Ան­ցեալ ­Շա­բաթ օր ի յայտ ե­կաւ, թէ ­Նէա Զ­միռ­նիի «Խ­րի­սոս­թո­մու Զ­միռ­նիս» հրա­պա­րա­կին վրայ գտնո­ւող ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղը, որ ծա­նօթ է իր «­Զան­գակ» ա­նո­ւա­նու­մով, ան­ծա­նօթ­նե­րու կող­մէ են­թար­կո­ւած է վնա­սի։ ­Մե­տա­ղեայ յու­շար­ձա­նին վրայ գտնո­ւող սու­րի կո­թը կոտ­րո­ւած եւ գող­ցո­ւած է ա­րար­քը կա­տա­րող­նե­րուն կող­մէ։
­Մեր հրա­տա­րա­կած նկա­րին վրայ կ­՚ե­րե­ւի սու­րի վե­րի մա­սին վրայ կա­տա­րո­ւած ա­ւե­րը։ Ան­մի­ջա­պէս հոն փու­թա­ցին շրջա­նի Հ.Յ.Դ. կո­մի­տէի ըն­կեր­նե­րը ստու­գե­լու հա­մար վնա­սը։ Ն­շենք, որ յու­շար­ձա­նի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, երկ­րորդ ան­գամն է, որ ան նման վնա­սի կ­՚են­թար­կո­ւի։ Աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի վե­րա­նո­րո­գե­լու կոտ­րո­ւած սու­րի մա­սը։