Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի մէջ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ իրականացնող Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագիրը (Ա.Խ.Հ.Ծ. — The Armenian EyeCare Project), վերջին 25 տարիներուն ընթացքին, հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու ձրի սպասարկութիւններ մատուցած է եւ յատկապէս շաքարախտէ տառապող աւելի քան 3000 քաղաքացիներու կենսական ծառայութիւններ տրամադրած՝ կուրութենէ փրկելով զանոնք, ուստի Շաքարախտի Համաշխարհային Հիմնարկը որոշած է 200,000 տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարել Ա.Խ.Հ.Ծ.ին։
Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ» օրաթերթը։ Այդ գումարը պիտի օգտագործուի յատկապէս շաքարախտ ունեցողներուն մօտ աչքի հիւանդութեանց առաջքը առնելու եւ անոնց խնամք ապահովելու նպատակով՝ 2017էն մինչեւ 2020 իրականանալիք ծրագիրներուն համար։
Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագիրի հիմնադիր տոքթ. Ռաճըր Օհանէսեան ողջունած է այս նուիրատուութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բազմացնել ծրագիրին տրամադրելիք սպասարկութիւնները։ Յայտնենք, որ բարեգործական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը արժեւորող «Charity Navigator» հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը, վերջերս, իր բարձրագոյն արժեւորումը տուած էր Աչքի խնամքի հայկական ծրագիրին։
The Armenian EyeCare Project
Շաքարախտի Համաշխարհային Հիմնարկը 200.000 տոլար կը նուիրէ Աչքի Խնամքի Հայկական Ծրագիրին