Նուիրահաւաք Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետի տօնին առիթով
Կիրակի 12 Յունուար 2025-ին, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագի մատուցմամբ եւ աւանդական մատաղօրհնութեամբ պիտի տօնուի նորաշէն եկեղեցւոյս...
Ս. Սարգիս զօրավարի տօնին առիթով Ս. Պատարագ եւ ճաշկերոյթ
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս մեր երիտասարդութեան կը հաղորդենք, թէ Կիրակի, 16 Փետրուար 2025-ի առաւօտեան, Նէոս Գոզմոսի(Ֆիքս) Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ,...
Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 121-ամեակ
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 121-ամեակին առիթով, Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ին եւ ժամը 19:00-ին, պիտի կատարուի Կիրակամտից ժամերգութիւն, նախագահութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդին։
Կը հրաւիրենք...
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի պատգամի ներկայացում
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը, 2023 տարին եւս հռչակած է «ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ», որպէս շարունակութիւն անցեալ տարուան, թեմերուն առաքուած է Վեհափառ...
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼԻՍ — Ս. Յովհաննու Կարապետի հանդիսաւոր տօնախմբութիւն
Ի գիտութիւն մեր հաւատեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցանենք, թէ Կիրակի, 19 Յունուար 2025-ին, պիտի նշուի Ալեքսատրուպոլսոյ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Սկիզբ Ս. Պատարագի՝ առաւօտեան ժամը 10։30-ին։
Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Յունաստանի թեմի
բարեջան Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան
Այս ուրախ առիթով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալները հաղորդ դառնալու սրբազան արարողութեանց եւ լսելու Առաջնորդ Հայր սուրբին պատգամը։
ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ
Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութիւն
Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի առթիւ Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Տեառնընդառաջի...
Նոր տարուան Ս. Պատարագ
Ի գիտութիւն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Չորեքշաբթի, 1 Յունուար 2025-ի առաւօտեան ժամը 11։00-ին, թեմիս մեր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի նոր տարուան Ս....
Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօն եւ Ամանորի տօնածառի լուսաւորում
Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Նէոս Գոզմոս (Ֆիքս)ի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, պիտի նշուի քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին Սարկաւագ եւ նախավկայ Մարտիրոս՝...
Գոքինիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան ժամանակացոյց
Կիրակի, 5 Յունուար 2025՝ առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Հաղորդութեան պաշտամունք։
Կիրակի, 5 Յունուար 2025՝ կ.ե. Ժամը 5։00-էն յետոյ, շրջագայութիւն հայրենակիցներու բնակարանները եւ Քրիստոսի ծննդեան աւետում։
Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2025՝ կ.ե. ժամը 6.00-ին, Ս. Ծննդեան պաշտամունք, մասնակցութեամբ Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն։
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