ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ — «Ազդակ»

­Հի­նէն ի վեր հա­յը ծա­նօթ է իր հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ։ ­Հայ ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ ըն­դու­նո­ւած չէր «մի­նակ» ըն­տա­նեօք ճա­շի նստիլ, մա­նա­ւանդ երբ տան­տի­կի­նը հա­մեղ կե­րա­կուր պատ­րաս­տած ըլ­լար։
Երբ ըն­տա­նի­քին մէջ նշե­լու ո­րե­ւէ ա­ռիթ ըլ­լար, կը հա­ւա­քո­ւէին բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րը, դրա­ցի­ներն ու ծա­նօթ­նե­րը՝ «թուփ ու ծուպ»ը։ ­Թու­փը ըն­տա­նի­քին ծնող­նե­րուն եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն ըն­տա­նիք­ներն էին, իսկ ծու­պը՝ որ­դի­նե­րուն ա­ռան­ձին կազ­մած ըն­տա­նիք­նե­րը։
­Սե­ղա­նին կը նստէին հե­տե­ւեալ շար­քով. գլու­խը կը նստէր ըն­տա­նի­քին հայ­րը, ա­նոր եր­կու կող­մե­րուն կը նստէին պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը, ա­մե­նա­յար­գե­լի մար­դիկ՝ ըն­կեր, բա­րե­կամ, դրա­ցի ա­պա, որ­դի­նե­րը, փե­սա­նե­րը, հար­սերն ու դուստ­րե­րը։ ­Տան­տի­րու­հին կը նստէր ա­մու­սի­նին դի­մաց՝ ա­մե­նա­վեր­ջը, երբ բո­լո­րը ար­դէն տե­ղա­ւո­րո­ւած կ­’ըլ­լա­յին։
­Սո­վո­րա­բար ե­րե­խա­նե­րուն հա­մար ա­ռան­ձին սե­ղան պատ­րաս­տո­ւած կ­’ըլ­լար։ ­Սե­ղա­նին բա­ցու­մը կը կա­տա­րէր ըն­տա­նի­քին ա­ւա­գը, ան կը պար­զէր հա­ւա­քոյ­թին ա­ռի­թը եւ կը նշա­նա­կէր դա­մա­տան կամ սե­ղա­նա­պե­տը, ո­րուն պար­տա­կա­նու­թիւնն էր «հա­մով» զրոյց ը­նել եւ ղե­կա­վա­րել սե­ղա­նը։

