Ռուսիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան որոշումով՝ Aeroflot թռիչքուղիներու ընկերութիւնը, իր օդանաւերէն մէկը անուանակոչած է ի պատիւ յայտնի երաժշտահան Առնօ Բաբաջանեանի:
Վկայակոչելով «Ռուսարմինֆօ»ն (Rusarminfօ) «Արցախփրէս»ը կը հաղորդէ, թէ Յունիս 29ին «A. Babajanyan» գրութեամբ Boeing 777ը ժամանած է ընկերութեան թռիչքներու դաշտ:
Որոշումը ընդունուած է Առնօ Բաբաջանեանի յիշատակի միջազգային հիմնադրամին կողմէ եղած դիմումին հիման վրայ:
Ըստ երաժշտահանի որդիին՝ Արա Բաբաջանեանին, այդ մասին որոշումը նախարարութիւնը ընդունած է դիմումը ստանալէն շուրջ մէկ ամիս ետք:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ օդանաւը պիտի իրականացնէ միջ-մայրցամաքային չուերթներ:
AEROFLOT օդանաւ մը «Առնօ Բաբաջանեան» անուանակոչած է
AEROFLOT օդանաւ մը «Առնօ Բաբաջանեան» անուանակոչած է