Յունաստանի Կանանց Միջազգային կազմակերպութեան հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 10 Յունիս 2018ի երեկոյեան ժամը 8։30էն սկսեալ, Թեսաղոնիկէի Գալամարիա շրջանի «Πλαζ Αρετσούς» բացօթեայ ծովեզերեայ մէկ վայրին մէջ, բազմահազարանոց ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ «Food For Good» 21րդ Ճաշի փառատօնը, աւելի քան 30 երկիրներու մասնակցութեամբ։
Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի կողմէ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Գթ.Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան անդամուհիները, գործակցելով յունական մանկական գիւղ Ֆիլիրոյի հետ՝ հայկական աւանդական ճաշեր եւ ուտեստեղէններ հրամցնելով ժողովուրդին։
Պէտք է ըսել, որ մասնաճիւղի անդամուհիները տքնաջան աշխատանքով կարողացան հայութեան պատիւը բարձր պահել։ Սոյն ձեռնարկին այցելեցին նաեւ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, Թաղական Խորհուրդի եւ շրջանի ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու անդամ-անդամուհիներ, ինչպէս նաեւ այլ կամաւոր անհատներ, իրենց բարձր գնահատանքը յայտնելով տիկիններու անխոնջ աշխատանքին։
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին նաեւ մասնակցութիւն բերաւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութեան տակ գործող «Մասիս» պարախումբը՝ հայ պարն ու հայ արուեստը հրամցնելով օտարներուն:
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի բարեգործական նպատակներու։