­Կե­նաց­ներ

Ա­ռա­ջին կե­նա­ցը կը բարձ­րա­ցո­ւէր դա­մա­տա­յի կե­նա­ցը։ Իւ­րա­քան­չիւր դա­մա­տա ու­նէր սե­ղան վա­րե­լու իր ո­ճը. ան կ­’ո­րո­շէր կե­նաց­նե­րուն յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը եւ կը ճշդէր ու­տե­լիք­նե­րուն մա­տուց­ման կար­գը։
Երկ­րորդ կե­նա­ցը հա­ւա­քոյ­թի ա­ռի­թին կե­նացն էր, որ կը ներ­կա­յաց­նէր դա­մա­տան գե­ղե­ցիկ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով եւ դի­պուկ բնո­րո­շում­նե­րով, ա­պա՝ խօս­քը կու տար ու­րիշ­նե­րուն։
­Կե­րու­խու­մի ըն­թաց­քին յա­ջոր­դա­բար կը խմո­ւէր բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կե­նա­ցը՝ ա­ւա­գու­թեան կար­գով։
Ե­թէ մէ­կուն կե­նա­ցը մոռ­ցո­ւէր, խնդրոյ ա­ռար­կայ ան­ձը խիստ կը նե­ղո­ւէր եւ քէն կը պա­հէր։
Ա­նոր որ կե­նա­ցը ա­ռա­ջար­կո­ւէր՝ ան ոտ­քի կ­’ել­լէր եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէր իր հաս­ցէին ը­սո­ւած գո­վեստ­նե­րուն հա­մար։ Անձ­նա­կան կե­նաց­նե­րը ա­ւար­տե­լէ ետք, ներ­կա­նե­րը կը խմէին ըն­դու­նո­ւած, պար­տա­դիր կե­նաց մը՝ «­Պար­զե­րես ըլ­լանք, ի­րար­մէ չկշտա­նանք, մեր պա­տո­ւին, մեր օ­ճա­խին, մեր հո­ղին տէր կանգ­նինք, Աս­տո­ւած մեր ա­գա­հու­թե­նէն կտրէ մեր սէ­րու­թեան վրայ դնէ, հացն ու գի­նին մեր սե­ղա­նէն ան­պա­կաս ըլ­լան, մեր վատ օ­րը աս ըլ­լայ»։
­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մէն ետք, բո­լոր սե­ղա­նա­կից­նե­րը յո­տն­կայս կը խմեն հայ­րե­նի­քին հա­մար զո­հո­ւած­նե­րու յի­շա­տա­կի կե­նա­ցը, կը մաղ­թեն, որ ա­նոնք վեր­ջին զո­հե­րը ըլ­լան հայ­րե­նի­քի զո­հա­սե­ղա­նին, բո­լոր ծնող­նե­րը «ցա­մաք աչ­քով» հե­ռա­նան այս աշ­խար­հէն եւ ոչ մէկ մա­նուկ որբ մնայ։
­Կե­նաց­նե­րուն մէջ յա­ճախ կը յի­շո­ւի նաեւ օ­ճա­խը։
Օ­ճախ բա­ռը կը գոր­ծա­ծո­ւի տուն, ըն­տա­նիք, եր­բեմն նաեւ հայ­րե­նիք ի­մաս­տով, ա­նի­կա յա­ճախ կը բնո­րո­շո­ւի սուրբ մակ­դի­րով։
Ե­թէ սուրբ օ­ճա­խը հա­յուն տու­նը կամ հայ­րե­նիքն է, ա­պա հոն­կէ բարձ­րա­ցող ծու­խը տան յա­ւեր­ժա­կա­նու­թեան, շա­րու­նա­կե­լիու­թեան խորհր­դա­նիշն է։
Ան­կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ո­րե­ւէ ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ, ուր բա­ժակ չբարձ­րա­ցո­ւի մայ­րե­րուն հա­մար։
­Մայրն ու հայ­րե­նի­քը կը հա­մա­րո­ւին հա­ւա­սար սրբու­թիւն­ներ՝ ար­ժա­նի խո­նարհ­ման եւ ծնրադր­ման։
­Խա­ղա­ղու­թեան կե­նա­ցը եւս ան­պա­կաս է հայ­կա­կան սե­ղան­նե­րէն. հո­գիի խա­ղա­ղու­թիւն, ըն­տա­նի­քի խա­ղա­ղու­թիւն, հայ­րե­նի­քի խա­ղա­ղու­թիւն… Իսկ երբ խօս­քը խա­ղա­ղու­թեան եւ հայ­րե­նի­քին կը վե­րա­բե­րի, կա­րե­լի՞ է չյի­շել հայ զինուո­րը, սահ­մա­նա­պահ անձ­նուէր զինուո­րը։
­Վեր­ջին կե­նա­ցը՝ հիւ­րըն­կալ օ­ճա­խի կե­նա­ցը կ­’ըլ­լայ։ ­Կը յի­շո­ւին գեր­դաս­տա­նի բո­լոր յար­գար­ժան մար­դի­կը եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նո­ւի տան­տի­րու­հիին։
­Հայ­կա­կան կե­նաց­նե­րու ըն­թաց­քին հնչող բո­լոր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը, խրատ­նե­րը կը վկա­յեն հայ մար­դուն հո­գե­կան գե­ղեց­կու­թեան, ա­ռա­քի­նու­թեան, ըն­տա­նի­քի նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան եւ հիւ­րա­մե­ծա­րու­թեան մա­սին։
­Ցա­ւա­լի է, որ այ­սօր ան­հե­տաց­ման եզ­րին կը գտնո­ւին ժո­ղովր­դա­կան մտա­ծո­ղու­թիւնն ու աշ­խար­հա­յեա­ցը ար­տա­ցո­լող այս պարզ, բայց գե­ղե­ցիկ ու խո­րի­մաստ նմոյշ­նե­րը, ո­րոնք հայ բա­նա­հիւ­սու­թեան անկրկ­նե­լի գո­հար­ներն են։

