National Geographic աշ­խար­հագ­րա­կան գի­տա­հան­րա­մատ­չե­լի ամ­սա­գի­րը ­Քա­րա­հունջ մե­ծա­քա­րա­յին հա­մա­լի­րը, զոր նաեւ կ’ա­նո­ւա­նեն «­Հայ­կա­կան Ս­թոուն­հենջ», ընդգր­կած է աշ­խար­հի հնա­գոյն աստ­ղա­դի­տա­րան­նե­րու ցու­ցա­կին մէջ: «­Սի­րիու­սը եւ Օ­րիո­նը կը փայ­լին խորհր­դա­ւոր ­Քա­րա­հուն­ջի լու­սա­ւո­րուած քա­րե­րուն վե­րե­ւը: Ան բաղ­կա­ցած է հա­րիւ­րա­ւոր ուղ­ղա­հա­յեաց քա­րե­րէ»,- գրած է թեր­թը:
­Քա­րա­հունջ կամ ­Զօ­րաց ­Քա­րե­րը կը գտնո­ւին ­Սի­սիան քա­ղա­քէն ոչ-հե­ռու` Ո­րո­տան գե­տի ­Դարբ վտա­կի ձո­րի ձախ ա­փին եւ բաղ­կա­ցած են մին­չեւ 10 թոն ու­նե­ցող ուղ­ղա­հա­յեաց քա­րե­րէ, ո­րոնք միա­սին կը կազ­մեն ընդ­հա­նուր կո­թող: ­Հա­մա­լի­րին 25 հեկ­տար մա­կե­րե­սին վրայ, ո­րոշ հա­մա­կար­գով, դա­սա­ւո­րո­ւած են ե­ռան­կիւ­նա­ձեւ քա­նի մը հսկա­յա­կան քա­րեր, ո­րոնց մէջ աստ­ղա­դի­տա­կի հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած յա­տուկ անց­քեր բա­ցո­ւած են:
Ըստ ո­րոշ հնա­գէտ­նե­րու՝ ­Քա­րա­հուն­ջը կը թո­ւագ­րո­ւի մեր թո­ւար­կու­թե­նէն ա­ռաջ եր­րորդ հա­զա­րա­մեա­կով, սա­կայն ո­մանք ալ կը կար­ծեն, որ հա­մա­լի­րը ա­ւե­լի հին է եւ հիմ­նուած է հին­գե­րորդ հա­զա­րա­մեա­կին: Այդ խորհրդա­ւոր քա­րէ շի­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­կա­դե­մի­կոս ­Պա­րիս ­Հե­րու­նի նա­խորդ դա­րու 90ա­կան­նե­րուն զգա­յա­ցունց վար­կած ա­ռաջ քա­շած էր` ա­նո­ւա­նե­լով հա­մա­լի­րը այդ ժա­մա­նակ յայտ­նա­բե­րո­ւած ա­մե­նա­հին աստ­ղա­դի­տա­րա­նը բո­լոր յայտ­նա­բե­րուած­նե­րուն մէջ: National Geographicի գլխա­ւոր ցու­ցա­կին մէջ յայտ­նո­ւած են նաեւ ­Մեք­սի­քա­յի ­Չա­քօ ­Քա­նեո­նը, փոր­թու­կա­լա­կան Ք­րոմ­լե­խը, յու­նա­կան ­Մե­թէո­րան, քե­նիա­կան ­Սի­պի­լօ ազ­գա­յին փար­քը, ի­րա­նա­կան Ա­լա­մուտ ամ­րո­ցը, աւստ­րա­լիա­կան Ու­լու­րու ­Քա­տա ­Տիւ­տա ազ­գա­յին փար­քը, ­Քա­լի­ֆոռնիոյ Օո­ւէնս ­Հո­վի­տը: