Հրաւէրովը՝ Կեդրոնական Մակեդոնիոյ շրջանի նահանգապետ պրն. Աբոսթոլոս Ծիծիքոսթասի եւ Թեսաղոնիկէի փոխ-նահանգապետուհի տիկ. Փարասքէվի Փափուլիտույի, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի մէջ հրէական գաղութի ատենապետ Պրն. Դաւիթ Սալթիէլի, Կիրակի՝ 28 Յունուար 2018ի առաւօտեան ժամը 10էն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի նաւահանգիստի մէկ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ելոյթ մը, նուիրուած՝ յոյն-հրեայ մարտիրոսներու եւ Holocaustի հերոսներու «ազգային յիշատակութեան օր»ուան։
Նշենք, որ ելոյթէն անմիջապէս ետք, Թեսաղոնիկէի ազգային հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում։
Ելոյթին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւին եւ Թաղական Խորհուրդին անունով իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեան եւ անդամ՝ Կարօ Տուրղութեան։
Նաեւ՝ Թեսաղոնիկէի հայութեան անունով պրն. Աբրահամեան եռագոյն դրօշով ծաղկեպսակ զետեղեց։
Holocaustի «ազգային յիշատակութեան օր»
Մասնակցութիւն՝ յոյն-հրեայ մարտիրոսներու եւ Holocaustի հերոսներու «ազգային յիշատակութեան օր»ուան