Երկուշաբթի՝ 14 Մայիս 2018ի կէսօրէ ետք ժամը 3էն 4, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան հարցազրոյց ունեցաւ Թեսաղոնիկէի քաղաքապետարանի FM 100.6 հայկական ռատիոժամէն, հաղորդավարութեամբ՝ գաղութի երիտասարդներէն Յովիկ Գասապեանի եւ Ռոզա Թերզեանի։ Ներկայ էր նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան։
Սրբազան Հայրը թէ՛ յունարէն եւ թէ հայերէն լեզուներով ընդհանուր ակնարկ մը ըրաւ յունահայ գաղութի պատմութեան ու մասնաւորաբար Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին մասին՝ նկատի ունենալով Թեսաղոնիկէի մէջ 10 տարիներու ծառայութիւնը որպէս հոգեւոր հովիւ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատին՝ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերաբերեալ եւ նշեց, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինումով ու աննկուն կամքով կը շարունակուին աշխատանքները եւ յոյսով ենք, որ մեր պապերուն ժառանգած հողերուն ու կալուածներուն՝ արդարութեան ճամբով պիտի տիրանանք։
Առիթէն օգտուելով՝ Սրբազան Հայրը ողջունեց ու բարձրօրէն գնահատեց «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ-անդամուհիները, ինչպէս նաեւ անոնք՝ որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այս գեղեցիկ ու անհրաժեշտ մտայղացումին համար՝ շաբաթական մէկ ժամ տեւողութեամբ յունական ռատիոկայանէն հայկական երաժշտութիւն, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մասին տեղեկութիւններ, Հայ Դատի վերաբերեալ ազգային ելոյթներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր փոքր խորհրդածութիւններ ունկնդրելու հնարաւորութիւնը ստեղծելով, եւ մաղթեց յարատեւ վերելք ու բարի յաջողութիւն։
Աւարտին, ան պատգամ մը ուղղեց մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որպէսզի զօրավիգ կանգնին այս ռատիոժամին, շարունակեն ունկնդրել ու մտիկ ընել այս հաղորդումները, աշխատին այս ձայնին համար՝ որպէսզի այս ձայնը լսելով առաւել եւս ապրին ու ապրեցնեն ու կը հաւատամ, որ Թեսաղոնիկէի հայութիւնը իր վերելքով ու նորութիւններով կը շարունակէ շնչել ու ապրիլ։
Հաղորդավար երիտասարդները, իրենց կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր սուղ ժամերէն տրամադրեց մեզի՝ մեր հետ ըլլալու, մեր ռատիոժամին իր մասնակցութիւնը բերելու, ինչպէս նաեւ հայութեան ձայնը բաշխելու ամբողջ ժողովուրդին ու մասնաւորաբար՝ յունահայութեան։
Թղթակից