Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին հանդիպումը՝ Պելճիքայի մօտ
Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի եւ Պելճիքայի Հայ Դատի Յանձնախումբերէն կազմուած միացեալ պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանէ, Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի...
«Լուր տուի, թէ Հրանդ Տինք պիտի սպաննուի. աւելի ի՞նչ կրնայի ընել»,-...
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը, որ կը շարունակուի անվերջանալի վէպի մը նման, եւ որ ներկայիս մասնաւորաբար խոշորացոյցի տակ առած է այս սպանութեան պատասխանատու նկատուող ապահովութեան...
Ո՛չ եւս է Արմէն Սամուէլեան
Փարիզէն Հիլտա Չոպոյեան կը տեղեկացնէ, որ ո՛չ եւս է Արմէն Սամուէլեան, ֆրանսահայ կեանքի անցեալի եռուն տարիներու վերջին վկաներէն:
«Եօթանասունականներէն ի վեր, Հրանդ Սամուէլի որդին, իր...
Կարօ Փայլան կը գանգատի հակահայ կոչերուն դէմ
«Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութիւն Կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Կարօ Փայլան դատախազութեան մօտ գանգատ ներկայացուցած է այն ցուցարարներուն դէմ, որոնք...
Բրիտանիան Դուրս Կու Գայ Եւրոպական Միութենէն
Եւրոպական Միութեան 43 տարի անդամակցելէ ետք, Բրիտանիան պատմական հանրաքուէի մը արդիւնքին լոյսին տակ դուրս կու գայ միութենէն: Անդամակցութեան դադրեցման ի նպաստ քուէարկեցին 17.410.742 քուէարկողներ...
Քոնկրէսականները կոչ կ՚ընեն Ա.Մ.Ն.ին հետեւելու Ս. Պապի օրինակին
Քոնկրէսականներ Տէյվիտ Վալատաօ (R-CA) եւ Ճիմ Քոսթա (D-CA) ողջունած են Ֆրանչիսկոս Պապի Հայաստան այցը` շեշտելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր անոր այցի կարեւորագոյն համաշխարհային նշանակութիւնը,-...
Արեւմտեան Գերմանիոյ Մէջ Զինեալ Յարձակում
Դիմակաւոր զինեալ մը երէկ արեւմտեան Գերմանիոյ Վիւռնհայմ քաղաքի շարժապատկերի մէկ սրահին մէջ կրակ բացաւ: Դէպքէն անմիջապէս ետք ոստիկանութիւնը պաշարեց սրահը, ապա ներխուժելով սպաննեց զինեալը`...
«Ասատի Ուժերուն Դէմ Զինուորական Արշաւ Ձեռնարկելու Կոչը Սայթաքեցնող Ճամբայ Մըն Է»...
Սպիտակ տան բանբեր Ճոշ Ըռնեսթ յայտնեց, որ ամերիկացի խումբ մը դիւանագէտներու կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ուղղուած` Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին զօրակցող ուժերուն...
Միջազգային Կարճ Լուրեր
– ՌՈՒՍԻՈՅ նախագահ Վլատիմիր Փութին Տումայի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց «ահաբեկչութեան դէմ ներկայ պատերազմին մէջ դասեր քաղելու Համաշխարհային Բ. պատերազմէն»` շեշտելով,...
Ըստ դեսպան Շարփանթիէի` Ցեղասպանութեան ժխտումը
Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէի համաձայն՝ Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծին բնագիրը գրեթէ պատրաստ է, «եւ յառաջիկային պիտի լսենք...