­Լաւ կե­նաց ը­սե­լու 5 ոս­կի կա­նոն­նե­րը

­Կե­րու­խու­մի հայ­կա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րէն կե­նա­ցը ե­լոյ­թի տե­սակ է, որ կը զո­ւար­ճաց­նէ եւ հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ սե­ղա­նա­կից­նե­րուն։
­Տօ­նա­կան օ­րե­րու նա­խօ­րեա­կին ծա­նօ­թա­նանք կե­նաց ը­սե­լու 5 ոս­կի կա­նոն­նե­րուն.-
Երբ կե­նաց կ­’ը­սենք, մեր խօս­քը պէտք է ամ­փո­փէ ներ­կա­նե­րուն միտ­քե­րը, ցան­կու­թիւն­նե­րը, մաղ­թանք­ներն ու ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը։ Ա­նի­կա միայն մեր տե­սա­կէ­տը չէ, պէտք է որ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն սրտէն բխած ըլ­լայ։
­Կե­նաց ը­սո­ղը պէտք է կա­րե­նայ այն­պէս շա­րադ­րել միտ­քե­րը, որ յու­զէ լսող­նե­րը, որ­պէս­զի ա­նոնք ի­րենց զգա­ցում­նե­րը, ցան­կու­թիւն­ներն ու նպա­տակ­նե­րը տես­նեն ա­ւե­լի գե­ղե­ցիկ եւ ամ­բող­ջա­կան ձե­ւա­կեր­պու­մով։

* * *

­Կե­նաց ը­սե­լու ա­տեն պէտք է ու­շա­դիր ըլ­լանք, որ բո­լո­րին բա­ժակ­նե­րը լե­ցուն ըլ­լան եւ բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած ըլ­լայ մեր՝ կե­նաց ը­սո­ղին վրայ։

* * *

­Կե­նա­ցը նաեւ կրնանք ձե­ւա­կեր­պել պատ­մու­թեան կամ ա­ռա­կի ձե­ւով, միօ­րի­նա­կու­թե­նէ խու­սա­փե­լու հա­մար։

* * *

­Կե­նաց ը­սե­լու ա­տեն պէտք է բա­ռա­պա­շա­րի ընտ­րու­թիւն կա­տա­րենք, եր­բեմն նե­րա­ռե­լով խօ­սակ­ցա­կան բա­ռա­պա­շար, ա­ւե­լի մտեր­միկ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու հա­մար։ Ս­րամ­տու­թիւ­նը, գե­ղե­ցիկ մէջ­բե­րում­ներն ու հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րը կը հա­մե­մեն մեր խօս­քը։

* * *

­Կե­նա­ցը պէտք է ներ­կա­յաց­նենք եւ ոչ թէ ը­սենք։ ­Զայն ներ­կա­յաց­նենք զգաց­մուն­քա­յին, տրա­մա­բա­նա­կան շեշ­տով, հան­գիստ հնչա­կա­նու­թեամբ եւ բարձր ձայ­նով։
Ա­մե­նա­կա­րե­ւո­րը, կե­նա­ցը պէտք է ներ­կա­յաց­նենք ինք­նավս­տահ, մեր ը­սա­ծին հա­ւա­տա­լով, որ­պէս­զի լսող­նե­րը նոյն­պէս հա­ւա­տան։

Ա­մա­նո­րը հրաշք­նե­րու պահն է, մեր կե­նաց­նե­րով հրաշք­ներ մաղ­թենք մեր մտե­րիմ­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն, սի­րե­լի­նե­րուն, թող ա­նոնք ալ հա­ւա­տան հրաշք­նե­րուն եւ մեր հրա­շա­լի կե­նաց­նե­րուն։