­Կա­րօ Ար­մե­նեան

Ի վեր­ջոյ պէտք է ըն­դու­նիլ, որ աղ­քա­տու­թեան ներ­կայ ծա­ւալ­նե­րը չեն կրնար մշտնջե­նա­կան ըլ­լալ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ա­նոնք ­Կա­ռա­վա­րու­թեան (կամ մե­զի) պի­տի չ­՚ըս­պա­սեն «բա­րե­լա­ւո­ւե­լու» հա­մար։ ­Մենք ու­նինք ու­շիմ, տա­ղան­դա­ւոր եւ ­ձեռ­նե­րէց ժո­ղո­վուրդ մը, որ ձեռ­նա­ծալ պի­տի չնստի եւ ­պի­տի չ­՚ըս­պա­սէ, որ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը բա­րե­հա­ճի մաք­րել տնտե­սու­թիւ­նը իր մա­կա­բոյծ­նե­րէն (մե­նաշ­նոր­հի տէ­րե­րէն)։ Ան դուրս պի­տի գայ իր հայ­րե­նի տնտե­սու­թե­նէն եւ ­պի­տի գաղ­թէ։ ­Հա­յաս­տա­նի կող­քին նստած է ­Ռու­սաս­տա­նի հսկա­յա­ծա­ւալ տնտե­սու­թիւ­նը, որ ան­յագ ա­խոր­ժակ մը ու­նի հայ­կա­կան աշ­խա­տու­ժին հա­մար։ Այս վեր­ջի­նը իր տա­րե­րա­յին մագ­նի­սու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կէ խմել մեր աշ­խա­տու­ժը եւ ­հետզ­հե­տէ հա­լեց­նել աղ­քա­տու­թեան ծա­ւալ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ ­Մենք, որ­պէս ազգ, ո­չինչ ը­նե­լու պար­տադ­րան­քին տակ կը գտնո­ւինք, ե­թէ մեր միակ նպա­տա­կը աղ­քա­տու­թիւ­նը չքաց­նելն է…Այդ հար­ցը լու­ծո­ւած հա­մա­րե­ցէք։ Աղ­քա­տու­թեան հար­ցը լու­ծե­լու ա­մե­նէն հեշտ ձեւը այս է։ ­Հար­ցը ինք­զինք պի­տի լու­ծէ։
Բ­նա­կա­նօ­րէն այս ձեւը կը կա­ցի­նա­հա­րէ մեր երկ­րի լի­նե­լիու­թեան ար­մատ­նե­րը եւ ­հետ­եւա­բար մենք պար­տա­ւո­րո­ւած ենք այս դիւ­րին ճամ­բան մեր­ժե­լու։ ­Մենք պար­տա­ւո­րո­ւած ենք մեծ քա­նա­կու­թեամբ ԻՐԱԿԱՆ աշ­խա­տա­տե­ղեր ստեղ­ծե­լու եւ­ այդ մէ­կը կա­րե­լի է միայն ազ­գա­յին ե­կա­մու­տի վե­րա­բաշխ­ման հար­ցը լու­ծե­լով։ Այ­սինքն տնտե­սու­թեան ներ­քին վե­րա­ներդ­րու­մա­յին հո­լո­վոյ­թը ա­ռող­ջաց­նե­լով, որ իր կար­գին կ­՚են­թադ­րէ մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կար­գի կազ­մա­քան­դու­մը, մրցակ­ցա­յին դաշ­տի վե­րա­կանգ­նու­մը, տնտե­սու­թեան շնչե­րակ­նե­րու վե­րա­բա­ցու­մը։
Խն­դի­րը այն է սա­կայն, որ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը այլեւս ձգձգման լու­սանցք­ներ չու­նի։ Աղ­քա­տու­թեան հար­ցի լուծ­ման ա­ռա­ջին կեր­պա­րը (model), որ վերեւ նկա­րագ­րո­ւած տա­րե­րա­յին կեր­պարն է, ար­դէն իր աշ­խոյժ ըն­թաց­քին մէջ է։ ­Պե­տա­կան հա­մա­կար­գը այդ խո­յա­ցող վայ­րա­շար­ժին ետ­եւէն ՀԱՍՆԵԼՈՒ խնդիր միայն ու­նի այ­սօր։ ­Լո­զունգ­ներն ու բա­նաձ­եւե­րը վար­կա­բե­կո­ւած են ի սկզբա­նէ։ Ա­րագ, վճռա­կան, ար­մա­տա­կան եւ­ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծի ժա­մա­նակն է։ Ար­դէն շատ խօ­սո­ւե­ցաւ այն մա­սին, թէ ո՞վ պի­տի ըլ­լայ ՀՀ ­Վար­չա­պե­տը յա­ռա­ջի­կայ ապ­րի­լին։ Ով ալ, որ ըլ­լայ, պէտք է յստակ գիտ­նայ, որ ար­դէն իսկ ետ մնա­ցած է ինք։ Ար­դէն իսկ ժա­մա­նա­կը սկսած է քա­լել իր քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վրա­յէն։ Ա­սի­կա այն ­Վար­չա­պետն է — եւ­ այն կա­ռա­վա­րու­թիւ՛­նը — որ մեղ­րա­լու­սին պի­տի չու­նե­նայ։ Այն ­Վար­չա­պետն է, որ ընդ­դի­մու­թիւն չու­նի, բայց ու­նի հուժ­կու ա­խո­յեան մը իր դի­մաց։ ­Հայ­կա­կան աշ­խա­տու­ժին հա­մար մրցող ռու­սա­կան եւ ­հա­մաշ­խար­հա­յին շու­կա՛ն։
Եւ այս ան­հա­ւա­սար (բայց տա­կա­ւին յու­սա­լի) պայ­քա­րին մէջ զինք իր թի­կուն­քէն հա­րո­ւա­ծո­ղը ոչ այլ ոք է, քան իր ան­մի­ջա­կան մեր­ձա­ւո­րու­թեան մէջ գտնո­ւող մե­նաշ­նոր­հա­յին հա­մա­կա՛ր­գը։ Այս­քան պա՛րզ։