ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

Հա­ւա­նա քա­ղա­քի «Habanos Man of the Year» հան­րա­ծա­նօթ մրցա­նա­կին կը տի­րա­նայ այն ան­ձը, որ ա­մե­նա­մեծ ներդ­րու­մը ու­նե­ցած է քու­պա­կան սի­կառ­նե­րու շու­կա­յի շա­հա­բեր ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ու տա­րած­ման մէջ:
2017 տա­րո­ւան ­Քու­պա­յի ­Հա­ւա­նա քա­ղա­քի մրցու­մին լոն­տո­նաբ­նակ Է­տո­ւարտ ­Սա­հա­կեան ար­ժա­նա­ցած է այդ մրցա­նա­կին:
Է­տո­ւարտ ­Սա­հա­կեան հան­րա­ծա­նօթ է սի­կա­ռի աշ­խար­հին մէջ. ան շատ կա­նու­խէն՝ իր ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, կը ցու­ցա­բե­րէ սի­կա­ռի նկատ­մամբ լուրջ հե­տաքրք­րու­թիւն: 1979ին ­Պարս­կաս­տա­նի յե­ղա­փո­խու­թեան պատ­ճա­ռաւ ամ­բող­ջու­թեամբ կը կորսնց­նէ իր հօ­րե­նա­կան զո­վա­ցու­ցիչ­նե­րու եւ գա­րե­ջու­րի «­Սա­հա­կեան» ըն­կե­րու­թեան հսկա­յա­կան գոր­ծա­տու­նե­րը ու կ­՛ո­րո­շէ իր ըն­տա­նի­քով հաս­տա­տո­ւիլ ­Լոն­տոն:
Ար­դէն իսկ 35 տա­րե­կա­նին իր հա­ւա­քա­ծո­յին հա­մար յա­ջո­ղած էր ձեռք բե­րել Ալֆ­րետ ­Տան­հի­լի «­Հա­պա­նոս» սի­կա­ռի հա­զո­ւա­գիւտ շատ մը նմոյշ­ներ: Ծ­խա­խո­տի աս­պա­րէ­զին մէջ բա­ւա­կա­նա­չափ ծա­նօ­թու­թիւն ու­նե­նա­լուն՝ ­Լոն­տո­նի մէջ պա­տեհ ա­ռիթ­ներ կը տես­նէ փո­խե­լու իր հօ­րե­նա­կան գոր­ծը եւ նե­տուե­լու սի­կա­ռի վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան աս­պա­րէ­զին մէջ, ուս­տի կը հիմ­նէ «­Տա­ւի­տոֆ» հաս­տա­տու­թիւ­նը ­Լոն­տո­նի պատ­կա­ռե­լի ­Սէյնթ ­Ճէյմզ եւ ­Ճեր­մին փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին վրայ:
­Գոր­ծը կը յա­ռաջ­դի­մէ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ. «­Տա­ւի­տոֆ-­Լոն­տոն»ի յա­ջո­ղու­թեան գաղտ­նի­քը կ­՛ըլ­լայ վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան անհ­րա­ժեշտ սկզբունք­նե­րու նկատ­մամբ Է­տո­ւար­տի լուրջ մօ­տե­ցու­մը՝ սի­կա­ռի ընտ­րու­թիւն, ո­րակ, այ­լա­զա­նու­թիւն, սպա­սար­կու­թիւն եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն յա­ճա­խորդ­նե­րու ճա­շա­կին:
­Յա­ճա­խա­կի ­Քու­պա ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին Է­տո­ւարտ մօ­տէն կը ծա­նօ­թա­նայ սի­կա­ռի ար­հես­տի ման­րա­մաս­նու­թեանց, յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կը մշա­կէ «­Հա­պա­նոս» ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն­նե­րուն հետ եւ կը յա­ջո­ղի ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն սկսեալ սերտ գոր­ծակ­ցու­թիւն հաս­տա­տել ա­նոնց հետ, մին­չեւ իսկ կը ծա­նօ­թա­նայ նշա­նա­ւոր սի­կառ փաթ­թող կի­նե­րու՝ մաս­նա­ւո­րա­պէս հան­րա­ծա­նօթ ­Նոր­մա ­Ֆեռ­նան­տէ­զին, ո­րուն հետ բա­րե­կա­մու­թեան եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի սերտ կապ մը ու­նի մին­չեւ օրս:
