Երեքշաբթի` 13 Մարտ 2018ի առաւօտեան ժամը 10։00ին, նախապէս ժամադրութիւն առնելով եկեղեցւոյ գրասենեակէն` Թեսաղոնիկէի պետական յատուկ High Schoolի ուսանողներէն 2 դասարաններ (60 հոգի), իրենց կրօնագիտական, արուեստի եւ յունարէն լեզուի ուսուցիչներուն գլխաւորութեամբ, այցելեցին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցի, աւելի մօտէն ծանօթանալու Թեսաղոնիկէի հայ եկեղեցւոյ ծագման ու պատմութեան։ Հիւրերուն դիմաւորեց պրն. Թոնի Գասէմեան։
Առաջին հերթին, պրն. Գասէմեան յունարէն լեզուով ընդհանուր ներածական մը ընելով եկեղեցւոյ պատմութեան ու ծագման, ինչպէս նաեւ գաղութի գործունէութեանց վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Իրենց կարգին, ուսանողներ իրենք եւս հարցադրումներով առաւել տեղեկացան հայ եկեղեցւոյ ու մասնաւորաբար Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մասին։
Թղթակից