Ար­ցա­խի ­Մար­տա­կերտ քա­ղա­քի հա­րե­ւա­նու­թեամբ գտնո­ւող չէ­զոք գօ­տիին մէջ ա­կա­նի պայ­թիւ­նի հե­տե­ւան­քով զո­հո­ւած­նե­րը HALO Trust մի­ջազ­գա­յին՝ բրի­տա­նա­կան, հո­լան­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան աշ­խա­տա­կից­ներ են: Այս մա­սին Yerkir.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նեց Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հի մա­մու­լի խօս­նակ ­Դա­ւիթ ­Բա­բա­յեան: Ան հաս­տա­տեց նաեւ լու­րը, որ կան 3 զոհ, 2 վի­րա­ւոր:
«­­Մեր ա­կա­նա­զեր­ծող­նե­րը փրո­ֆե­սիո­նալ­ներ են, ան­գամ այլ երկր­նե­րից գա­լիս են փոր­ձի փո­խա­նակ­ման հա­մար՝ Աֆ­ղանս­տա­նից, ­Կամ­բո­ջիա­յից: HALO Trustն Ար­ցա­խի մէջ ա­կա­նա­զերծ­մամբ է զբաղ­ւում վա­ղուց՝ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տից յե­տոյ: Ն­րանք մեծ աշ­խա­տանք­ներ են տա­րել, մեծ տա­րածք ար­դէն իսկ ա­կա­նա­զեր­ծել: Ատր­պէյ­ճա­նը խո­չըն­դո­տում է այդ աշ­խա­տանք­նե­րի ըն­թաց­քին, բայց մենք շա­րու­նա­կում ենք դրանք ի­րա­կա­նաց­նել»,- ը­սաւ ­Բա­բա­յեան:
­­Յի­շեց­նենք, որ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի հի­ւան­դա­նո­ցէն Yerkir.amի հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին յայտ­նե­ցին, որ պայ­թիւ­նի հե­տե­ւան­քով եր­կու մարդ տե­ղա­փո­խո­ւած է հի­ւան­դա­նոց: «­­Մէ­կի վի­ճա­կը ծանր է, այս պա­հին վի­րա­հա­տում են, իսկ միւ­սի վի­ճա­կը բա­ւա­րար է»,- ը­սին մե­զի: ­Աւելի վերջ յայտ­նի եղաւ, որ զո­հերն են՝ ­Պա­ւել Ա­կո­պո­վը, ­Սամ­սոն Ա­ւա­նէս­եան ու ­Մա­րատ ­Պետ­րոսեա­ն: