Ա.Մ.Ն.ի մէջ գոր­ծող «Artsakh Arts and Cultural Foundation»ը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր նպաս­տը բե­րել Ար­ցա­խին: Այս մա­սին, ըստ artsakhpress.amի, յայտ­նած է «Artsakh Arts and Cultural Foundation»ի հիմ­նա­դիր ­Կա­րօ ­Մա­տէ­նեան: Ա­նոր խօս­քով` հիմ­նադ­րա­մը յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սէ Ար­ցա­խի մա­սին կարճ տե­սա­նիւ­թեր պատ­րաս­տել, ո­րոնք այ­ցե­քարտ պի­տի ըլ­լան զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու հա­մար: Իսկ ­Սեպ­տեմ­բե­րի վեր­ջը հիմ­նադ­րա­մը պի­տի սկսի նոր ծրա­գիր, ո­րուն մի­ջո­ցով կը նա­խա­տե­սո­ւի քնա­պար­կեր ու­ղար­կել պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կին հա­մար:
«­Բա­ցի այ­սօ­րի­նակ բա­րե­գոր­ծա­կան ծրա­գիր­նե­րէն, մենք լաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ու­նինք նաեւ ար­ցախ­ցի բե­մադ­րիչ ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի հետ: Ա­նոր հետ ծա­նօ­թա­ցած ենք Ե­րե­ւա­նի մէջ` «­Թե­ւա­նիկ» ժա­պա­ւէ­նի անդ­րա­նիկ ցու­ցադ­րու­թեան ժա­մա­նակ: ­Յե­տոյ ո­րո­շե­ցինք օգ­տա­կար ըլ­լալ «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» ժա­պա­ւէ­նին: ­Մեր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի նաեւ ա­նոր նոր ժա­պա­ւէ­նը` «Դ­րախ­տի դար­պա­սը» նկա­րա­հա­նե­լու հա­մար»,- նշած է ­Կա­րօ ­Մա­տէ­նեան եւ ա­ւել­ցու­ցած, որ ­Ջի­ւա­նը մեծ գործ կ­՝ը­նէ Ար­ցա­խը շար­ժան­կա­րի մի­ջո­ցով ներ­կա­յաց­նե­լով աշ­խար­հին: ­Խօ­սե­լով հիմ­նադ­րա­մին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին` ­Ջի­ւան Ա­ւե­տի­սեան նշած է, որ բարձր կը գնա­հա­տէ ձե­ւա­ւո­րո­ւած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: