Եր­կու­շաբ­թի՝ 12 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գիր՝ ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նին եւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ­․ի Ս­կաու­տա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ՝ հա­մա­ձայն Ս­կաու­տա­կան ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­տե­սու­թեանց։ Ըստ հա­մա­ձայ­նա­գի­րին կը դա­սա­ւո­րո­ւի աշ­խա­տա­ձե­ւը ներ­կա­յիս գոր­ծող ու ա­պա­գա­յին հիմ­նո­ւե­լիք Հ․Մ․Ը․Մ­․ի Ս­կաու­տա­կան մաս­նա­ճիւղ­նե­րուն։
­Հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ստո­րագ­րե­ցին հե­տե­ւեալ­նե­րը․ ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նին կող­մէ՝ նա­խա­գա­հը եւ ընդ­հա­նուր պա­տաս­խա­նա­տուն.- ­Պա­րոն­ներ Խ­րիս­տոս ­Լի­ղե­րոս եւ ­Թէօ­տո­րոս ­Քե­ֆա­լաս։ Իսկ ­Յու­նաս­տա­նի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ­․ի կող­մէ՝ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Ս­կաու­տա­կան Շրջ․ ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ­ներ եղ­բայր ­Սար­գիս Ա­ղա­պա­տեան եւ քոյր Ակ­նէս ­Թո­քաթ­լեան-Ս­րա­պեան։
­Սոյն հան­դի­պու­մին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան, նաեւ, ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նէն պա­րոն­ներ ­Քաս­մի­րօղ­լու (փոխ-ա­տե­նա­պետ), Ն․ ­Խա­լիա­սոս (ընդհ․­քար­տու­ղար), Ն․Էւս­տա­թիու (մնա­յուն օգ­նա­կան վա­րիչ), Մ․­Գոս­դա­քոս (­Սա­րո­նի­քո­յի Շրջ․ Խմ­բա­պետ) եւ Թ․ ­Քա­րայ­լա­նի­դիս (­Սա­րո­նի­քո­յի օգ­նա­կան Շրջ․ Խմ­բա­պետ)։ Իսկ ­Յու­նաս­տա­նի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ­․ի Ս­կու­տա­կան ­Միու­թեան կող­մէ՝ Կ․­Ճա­նի­կեան (Շրջ․Վրչ․­փոխ-ա­տե­նա­պետ), Գ․Ա­լիա­նա­քեան (Շրջ․Վրչ­․ար­տու­ղար), Պ․­Մի­քա­յէ­լեան (Շրջ․խմ­բա­պետ), Սկտ․­Միու­թեան եւ Սկտ․ Շրջ․ ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ՝ եղ­բայր­ներ Յր․­Մա­նու­կեան եւ Խ․­Մի­նա­սեան։
­Յու­նաս­տա­նի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ­․ի Ս­կու­տա­կան ­Միու­թիւ­նը սկսաւ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը 1923ին։ Այդ թո­ւա­կա­նէն աս­դին, ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նը միշտ ա­ջակ­ցե­ցաւ ա­նոր գո­յա­տեւ­ման դժո­ւար աշ­խա­տան­քին՝ գոր­ծակ­ցե­լով գա­ղու­թիս եւ Հ․Մ․Ը․Մ­․ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն հետ։ ­Վե­րոն­շեալ հա­մա­ձայ­նագ­րով՝ ­Յու­նաս­տա­նի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ ­Միու­թիւ­նը ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նին լիա­զօր ան­դա­մը դար­ձաւ ու ա­նոր սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւղ­նե­րը յետ այ­սու վար­չա­կա­նօ­րէն մաս կը կազ­մեն ­Սա­րո­նի­քո­յի Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան ­Կազ­մին։ Ա­պա­գա­յին, ե­թէ հիմ­նո­ւին նոր մաս­նա­ճիւղ­ներ, ա­նոնք ալ կա­նո­նա­ւո­րա­պէս պի­տի հե­տե­ւին նոյն աշ­խա­տա­ձե­ւին եւ, կա­նո­նագ­րին հա­մա­ձայն, պի­տի ու­նե­նան հա­մա­հա­ւա­սար ի­րա­ւունք­ներ ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ։ Հ․Մ․Ը․Մ­․ի սկաուտ­նե­րը ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նան կրե­լու ­Խոս­տու­մի նշանն ու ­Հայ Ս­կաու­տու­թեան ազ­գա­յին փող­կա­պը, ինչ­պէս նաեւ թե­զա­նի­քի ժա­պա­ւէ­նը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ­․ի եր­կու մաս­նա­կի դպրոց­նե­րուն (Ա­րա­րա­տեան եւ Վ­կա­յեալ) նշան­նե­րը։
­Յու­նաս­տա­նի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ­․ի Ս­կաու­տա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թիւ­նը ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Ֆե­տե­րա­սիո­նին՝ տա­րի­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան, բա­րե­կա­մու­թեան եւ փո­խա­դարձ յար­գան­քի ա­պա­ցոյցն է։ Այս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ նոր էջ մը կը բա­ցո­ւի Ս­կաու­տա­կան ­Շար­ժու­մին պատ­մու­թեան մէջ։