ՄԱՆՆԻԿ ԱՇՐԵԱՆ*
Ի տես կսկծալի 102րդ տարելիցին թուրքերու կողմէ գործադրուած 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան, հոգու պարտք զգացի հաղորդակցելու ձեզ հետ, թանկագին ծիլեր յարուցեալ մեր ազգին։Դուք՝ չորրորդ սերունդը Սփիւռքին, տեւական քաղաքական աքսորի մը, որ մեր ընտրանքը չէր, ձեր գոյութեամբ իսկ միայն, կենդանի հնչեղ պատասխանն էք ցեղասպանին, որ կþուզէր ձգել «մէկ հայ միայն պատմութեան թանգարանին համար»։ Եւ եթէ յաջողած ըլլար հասնիլ իր թիրախին, Ապրիլ 24ի ելոյթները կրնային շատ պարզ ըլլալ «րեքվիէմ» մը որոշ պատմաբաններու կողմէ, բնաջնջուած ժողովուրդի մը յիշատակին։
Մենք, սակայն, հոս ենք, աւելի քան 10.000.000 հայեր հայրենիքէն ներս թէ Սփիւռքի տարածքին, որ պատասխանեցինք մահուան վճիռին կեանքով ու ստեղծագործութեամբ։ Եւ դուք այս ազգին նոր ուժեղ ձայնն էք, ինչ որ բարբարոս ցեղասպաններ ու քաղաքակիրթ մեղսակիցներ փորձեցին հազար ձեւերով խեղդել։
Շատ հպարտ ենք ձեզմով, որ հակառակ մեր աշխարհը տանջող արժէքներու մեծ տագնապին, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ չէք դաւաճաներ համամարդկային անժամանցելի սկզբունքներուն եւ արժէքներուն։ Ազգին յոյսն ու ապագան էք, աւանդապահները մեր նշանակալից պատմական ու մշակութային ժառանգութեան, դուք որ անգամ մը եւս պիտի բարձրաձայնէք, թէ հայերը կը յիշեն ու կը պահանջեն։
Չպիտի անդրադառնամ պատմական եղելութիւններու բազմապիսի փաստերով արդէն ապացուցուած՝ ըլլա՛յ շատ մը երկիրներու արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերով, ըլլա՛յ վկայութիւններով ոչ միայն վերապրողներու, այլ նաեւ օտար ականատես վկաներու։ Ոչ ալ կ’ուզեմ կանգ առնել զանազան մակարդակներով յանուն արդարութեան մղած անվերջ մեր պայքարներուն վրայ։
Չեմ կրնար, սակայն, չմատնանշել այն ցաւալի հաստատումը, թէ ամբողջ ազգի մը բնաջնջման ահռելի ծրագիրը, որ միջազգային հանրութեան կողմէ որակուած է «ոճիր մարդկութեան հանդէպ» եւ նոյնիսկ ներշնչած է «ցեղասպանութիւն» եզրը Ռաֆայէլ Լեմքինին, կը մնայ անպատիժ։ Դժբախտաբար, բարբարոս բնազդներու, քաղաքական դիտաւորութեանց ու մեծապետական շահերու մահաբեր միաւորման եղերական զոհերն ենք։
Անտարակոյս, Ցեղասպանութեան ճանաչումը շատ մը երկիրներէ եւ միջազգային մարմիններէ կարեւոր դրական քայլ կը նկատուի մեր պայքարի ճանապարհին։ Որքան ատեն, սակայն, որ պաշտօնական Թուրքիան, անտեսելով իր իսկ մտաւորականներու թէկուզ փոքրաթիւ խոհեմ ձայները, կը մնայ բացարձակ ժխտողական դիրքի վրայ, խեղաթիւրելով պատմութիւնը, ամէն մէկ երեխայ Թուրքիոյ մէջ կը ծնի արիւնոտ ձեռքերով։ Ամէն հայորդի ալ, սակայն, ազգային բարոյական պարտաւորութեամբ մը։
Չեմ տարակուսիր, թէ այս բոլորը գիտէք, սիրելի երիտասարդներ, եւ մեր ելոյթներուն կը ներկայանաք ուղղակի յուզիչ պայքարունակ ոգիով։ Այս մէկը սքանչելի երեւոյթ է ու պատիւ կը բերէ ձեզի։ Բայց բաւարար չէ։
