­Յու­նա­կան «ΣΚΑΙ» հե­ռա­տե­սի­լէն սփռո­ւող «Happy Traveller» հա­ղոր­դա­շա­րը, զոր կը ներ­կա­յաց­նեն հան­րա­ծա­նօթ հա­ղոր­դա­վար­ներ Էֆ­թի­խիս Պ­լե­ցաս եւ Ի­լեքթ­րա Աս­թե­րի, ­Շա­բաթ՝ 18 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 4ին, պի­տի ներ­կա­յաց­նէ դէ­պի ­Հա­յաս­տան անոնց ճամ­բոր­դու­թիւ­նը, ցոյց տա­լով երկ­րի տե­սար­ժան վայ­րե­րը, գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը, քա­ղա­քակր­թա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կո­թող­ներն ու հա­մեղ ճա­շե­րը։
­Հա­ղոր­դա­շա­րի հա­մա­ցան­ցի կայ­քէ­ջէն happytraveller.gr/armenia-dt լոյս տե­սած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, յատ­կա­պէս կը նկա­րագ­րո­ւի եր­կու հա­ղոր­դա­վար­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը ­Հաղ­բա­տի վանք, ­Դի­լի­ջան, ­Սե­ւա­նայ լիճ եւ ­Ծաղ­կա­ձոր։ ­Նաեւ՝ կը նշո­ւի դէ­պի ­Խոր ­Վի­րապ այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ Ա­րե­նի գիւ­ղի հա­մա­նուն գի­նիի համ­բա­ւը։ ­Պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին տե­սա­րան­ներ Ե­րե­ւա­նէն, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն եւ Ս. Էջ­միած­նէն։
­Բա­ւա­կան ծա­նօթ հե­ռա­տե­սի­լի սոյն հա­ղոր­դա­շա­րի մամ­լոյ յայ­տա­րարու­թեան մէջ կը նշո­ւի, թէ ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին դի­տող­նե­րը պի­տի զգան, թէ ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լած են։ ­Կայ­քէ­ջին մէջ տեղ գտած են ­Հա­յաս­տա­նի տե­սար­ժան վայ­րե­րու նկար­ներ ու ա­նոնց մա­սին ըն­դար­ձակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։