աշխարհաքաղաքական վտանգներու միջազգային վերլուծական կեդրոնը՝ Foreign Briefը կը պնդէ՝ Սերժ Սարգսեանի նշանակումը վարչապետի պաշտօնին վրայ կասկածի տակ կը դնէ Հայաստանի ժողովրդավարութեան կայունութիւնը: Միջազգային վերլուծական կեդրոնը նաեւ կը փաստէ, որ անկախացումէն ետք՝ մինչ օրս՝ ղարաբաղեան հարցն ու երերուն տնտեսութիւնը փորձութեան կ‘ենթարկեն Հայաստանի ներքին կայունութիւնը: «Այս ամէնուն վերը կաշառակերութեան մէջ մխրճուած քաղաքական համակարգն է, որ 2015ին դիմեց սահմանադրական փոփոխութիւններու՝ կեդրոնացնելով իշխանութիւնը վարչապետի ձեռքին»,- կ‘աւելցնէ Foreign Briefը: «Հաշուի առնելով Սերժ Սրագսեանի կապերը Մոսկուայի հետ՝ անոր ընտրութեամբ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ պիտի պահպանուի»,- կը պնդեն միջազգային փորձագէտները, աւելցնելով՝ Սերժ Սարգսեանի իշխանավարման դէմ ցոյցերը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի շարունակուին:
Human Rights Watch
Սարգսեանի նշանակումը վարչապետի պաշտօնին կասկածի տակ կը դնէ ժողովրդավարութեան կայունութիւնը,- Foreign Brief