Այստեղ, իբր սփիւռքահայ մայր ու մեծ մայր, պիտի ուզէի փոխանցել ձեզ սրտիս խորէն պատգամ մը, որ կը յուսամ, թէ կը դպչի ձեր երիտասարդ հոգիներուն։
Քաջ գիտեմ, թէ չափազանց դժուար է մեր ազգային ինքնութեան պահպանումը, ինչպէս ըսած է Ֆրանց Վերֆէլն ալ «անկարելի է հայ մնալ Սփիւռքի մէջ։ Հայերը, սակայն, անկարելիին ազգն են»։
Պարտաւոր ենք, ուրեմն, ապացուցանելու այս մէկը։ Թէ՝ ի վիճակի ենք գոյատեւելու իբր ազգ, թէ՝ ամենայն յարգանքով ու սիրով հանդերձ մեր հալածուած նախնիներուն ապաստան տուած երկիրներուն հանդէպ, մենք կարող ենք մեր հոգիներուն մէջ անկորնչելի պահել մեզմէ խլուած հայրենիքը։
Սփիւռքի տարածքին, այդ հայրենիքը մեր մայրենի լեզո՛ւն է եւ մեր պատմութեան ու մշակոյթին իմացութի՛ւնը։ Իսկ այս արժէքներու պահպանման ի խնդիր, ընտանիքը, դպրոցը, եկեղեցին եւ մեր միութիւնները անհրաժեշտ է, որ դառնան անառիկ բերդեր։ Սփիւռքը, մեր ազգային անասելի վէրքին իբր հետեւանք, կրնայ ճակատագրական դառնալ, որպէս դանդաղօրէն շարունակուող ցեղասպանութիւն։ Բայց դուք կրնաք զայն վերածել մեր ազգային ժառանգութիւնը հարստացնող բարերար ազդակի, բաւ է որ միշտ գեղեցիկ գոյները գիտակցաբար փոխադրէք ձեր հոգիներու հայկական պաստառին վրայ։
Ազգային մեր տեսլականը՝ անկախ եւ պատմական մեր հողերով ամբողջացած հայրենիք ու մեր հերոսական Արցախի անկախութեան «de jure» ճանաչում, կրնայ իրականանալ միայն եթէ գոյատեւենք իբր ազգ ու ոչ թէ իբր բեկորներ ազգի մը՝ «…եան» մասնիկով իրենց մականներուն եւ քիչ մը հայու արիւն ազգերու ընտանիքէն ներս։
Հետեւաբար, ելոյթներու լոզունգներէն անդին, ջերմօրէն կը խնդրեմ, որ այս տարուան Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման առիթով խոստում տաք, ոչ մեզի մեծերուս, ոչ ալ ղեկավար տարրերու, այլ իւրաքանչիւրդ իր անձին, թէ բարձր պիտի զետեղէք մեր ազգային գոյատեւումը ձեր անձնական արժէքային համակարգին մէջ։ Առէ՛ք այս գերազանց քայլը՝ սերտացնելով յարաբերութիւնները ձեր միջեւ, աւելի յաճախակի կապերով հայրենիքին հետ, ուժեղացնելու համար ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ձեր մէջ։
Եւ այն ատեն, վստահ եղէք, թէ ձեր ամէն ընտրանքի պարագային, միաւորելով զգացումը տրամաբանութեան եւ տեսլականը իրատես լուծումներու, պիտի գտնէք ուղիղ ճանապարհը, որ պիտի առաջնորդէ ազգը իրեն արժանի ապագայի։
Խորունկ հաւատք ունիմ ձեր վրայ։ Կը սիրեմ յուսալ, թէ պիտի ըլլաք արժանի յաջորդները մեր հարուստ ժառանգութեան եւ պատմութիւն պիտի գրէք ազգային արժանապատուութեամբ։
Բարի յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզ՝ գուրգուրոտ սիրով։
(գրուած եւ թարգմանուած յունարէնէ հայերէն)
*Հեռանիստ անդամ՝ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ. Գթ. Խաչի Շրջ. Վարչութեան։
Երկար տարիներու անդամ՝ Յունահայոց Ազգային Վարչութեան։