Է­տո­ւարտ ­Սա­հա­կեա­նի ­Լոն­տո­նի «­Տա­ւի­տոֆ» խա­նու­թը այ­սօր օժ­տո­ւած է նաեւ յա­ճա­խորդ­նե­րու կող­մէ փնտռո­ւած սի­կա­ռի հա­զո­ւա­գիւտ ապ­րանք­նե­րով, եւ ան իր մաս­նա­գի­տու­թեան ու հիւ­րըն­կա­լու­թեան շնոր­հիւ դար­ձած է ծա­նօթ հե­ղի­նա­կու­թիւն սի­կա­ռի սի­րա­հար­նե­րուն: Է­տո­ւարտ տա­րի­նե­րէ ի վեր կը մաս­նակ­ցի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու տօ­նա­վա­ճառ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ իբ­րեւ հե­ղի­նա­կու­թիւն՝ կը հրա­ւի­րո­ւի հա­մա­գու­մար­նե­րու, ուր սի­կա­ռի վա­ճա­ռա­կան­նե­րու եւ սի­րո­ղա­կան ծխող­նե­րու քու­պա­կան սի­կառ­նե­րու բարդ այ­լա­զա­նու­թեան մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ եւ ցուց­մունք­ներ կու տայ:
Է­տո­ւար­տին միա­ցած է այժմ իր զա­ւա­կը՝ Է­տին, եւ ա­նոնք միա­սին ընդ­լայ­նած են ի­րենց «­Տա­ւի­տոֆ» հաս­տա­տու­թեան սպա­սար­կու­թիւ­նը: Է­տո­ւարտ «­Տա­ւի­տոֆ» ­Սա­հա­կեան ա­նու­նը իբ­րեւ սի­կա­ռի մաս­նա­գէտ լաւ ճանչ­ցո­ւած է եւ­րո­պա­ցի­նե­րու եւ նոյ­նիսկ յա­տուկ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լէ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու մէջ, մին­չեւ իսկ «­Պուլ­կա­րի» պան­դո­կին մէջ այժմ ու­նի ա­ռան­ձին, սի­կառ ծխե­լու յա­տուկ սե­նեակ­ներ, ուր ա­նո­ւա­նի դե­րա­սան­ներ, անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ կու գան ի­րենց ե­րա­նու­թիւ­նը գտնե­լու՝ ըմ­բոշխ­նե­լով ­Սա­հա­կեան­նե­րու ա­ռա­ջար­կած տար­բեր սի­կառ­նե­րը:
Ա­նակն­կալ մը չէ տես­նել այս տա­րո­ւան ­Մար­տին ­Քու­պա­յի «Habanos Man of the Year in Business» պատ­կա­ռե­լի մրցա­նա­կին շնոր­հո­ւի­լը Է­տո­ւարտ ­Սա­հա­կեա­նին: Ար­դա­րեւ, ­Լոն­տո­նի անգ­լիա­տառ թեր­թե­րը այս մա­սին խան­դա­վա­ռու­թեամբ ու հպար­տու­թեամբ անդ­րա­դար­ձան ի­րենց սիւ­նակ­նե­րուն մէջ:
Է­տո­ւար­տէն կ­՛ի­մա­նանք, որ այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին ու­րիշ հա­ճե­լի ա­նակն­կալ մը եւս յու­զած է զինք: Է­տո­ւարտ ա­նակն­կա­լօ­րէն կը հան­դի­պի հա­յազ­գի Ա­րա ­Մա­լի­քեան տա­ղան­դա­ւոր ջու­թա­կա­հա­րին, որ մաս­նա­ւո­րա­պէս հրա­ւի­րո­ւած է նո­ւա­գե­լու «­Հա­ւա­նա» մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան հան­դի­սու­թեան:
­Քու­պա­յի մէջ տար­բեր աս­պա­րէզ ընտ­րած եր­կու սփիւռ­քա­հա­յեր, բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ ի­րա­րու, աստ­ղերն էին այդ ե­րե­կոյ­թին եւ մեծ հրճո­ւան­քով ու յու­զու­մով կը յայտ­նա­բե­րէին զի­րար:
Է­տո­ւարտ՝ պարս­կա­հայ, հաս­տա­տո­ւած Անգ­լիա, Ա­րա՝ ­Լի­բա­նա­նա­հայ, հաս­տա­տո­ւած Ս­պա­նիա, կու գան օ­տար եր­կինք­նե­րու տակ փայ­լեց­նե­լու հա­յու ա­նու­նը:
«Ա­մէն տեղ հայ կայ»,- ը­սած է ­Մա­ւեան:
Եւ ի­րօ՛ք: